Պատերազմը իսկապէս ալ Թուրքիոյ միջամտութեամբ ստացաւ բոլորովին տարբեր բնոյթ եւ դուրս գալով լոկ հայ-ատրպէյճանական տարակարծութեան մը սահմանումէն, վերածուեցաւ պատմական հաշուեյարդարի մը հայոց եւ թուրքերու միջեւ։ Նման հոգեբանութիւնը իր արձագանգը կ՚ունենայ նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Երկուշաբթի օր Ատրպէյճանական դրօշակներով ծածկուած ինքնաշարժներու կարասիւն մը երթ կատարեցին Պատրիարքարանի փողոցէն ընդմիշտ սիկնալ տալով եւ վանկարկումներով։ Ապա այդ տեսանիւթը տեղադրուեցաւ սոցցանցերու մէջ, ուր պատճառ դարձաւ բուռն հակազդեցութիւններու։ Երկրի գրաւոր մամուլն ալ քննադատեց այդ երթը յատկապէս մտահոգութիւն յայտնելով Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներու կեանքի վտանգուելուն դէմ։ Իսկապէս ալ անցեալի օրինակները կ՚արդարացնեն այդ մտահոգութիւնները, քանի որ Թուրքիոյ մէջ բացառուած երեւոյթ մը չէ երկրէ դուրս տեղի ունեցող անցուդարձներու համար հաշիւ լուծել քաղաքացիներէն։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը վերջին բախումներու մասին յայտարարութիւն մը ընելով փառաբանեց Հաւաքականութեան մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը։