ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ
Արտակարգ ցուրտ էր այսօր։ Անընդհատ ձիւն կը տեղար։ տեսախցիկի ոսպնեակը յաճախ կը շոգիանար, բայց ես անընդհատ կը նկարէի։ 2010 թուականն էր։ Իսթանպուլ փոխադրուելէս քանի մը ամիս առաջ։ Հրանդի յիշատակման միջոցառումն է։ Սկիզբները բաւականին դժուարացած էի։ Երբեմն ինքզինքս փորձառու, շուրջ բոլորի անցուդարձերը հասկցող ըլլալով խորհիլ կ՚ուզեմ, բայց յաճախ կը սխալիմ։ Կանուխէն ժամանած էի միջոցառման կայանալիք վայրը։ Կամաւորները ճիշդ միջոցառման կայանալիք կէտին բազմութեան ներխուժելը կանխելու համար շրջանակ մը կազմած էին։ Փորձեցի անոնց հետ խօսիլ եւ շրջանակէն ներս թափանցել։ Զարմանալով տեսայ որ հայերէն չէին իմանար։ Շատերը կամ քուրտ էին կամ ալ թուրք։ Իմ գիտոսիկ կանխակարծիքներս անգամ մը եւս սնանկացած էին։ Չեմ գիտեր ուրկէ կու գար այդ համոզումը, բայց կը կարծէի թէ այդտեղ մեծամասնութիիւնը հայերը պէտք էր ըլլային։ Ինչ որ է վերջապէս անգլերէն իմացող մէկու մը պարզեցի նպատակս եւ ան ալ արտօնեց, որ շրջանակէն ներս անցնիմ։ Ծանօթ դէմք մը չկար այդ տեղ։ միայն Ռաքէլ Տինքը լուրերէն կը ճանչնայի։ Այդ օր նախզգացումներու հետեւելով ահագին լուսանկարներ առի։ Տարիներ անց «Ակօս»ի մէջ աշխատիլ սկսելէ ետք արխիւիս մէջ պահուած այդ լուսանկարին կրկին նայեցայ։ Ահագին ծանօթ դէմքեր կային։ Ոմանց հետ ծանօթացած, նոյնիսկ գործընկեր դարձած էինք։ Այս նկարին մէջ ինքն ալ կայ ձախին կանգնած է՝ մեր սիրելի Պարոն Սերովբեանը։ Բազմութեան մէջ նկատած էի զինք։ Յաղթանդամ մարդ մը։ Խմբով շէնքէն դուրս եկած ատեն բոլորն ալ յարգանքով բարեւած էին զինք։ Այդ ժամանակ չէի գիտեր թէ ով է։ Յետոյ «Ակօս» աշխատած տարիներուս իմ ամենասիրելիներէն մէկը դարձաւ։ Շատ չէինք խօսեր իրարու հետ։ Աշխատանքի միջոցին շատ լուրջ տպաւութիւն մը կը թողուր ու չէի համարձակեր մօտենալու։ Բայց շատ լսած եմ անոր այլոց հետ զրոյցները։ Զինք այդ զրոյցներով ճանչցայ աւելի շատ։ Իսկ երբ ուրախ տրամադրութիւնով լեցուն էր կը յայտնուէր անոր կատակասէր բնաւորութիւնը։ Յատկապէս ալ կը սիրէր անունիս հետ ծիծաղել։ «Ուրկէ հնարած ես այս տարօրինակ Պերկէ անունը։ Փոխէ, Պերկէ ըլլալով հայու անուն մը չկայ»։
Ամէն առիթով կը լուսանկարէի զինք։ Սկիզբները աշխատութիւնը կը խանգարեմ, անհանգիստ կ՚ընեմի մտավախութիւնը ունէի։ Բայց ապա հանգստացայ։ Աշխատանքի պահուն կամ պատշգամբը նստած ժամանակ կը մօտենայի եւ առանց զիս նկատելու կը նկարէի իր բնական կեցուածքով։ Շատ տպաւորուած եմ Հայոց պատմութեան մասին անհուն գիտելիքներէն։ Իրմէ սորվեցայ որ մարդ ինքզինք ճանչնալու համար նախ պէտք է հետաքրքրուի իր արմատներով։ Իմ «Ակօս»ի աշխատութենէն առաջ լսած էի, թէ հայոց պատմութեան ոտնահետքերով խումբերու կ՚առաջնորդէ պատմական Հայաստանի տարածքներուն։ Ափսոս որ չէի մասնակցած այդ շրջագայութիւններէն մէկուն։ Սակայն Աղթամարի մէջ կողք կողքի կրցանք ըլլալ։ Իբրեւ լուսանկարիչ առանձին գացած էի Վան։ Հիւրանոցներու մէջ տեղ չգտած ու մէջտեղը մնացած էի. «Իմ սենեակս տեղ կայ, եկուր հոն կը մնաս» ըսաւ։ Անշուշտ ընդունեցի։ Վանի մէջ շատ ընդարձակ միջավայր ունէր։ Բոլորն ալ «Պարոն» կը կոչէին իրեն։ Նոյն սենեակը բաժնած այդ երկու օրերու ընթացքին թէ պատմութեան եւ թէ զանազան ժողովուրդներու խոհանոցի մշակոյթին հետ առնչուած ահագին բան պատմած էր։
Սակայն այդ օրերէն յիշողութեանս մէջ դրոշմուածը հիւրանոցի այդ առաջին գիշերն է։ Յոգնած էր։ Երկար լուացուեցաւ ցնցուղին տակ։ Յետոյ սպիտակ անձեռոց մը փաթթուած եկաւ նստաւ դիմացս եւ այդ նշանաւոր ծխախոտներէն մէկը վառեց։ Բնաւ չխօսեցանք։ Գիտէի թէ անձայնութեան կարիք ունի։ Այդ 10-15 վայրկեաններու ընթացքին ով գիտէ քանի քանի անգամներ մտաբերեցի զինք այդ վիճակով լուսանկարել բայց չհամարձակեցայ, թէ նոր ծանօթացած էինք եւ թէ թերեւս այդ կերպարանքով նկարուելէն պիտի չախորժէր։ Պահը թէեւ բոլոր մանրամասնութիւններով յիշողութեանս մէջ դրոշմուած է, բայց մինչեւ այսօր կը զղջամ այդ պահը լուսանկարած չըլլալուս համար։ Ներքուստ գիտեմ թէ եթէ արտօնութիւն ուզէի պիտի չառարկէր, պիտի հասկնար իմ յուզումը։