ՏԵԼԱԼ ՏԻՆՔ
Տարիներ առաջ էր ծանօթացած էի Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարին հետ։ «Հայ ըլլալու համար պարծանք կը զգա՞ս» հարցուցած էր։ «Ո՛չ» պատասխանեցի, «Մարդուս ծնած ցեղով, ազգութիւնով պարծենալը անիմաստ կը թուի։ Ես մանկութենէս այս կողմ թուրք ըլլալուն համար պարծանք զգացող մարդկանց հետ կ՚ապրիմ եւ գիտեմ թէ ինչ ահռելի հիւանդութիւն մըն է»։ Զգացի որ պատասխանս շատ ալ հաճելի չէր թուացած։
1990-ական թուականներուն Ղարաբաղեան պատերազմի բռնկած օրերն էին։ Մեր դպրոցի պատերուն գրառումներ եղած էր, ռումբի սպառնալիք մըն ալ վրան։ Դասընկերներուս ընտանիքներով կատարուած հեռախօսազրոյցները, տան մէջ տիրող փսփսուքները եւ մտավախութիւնը դրոշմուած են մտքիս մէջ։ Դպրոցը ապահով չէր եւ մեզ չէին ուղղարկած։
Քանի մը տարի անց Ղարաբաղի մէջ դարձեալ դէպքեր պատահեցան ու ես այդ տարիներուն երկրորդական վարժարանի աշակերտն էի։ Տունդարձի ճամբուն վրայ գնացքին վակոնին մէջ հայերը «սատկեցնելուն» բարիք ըլլալը տեղեկացնող գրութիւն մը կար։ Երբ հայեացքս շեղեցի այդ գրութենէն նոյն տողերը կարդացող մէկու մը հետ աչք աչքի եկանք։ Այդ պահուն վախցայ որ դպրոցի համազգեստէս պիտի հասկնան թէ հայ եմ։ Այդ վախ ու սարսափով տուն գացած էի։
Հիմա դարձեալ ղարաբաղի մէջ կռիւ կայ։ Աղջկանս հետ խաղալիք մը գնելու համար խանութ մը մտած ենք։ Հեռուստացոյցը լուրերու թողարկման պահուն կը գոռայ. «Հայեր՜ըըը», «Ցեղակիցներնուս կողքին ենք» կը պոռայ խօսնակը։ Հայաստանի եւ ՓՔՔ-ականներու համագործակցութենէն կը ճառէ։ Մանուկներու խաղալիկներուն մէջ այս բոլորը լսել… յաճախորդները մանուկներ եղած խանութի մը մէջ…։ Դժուարաւ դուրս ելայ։
Աստուծոյ սիրուն ի՞նչ է սա ցեղակիցի խնդիրը։ Դուք չէիք որ Թուրքիոյ հանրապետութեան սահմաններուն մէջ բնակողներուն բոլոր հաւասար կը կոչէիք։ Մենք հայերս ալ այդ ամբողջին մէջ չէի՞նք։ Ատրպէյճանցիները իմ ցեղակի՞ցն են։ Յանկարծ ամէն մարդ թուրք դարձան։ Հայրս «Եթէ ձեր բնութագրելով ես թուրք եմ, ուրեմն դուք ալ քիչ մը հայ էք» կ՚ըսէր։ Քիչ մը հայ, քիչ մը յոյն՞ քիչ մը քիւրտ, քիչ մը հրեայ ըլլալով է՞ որ Թուրքիոյ Արտ. Գործ. Նախարարը, Պաշտպանութեան Նախարարը, Հանրապետութեան Նախագահը, քաղաքապետները հին ու նոր կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ ցեղակիցի մասին յայտարարութիւններ կ՚ընեն։ Միթէ ձեր ըրածը անջատողականութիւն չէ՞։
Շուրջ բոլորիս հայերը տասը օրէ ի վեր հայատեաց ելոյթներ կը լսեն։ Իրականութեան մէջ խեղդամահ կ՚ըլլանք։ Կամաց կամաց, օր ըստ օրէ, ժամ առ ժամ կը խեղդուինք։ Ձեր ատելութենէն կը խեղդուինք։ Եթէ դիմակներուն արանքէն մի քիչ թթուածին կը շնչէինք ան ալ թունաւորեցիք։ Մեր բոլոր հաստատութիւնները շրջապատուած են ոստիկաններով։ Ինչպէս ալ գիտէք որ պէտք է պաշտպանէք։ Տեսաք որ գործը կրնայ ձեռք փոխել։ Աշխարհին խայտառակ չըլլալու համար կանխամիջոցներու կը դիմէք։ «Մեր հայերը անոնց նման չեն։ Մենք մերիններուն չենք ակնարկեր»։ Իրա՞ւ ըսիք։ Հապա անոնք ինչպէ՞ս մարդիկ են որ։ Անոնց ալ մեծամասնութիւնը այդ ձեր փառաբանած հպատակներդ չէին։ Ներողութիւն անոնք թուրի աւելցուկներ էին չէ՞։ Այդ թուրի աւելցուկներուն, մշեցի, սեբաստացի, մարաշցի տատիկներուն մեծագոյն մտահոգութիւնը իրենց թոռան ռազմաճակատէն վերադարձին հետ կապուած է։ Փոխանակ հին մղձաւանջները վերարտադրելու թէ ցեղակիցներնուդ եւ թէ հին հպատակներնուդ բարեկամութեան պատգամներ չէ՞իք կրնար տալ։
