Երկրէ ներս մտահոգիչ երեւոյթներու կողքին իշխանութիւնը միջազգային գետնի վրայ ալ կ՚ապրի անսպասելի դժուարութիւններ։ Իրականութեան մէջ խնդիրներու ողջմտութեամբ մերձեցումով կարելի է տեսնել գործադրուող ռազմավարութեան ձախողութիւնները։ Էրտողանի կառավարութիւնը ժողովուրդը ոգեւորելու եւ իր կողքին համախմբելու համար կը սիրէ անզիջող երեւալ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ եւս։ Նախորդ շաբաթավերջին այս սրուած քաղաքականութիւնը հասած էր շատ վտանգաւոր փուլի մը ուր չէր բացառուեր հակադրուած երկիրներու ռազմանաւերուն միջեւ բախումի մը հաւանականութիւնը։ Այդ լարուածութեան վրայ եկաւ ԵՄ-ի յայտարարութիւնը, որ բացարձակ զօրակցութիւն կը խոստանար իր զոյգ դաշնակիցներուն՝ Յունասիանի եւ Կիպրոսի։ Հազիւ այդ հանգրուանէ ետք է, որ Թուրքիա որոշ չափով հրաժարեցաւ իր սպառնական քաղաքականութենէն եւ յայտարարեց որ նախապատուութիւն պիտի տրուի դիւանագիտական բանակցութիւններուն, որպէսզի խնդիրը լուծուի խաղաղ պայմաններով։ Միւս կողմէ Միջերկրականի մէջ մի այլ արկածախնդրութիւն է Լիպիոյ մատնուած քաղաքացիական պատերազմին կողմ ըլլալ։ Էրտողան առանց վարանումի որդեգրած էր այդ կռիւին կողմ ըլլալ ի նպաստ իրեն համար այնքան հարազատ թուացող «Իհուանը Մուսլումին» կազմակերպութեան։ Սակայն ի դէմ Էրտողանի ջանքերուն այնտեղ եւս նախապատուութիւն ստացաւ խնդիրը բանակցութիւններու միջոցաւ լուծելու եղանակը։
Թուրքիա իր հաշուին պայքարող ճիհատականներէ գումարտակներ ղրկած էր Լիպիա։ Իսկ հիմա տեսնելով թէ Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքի ահաբեկիչներէն մաքրագործուելու գործողութիւնները եւ թէ Լիպիոյ մէջ դէպի բանակցութիւններ ուղղուող քաղաքականութիւնը, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Զոհրապ Մնացականեանի պնդումով այդ ճիհատականները կը փոխադրէ Ատրպէյճան։
Մնացականեանի ելոյթին դիմաց լռութիւն պահող Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը կարծես այս պնդումին իբր պատասխան կը պնդէ թէ Ղարապաղի մէջ կան մեծ թիւով ՓՔՔ-ականներ։