Հրանդ Տինք Հիմնարկի եւ փաստաբաններուն ուղղեալ մահուան սպառնալիքներու դատավարութիւնը սկսաւ։ Իսթանպուլի 56-րդ Հիմանական Պատժական Ատեանի նիստին Ֆեդհիյէ Չեթինը պաշտպանելու համար Տենիզ Թունա Տինք եւ փաստաբաններ Սեպուհ Ասլանկիլ ու Ֆաթմա Սաղլամ ներկայ գտնուեցան։ Մեղադրեալներն ալ պաշտպանուեցան դատարանի կողմէ նշանակուած փաստաբանի մը կողմէ։ Մեղդրեալներ Հիւսէյին Աթէշ եւ Էրսին Պաշքան նիստին մասնակցեցան տեսալսողական դրութեամբ։ երկուքն ալ յայտնեցին թէ իրենց ղրկած գրառումները հակազդեցութիւն մըն էին։ Հիւսէյին Աթէշ յայտնեց թէ Ղարաբաղի հետ առնչուած վիտէօներ դիտելէ ետք զանգահարած է Հրանդ Տինք Հիմնարկին, բայց ոչ ոք պատասխանած է իրեն։ Ան նաեւ յայտնեց թէ հոգեբուժական դեղեր կ՚օգտագործէ։ Երկու մեղադրեալներ ազատութիւն պահանջեցին։ Նիստի աւարտին երկու մեղադրեալներն ալ ազատ արձակուեցան։ Էրսին Պաշքան կը մեղադրուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահի, հայոց եւ Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութեան դէմ գրառումներով։
Լուսանկար Պերճ Արապեան