Ես ահռելի մղձաւանջներով կը տառապիմ։ Կեանքը կը պարգեւէ կ՚երեւի։ Բայց այս շաբաթուանը գերազանցեց բոլորը։ Զգուշացնեմ՝ բռնութիւն կը պարունակէ։ Շէնքի մը առջեւ բազմութիւն։ Կարծես յուղարկաւորութեան արարողութիւն մըն է։ Հօրս բարեկամները դրան առջեւ են։ Անոնց մէջէն անցնիլ կը ջանամ։ Կը նայիմ դէմքերուն, չի կրնար ըլլալ, հայրս շատոնց մեռաւ։ Բոլորին աչքերուն առջեւ սպանուեցաւ։ Յետոյ յանկարծ հօրս դագաղը կը տեսնեմ բազմութեան ձեռքը։ Ապա դիակը հանեցին դագաղէն ու գլխատեցին։ Ահռելի արիւն հոսեցաւ։ Բայց հայրս վաղուց սպաննած էին։ Ի՞նչպէս կրնար արիւնիլ։ Հօրս գլուխը ձողի մը անցնելով սկսան շրջիլ։ Ազանի ձայնով արթնցայ՝ շնչասպառ։ Պահ մը մտածեցի արդեօք աղօթեմ։ Իմ ու անոնց Աստուածը կը լսէ ձայնս։ Կրնա՞յ վերջ տալ այս ատելութեան։
Հայաստանցիներու համար շատ կը վախնամ։ Արդեօք անոնց համար ալ վախնալս խոստովանելէ վախնալու եմ։ Ազգականներ ունիմ այնտեղ։ Սիրածս մարդիկ։ Ինչպէ՞ս հաւատացնեմ ձեզի, որ բարի մարդիկ են։ Ես ատրպէյճանցիներուն վատ կամ գէշ ըլլալը չեմ մտածած։ Հապա դուք ինչո՞ւ իմիններս այսպէս կ՚ատէք։
Հօրս մահէն ետք ցաւակցութեան համար շաբաթներ շարունակ այցելուներ ունեցանք։ Համալսարանէն մտերիմ մէկ ընկերըս բաւականին ուշ այցելեց։ Ապա բացատրեց. «Տելալ չհամարձակեցայ մօտդ գալու։ Վախցայ որ հայրդ թուրքերը սպաննեցին ըսելով անգամ մըն ալ թուրք ընկեր մը, զիս տեսնել չես ուզեր»։ Խոշոր բացի թեւերս ու ամուր սեղմեցի զինք կրծքիս։ «Ես առանց թուրք ընկերոջս չեմ կրնար ապրիլ» ըսի։ «Հապա դուք առանց հայ ընկերոջ պիտի կրնա՞ք ապրիլ»։
Ճիշդ է չեմ պարծենար հայ ծնելով։ Ըստ ինձ ոչ ոք պատկանած ցեղով պէտք չէ պարծենայ։ Բայց ես ժողովուրդիս ստեղծագործութեամբ, արուեստով, գիտութիւնով, խոհանոցով, ճարտարապետութեամբ, քարտաշութեամբ, արհեստաւորութեամբ պարծանք կը զգամ։ Կ՚ուզեմ որ յարատեւ ըլլայ անոր մշակոյթը։ Արտադրէ ու համաշխարհային քաղաքակրթութեան նպաստէ։ Ափսոս որ մարդկութիւնը ազգային պետութեան սահմանումէն դուրս մշակոյթը յարատեւ դարձնելու եղանակը դեռ չէ յայտնաբերած։ Պատերազմի ընթացքը ծաւալելու եւ Ղարաբաղի հարցը գերազանցելու յատկութիւն ունի։ Ազատ ու անկախ Հայաստան մը կը ցանկամ։ Նաեւ կը ցանկամ ազատ ու անկախ Ատրպէյճան մը։ Այդ երկուքը միասին ցանկանալը դժուար չէ ինծի համար։ Բայց այդ ցանկութիւնը Թուրքիոյ համար շատ դժուար է։ Ինչ մեծ հիասթափութիւն։ Մինչդեռ փոխանակ թրքապաշտ կամ օսմանցի ըլլալու ձգտելու բանար երկու թեւերը դէպի երկու հարեւաններուն եւ գոչէր՝ «Եկէք լուծենք սա խնդիրը» ըսելով, ո՞վ կը կորսնցնէր։