ՔԷՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ
«Խաղաղութիւն երկրի, խաղաղութիւն աշխարհի» բնաբանը վաղուց
լքեցինք։ Այն զօրավարը որ այս սկզբունքը որդեգրած էր, կամ վախկոտ էր կամ ալ պատերազմին օգուտները չէր գիտեր։
Ժամանակը փոխուեցաւ, այլեւս մեր դրացիները միշտ սխալ են, եւ մենք ճիշդ։ Անոնք հակառակ ուղղութեամբ կ՚երթան եւ մենք ուղիղ։ Մենք մեզի չենք հարցներ թէ արդեօք մե՞նք ենք որ «հակառակ կողմէն մտած ենք մայրուղի»։
Մեր ամէն դրացիին կը միջամտենք, ամէն դրացիի խելք կու տանք։ Ամէն դրացիի կը քարկոծենք։ Դրացիները իրարու դէմ կը քրքրենք։ Անոնց իրարու միջեւ ունեցած կռիւներուն դիմաց կամ կը ծիծաղինք կամ «Օխ ըլլան» կ՚ըսենք։ Մեր նախահայրերը ըսեր են «մի խնդար դրացիիդ վրայ, գլխուդ կու գայ»։ Մենք կը խօսինք մեր դրացիին տունը մտնել, մեր դրօշը տնկել եւ տունը գլխուն վրայ քանդելու մասին։
Քանի շարունակենք դրացիներու հետ կռուիլ, մեր բարօրութիւնը չ՚աւելնար, կը պակսի։ Քանի կը կռուինք մեր դրացիներու հետ մենք մեզ անհանգիստ եւ առանձին կը զգանք։ «Թուրքը թուրքէն ուրիշ բարեկամ չ՚ունի» կ՚ըսենք։ Ազգ մը իրմէ ուրիշ բարեկամ չ՚ունենա՞ր, մարդս իրմէ զատ բարեկամ չ՚ունենա՞ր։
Մեր դրացի եւ եղբայր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սովետական շրջանէ մնացած անհամաձայնութիւնները հրահրեցինք։ Կրօնական եւ ցեղային խտրութիւններն ալ քրքրեցինք։ Խնդիրը թուրք-հայ, քրիստոնեայ-մահմետական պատերազմի վերածեցինք։ Հիմայ մեր դրացիները կը պատերազմին՝, մենք կը ծափահարենք։ Մեռնողներուն, այրած-աւերուած տեղերուն թիւը կը մրցեցնենք։ Ֆութպոլի հանդիպում չէ ասիկա պատերազմ է։ Նետուածը կօլ չէ ռումբ է։
Մեռնողներուն ցաւը զիս ալ կ՚այրէ։ Դանակի վէրքը կը սպիանայ լեզուի վէրքը ոչ։ Մեր դրացիներուն մեզի դէմ ունեցած վստահութիւնը կ՚ոչնչացնենք։ Վարձակալ չենք, ամէն դրացի մեզի նման տանուտէր է։ Այսօրուան աւերներուն վնասը մեր զաւակները պիտի կրեն։
Քանի կ՚առանձնանանք այնքան անվստահ կը դառնանք եւ անվերջ կը զինուինք։ Զէնքի տրամադրուած դրամը գործ կամ հաց չ՚արտադրեր։ Մեր պարտքերը կը բարդուին, մեր երիտասարդները անգործ եւ անյոյս կը մնան։
Սխալիլը ազատ է, բայց սխալը քննադատելը յանցանք։ Մեր զաւակները դէպի պատերազմ եւ մահ ղրկելը ազատ է, բայց պատերազմի դէմ ըլլալ եւ խաղաղութիւն ուզելը յանցանք։ Մեր դրացիներուն վրայ յարձակիլ,
հայհոյել, վարկաբեկելը ազատ՝, մեր դրացիներուն հետ խաղաղօրէն, բարեկամաբար ապրիլ ուզելը յանցանք։
«Ապտի Իփէքչի Թուրք Բարեկամութեան եւ Խաղաղութեան» մրցանակակիր գրող մը ըլլալով, երկիրս, ժողովուրդս, դրացիներս սիրելով կը ցանկամ որ մեր դրացի եւ եղբայր Ատրպէյճան-Հայաստանի միջեւ պատերազմը դադրի, Թուրքիա այս պատերազմին միջամուխ ըլլալէ ետ կենայ։ Կը խնդրեմ որ այս երկու երկրի միջեւ եղած անհամաձայնութիւնը բանակցութեամբ լուծուի։