Նման բնոյթով Խորհրդարանի ամպիոնէն ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ իր կարգին քննադատեց գւ դատապարտեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն այս հակամարտութեան կողմ ըլլալու ցանկութիւնը։ «Երբ արար աշխարհ պատգամներ կը փոխանցէ առկայ տարակարծութեան խաղաղ միջոցներով վերացումը ապահովելու համար Թուրքիա կ՚ուզէ բենզին լցնել կրակին վրայ» ըսաւ Կարօ Փայլան։
Միւս կողմէ միջազգային շրջանակներ անընդհատ կոչ կ՚ընեն կողմերուն բանակցութեան սեղան վերադառնալու մասին։ Անշուշտ որ բաւական ծիծաղելի կը թուի միջազգային հասարակութեան այդ կոչը, երբ կողմերու միջեւ որոշ հաւասարութիւն պահելով կը կատարուի։ Այստեղ անգամ մը եւս ականատես կ՚ըլլանք «Դիւանագիտութիւն» կոչուած խաբկանքին վրայ։ Հայաստան ինչպէ՞ս ետ կանգնի զինեալ պաշտպանութենէ, երբ հակառակորդը իր բոլոր մարտական միջոցներով ձեռնարկած է յարձակումի մը։ Ուրեմն բանակցութիւններու կոչը պէտք է ուղղուած ըլլայ ոչ թէ կողմերուն հաւասարապէս, այլ նախ եւ առաջ մեղադրել ու դատապարտել նախայարձակը։
Այս մասին Ալիեւ նախապայման դրաւ Ղարաբաղի վերադարձը, եւ ըսաւ որ մինչեւ այդ պահը պիտի շարունակէ պայքարիլ, ազատագրելու համար իր հողերը։ Միւս կողմէ վարչապետ Բաշինեան ալ իր կարգին մերժեց Բութինի միջնորդութիւնը։
ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ մը գումարեց խնդրին խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով։