Հայատեաց դրդումներով կատարուած իբրեւ թէ Ատրպէյճանի զօրակցելու ցոյցերը կը շարունակուին զանազան թաղերու մէջ։ Առաջին հերթին Գումգաբուի մէջ կատարուած այդ ինքնաշարժներով երթը որոշ մտահոգութիւն յառաջացուցած է նաեւ իշխանութեան շրջանակներու մօտ։ Հայատեաց ելոյթներով հանդէս եկողները, իսկ մտահոգութիւն յայտնած են կատարուածին դէմ, պնդելով որ կատարուածը Թուրքիոյ քաղաքացի հայերու ուղղեալ ատելութիւն մըն է, որուն կարելի չէ ձայնակցիլ։ Զանազան շրջանակներ եւ մամուլի որոշ գրիչներ դատապարտած են այս տեսակի ելոյթները, այդ բոլորը համարելով խուլիկանութիւն։ Սակայն ի դէմ հակազդեցութիւններու այս տեսակի բողոքի ցոյցերը շարունակուած են տարբեր թաղամասերու յատկապէս ալ հայաբնակ վայրերու մէջ։ Վերջին անգամ կառաշարը անցաւ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւէն, ուր զանազաններ իսկոյն նկարահանեցին եւ տարածեցին սոսցանցերու մէջ։