ՆԱՐՕՏ ՔԸՅՄԱԶ
Մանկութենէս ի վեր յատուկ սէր մը ունիմ գրելու եւ կարդալու հանդէպ։ Մանաւանդ ալ մայրենի լեզուով։ Իմ մէջ այս յատուկ սէրին հաստատուիլը կը պարտիմ երեք անձերուն։ Առաջին կարգին կու գայ լուահոգի հայրս որ միշտ կ՚ուզէր լաւ Քրիստոնեայ եւ հայասէր անձ մը ըլլամ, տէր կանգնիմ իմ մայրենիիս, մշակոյթիս եւ փոխանցեմ սերունդէ սերունդ։ Երկրորդ կարգին կու գայ մայրս։ Ինքը հայերէն գրել ու կարդալ չէր գիտեր, միայն օրական խօսակցութեան ատեն գործածուելիք տասը, տասնըհինգ բառ գիտէր։ Երբ ես մանկապարտէզ յաճախելու սկսայ ինք ալ սկսաւ եկեղեցիի երթիքին տակ կայացող հայերէն լեզուի դասընթացքներուն։ Մենք մայր ու աղջիկ միասին ճանչցանք տառերը, միասին սկսանք վանկատել եւ յետոյ ալ կարդալ։ Մայրս իր քաջալերութեամբ է որ ինծի սորվեցուց մայրենիին, մայրենիով կարդալն ու գրելուն կարեւորութիւնը։ Իսկ երրորդ կարգին կու գայ Տիկին Մարի Տեղիրմենճեանը։ Այդ ժամանակ դրացի էինք իրարու։ Տարիներ շարունակ ես երբ օգնութեան պէտք ունեցայ ինքը միշտ պատրաստ եղաւ ինծի օգնելու։ Մօր գուրգուրանքով միշտ օգնեց, միշտ ճամբայ ցոյց տուաւ եւ եղաւ տիպար մը։ Շատ բան կը պարտիմ իրեն։
Ինչպէս յայտնած էի որ շատ կը սիրեմ գիրքերը, գիրքերու աշխարհ՝ գրականութիւնը անպայման։ Եթէ գտնեմ առիթը կ՚երթամ գիրքի գինեձօներուն, խօսակցութիւններուն, ստորագրութեան արարողութիւններուն։ 2012-ի Մարտ ամսուան տեղի ունեցած էր Բագրատ Էսդուքեանի «Հայ Հիքայելէր»՝ խորագրեալ գիրքի գինեձօնը։ Ես ալ սիրով մասնակցած էի։ Շատ հաճելի խօսակցութիւն մը տեղի ունեցած էր գիրքի եւ հայ գրականութեան մասին։ Խօսակցութեան աւարտին ալ Պրն. Բագրատը մակագրած էր գիրքերը։ Ինծի համար շատ մեծ հաճոյքներէն մէկն ալ գրադարանիս մէջ մակագրուած գիրքեր ունենալն է։ Պրն. Բագրատը մէկ, երկու նախադասութիւն գրած եւ մակագրած էր գիրքս։ Շատ հոգ կ՚ընէի թէ ի՞նչ գրած էր։ Գիրքը ձեռքս առած եւ շուտով սկսած էի կարդալու։ Գրած նախադասութիւնները հետեւեալն էին՝ «Նարօտը մեր յոյսն է, մեր ապագան, մեր երիտասարդ կերպարը։ Կասկած չունիմ որ ան ալ պիտի գրէ իր հէքեաթները՝ թող անոր պատմածները վառ վարդագոյն ըլլայ, մեզի մոխրագոյնը վիճակած էր»։ Շատ ուրախացած եւ հպարտացած էի գրածներով։ Իրեն մասին գրածները դժբախտաբար ճիշդ էին։ Իր հեքեաթներու նիւթերն էին՝ պատերազմ, աղքատութիւն, հայոց սեւ պատմութիւն եւայլն։ Մեր պատմութեան սեւ ամպերը մեր գրականութեան վրայ երկար ատեններէ ի վեր կը շարունակէին իրենց գոյութիւնը։ Ինք փափաքած էր որ իմ գրածներս վառ վարդագոյն ըլլային։
Ատեն ատեն գրեցի ես ալ կամ գրել փորձեցի։ Կարգ մը գրածներս վառ վարդագոյն ոճ մը ունեցան, իսկ կարգ մը գրածներս ալ սեփսեւ։ Պրն. Բագրատին գրածները միտքս եկան որովհետեւ քանի օրէ ի վեր օրակարգի լուրերու պատճառաւ մէջս սեւ ամպերով լեցուն է։ Կ՚ուզեմ շուտ մը կորսուին այդ ամպերը եւ արեւ ծագի, թէ իմ մէջ, թէ ազգիս վրայ, թէ Հայաստանի եւ թէ բոլոր աշխարհի վրայ։ Պրն. Բագրատին ըսածին պէս ալ մենք, մեր պատմութիւնը պէտք է լենայ ոչ թէ տխուր այլ երջանիկ պատմութիւններով, քանի որ դարերէ ի վեր միշտ կը լսենք, կը կարդանք ու կը գրենք ազգի սեւ պատմութեան եւ ճակատագրի մասին։ Այս դարու բոլոր մարդկութիւնը պէտք չէ այլեւս խորհի պատերազմի մասին եւ ոյժ ու ժամանակ վատնէ։ Յուսամ կարճ ժամանակէ կը լուծուին հարցերը եւ մենք մեր ապագայ սերունդներուն կրնանք փոխանցել վարդագոյն պատմութիւններ՝ խաղաղութեամբ, երջանկութեամբ, եղբայրասիրութեամբ լի, պատերազմներէ, անիրաւութիւններէ, տանջանքներէ հեռու։