Երբ պատերազմը կը շարունակուի ամբողջ սաստկութեամբ, անդին զանազան շրջանակներ կը փորձեն բանակցութիւններու միջոցաւ լուծում գտնել արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու համար։ Այսպէս Ազնաւուր Հիմնադրամի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուր ալ նամակով մը դիմած է ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին, որպէսզի ան սանձէ Թուրքիոյ ներգրաւումը արդէն իսկ մտահոգիչ փուլի մը հասած կռիւները կասեցնելու համար։
«Յարգելի՝ պարոն նախագահ, սիրելի՝ բարեկամ, հայ ժողովրդի հաւատարի՚մ աջակից։ Վերջին օրերը ցաւով ու խոր անհանգստութեամբ լի էին ողջ հայ ազգի համար։ Հայ ժողովուրդին դարձեալ վտանգ կը սպառնայ եւ ինչպէս 1915-ին, այսօր ալ ստիպուած է պայքար մղել իր գոյութեան համար։ Հայ դիրքապահները քաջաբար կը պահեն երկրի սահմանները, սակայն մարտերը թէժ են, եւ զոհերը՝ բազմաթիւ։ Ես եւս մէկ անգամ կը դիմեմ ձեզ՝ որպէս մի մարդ եւ առաջնորդ, որը չի վախնար ճշմարտութիւնը ըսել, եւ որուն համար մարդկային արժէքները գերակայ են։ Դուք այս ապացուցած էք ձեր ղեկավարման ողջ ընթացին։ Ձեր վերջին ելոյթներուն դուք եւս մէկ անգամ յիշեցուցիք հայերուն եւ աշխարհին, որ Հայաստանը մինակ չէ այդ դահիճներու դէմ յանդիման։ Դուք համարձակօրէն դատապարտեցիք Թուրքիոյ կեղծաւորութիւնը ու ցինիզմը եւ անոր մեղսակցութիւնը Պաքուի յանցագործութիւններուն։ Այս հակամարտութեան ընթացքին սուրիացի ճիհադիստներու՝ վարձկան-ահաբեկիչներու ներգրաւումը եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ այդ կառավարութիւններու անբարոյ ձեռագիրը եւ կը գուժէ ահաբեկչական սպառնալիքի մասին, որը Թուրքիոյ ձեռամբ կը հասնի Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի մատոյցներուն։ Պաքուն կը թիրախաւորէ խաղաղ բնակիչներուն եւ լրագրողներուն՝ օգտագործելով արգելուած զինամթերք, խախտելով միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքները։ Ձեր եւ ֆրանսացի ժողովրդի աջակցութիւնը անչափ կարեւոր է մեզ համար։ Կը խնդրեմ ձեզ գործուն քայլերուն դիմել՝ յանուն մեր ժողովուրդի փրկութեան - ճանաչելով Արցախի Հանրապետութիւնը որպէս ինքնիշխան պետութիւն, որը կը կարողանայ օգտուել միջազգային իրաւունքի դրոյթներէն, կը խնդրեմ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ՝ անոնց գործած յանցագործութիւններու համար, ինչպէս նաեւ ճնշում գործադրել ՄԱԿ-ի վրայ՝ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն վերահաստատելու մեխանիզմներ գործի դնելու նպատակով։ Ես կը հաւատամ ձեզ ու ձեր սկզբունքայնութեանը, լիայոյս եմ, որ մարդասիրական եւ ժողովրդավարական մեր արժեքները յաղթանակ կը տանեն բռնապետութեան ու ոճրագործութեան դէմ, որոնց շարժիչ ուժը ագահութիւնն է եւ իշխանութեան ծարաւը։ Հայաստանը քաղաքակրթութեան բերդամրոցն է, որը պէտք է պաշտպանել։
Նիքոլա Ազնաւուր «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր, հոգաբարձուներու խորհրդի նախագահ