ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
Երբ 1917-ին բռնկուեց Փետրուարեան յեղափոխութիւնը, Ցարի բանակը հասած էր Սուշեհրի գաւառի մօտակայքը։ Աւելի ներքեւ արդէն Տէրսիմի մօտերն էին։ Տրապիզոնը վաղուց գրաւուած էր 1916-ի Ապրիլին։
«Փրկիչ»ի դերը ստանձնած ռուսական կայսրութիւնը իրենց սպառնալիք մը ըլլալով տեսած հայ կամաւորներու ջոկատները ցրուած էր եւ Իտտիհատական կառավարութեան հայաթափ ըրած տարածներուն սկսած էր Տօննայի Ղազախները բնակեցնել։
Այդ ճակատի վրայ թուրքերը յաղթանակ մը չեն արձանագրած։ 1917-ի յեղափոխութեան շրջանին ռուսական արշաւիչ միաւումներու ետդարձով քաղաքները իբրեւ թէ փրկուած եղան։
1917-ի յեղափոխութիւնը առիթ համարող ռազմատենչ Գերմանիա հասած էր Մոսկուայի մօտակայքը։ Միւս կողմէն ծագած էր ներքին պատերազմը։ Պոլշեւիկեան կառավարութիւնը այդ պայմաններու տակ հարկադրուեցաւ Պրեսդ-Լիթովսք-ի համաձայնութիւնը ստորագրելու 1918-ին։ Առիթէն օգտուելով Իտտահատական կառավարութիւնը որպէս Գերմանիոյ զինակից ստացաւ Կարս, Արտահան եւ Պաթումը։ Այսինքն այս քաղաքներն ալ դիւրութեամբ ձեռքբերուեցան իտտիհատականներու կողմէ։ Անոնց յարձակողական եւ արշաւիչ փափաքները Գերմանեան ալ չէր կրցած սանձել։ 15 Սեպտեմբեր 1918-ին 26 կոմիսարները անգլիացիներու կողմէ սպիտակներուն յանձնուած Պաքուի կոմիւնը Էնվեր փաշայի եղբօր Նուրի Քըլլըկիլի եւ հօրեղբօր Հալիլ Քութի հրամնատարութեամբ Իսլամի Արեւելեան Բանակի կողմէ գրաւուած էր։
Նոյն Սեպտեմբերին անգլիացիներ Հալէպ մտած էին եւ Մուսթաֆա Քեմալ հրաժեշտ առած էր նշանաւոր «Պարոն Հոթել»էն։ Անոր փոխարէն Հիճազը հրկիզող Լաուրենս տեղափոխուած էր համար 202 սենեակը։
1918-ին ծագած Գերմանական յեղափոխութիւնը, երբ կարգազուրկ կ՚ընէր Քայզերը Պրեսդ- Լիթովսքի համաձայնութիւնն ալ ինքնաբերաբար վերացած կ՚ըլլար։ Թրքական կառավարութիւնը այդ առիթէն ալ օգտուեցաւ գրաւեալ պահելով Կարսը եւ Արտահանը։
Իսկ Պոլշեւիկ կառավարութիւնը ի՞նչ որոշում կայացուցած էր Օսմանեան երկրի մէջ տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդի համար։ Ահա թարգմանաբար կը ներկայացնեմ. «Ռուս կոմիսարներու խորհուրդը հայ ժողովուրդին կը յայտնէ թէ Ռուս Բանուորներու եւ Գիւղացիներու Կառավարութիւնը կը զօրակցի Թրքական Հայաստանի գրաւուած հողերուն վրայ հայոց իրաւունքները կը յայտարարէ ճանչնալ ներառեալ անկախութիւն անոնց բոլոր իրաունքները։
Կոմիսարներու Խորհուրդը կ՚երաշխաւորէ ներքեւի պայմաններուն իրականացումը.
Ա) Ռուսական բանակին Թուրքիայէն հեռացումով թրքահայոց իրաւունքները պաշտպանելու համար քաղաքացիական բանակի մը կազմութիւնը։
Բ) Տարբեր երկիրներ ցրուած հայ գաղթականներու Հայաստան վերադարձի ապահովումը։
Գ) Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ բռնի կերպով աքսորուած հայոց վերադարձը։ Կոմիսարներու Խորհուրդը թրքական պատուիրակութեան հետ բանակցութիւններու ընթացքին պահանջատէր պիտի ըլլայ այս խնդիրով»։
Դ) Թրքական Հայաստանի մէջ ժամանակաւոր կառավարութեան մը կազմութիւնը։ Ժողովուրդի ներկայացուցիչները ժողովրդավար սկզբունքներով պիտի ընտրուին։ Ամբողբ Կովկասի մէջ արտակարգ լիազօրութիւններ ունեցող Կոմիսար Ստեփան Շահումեան թրքահայոց Բ եւ Գ յօդուածներու իրականացման եւ Ա յօդուածին մէջ նշուած ռուսական զօրքին վերադարձի թուականը եւ ճանապարը ճշդելու գործերը կարգադրող Խառն Յանձնախումբի կազմութեան պիտի նպաստէ։ Թուրքիոյ Հայաստանի սահմանները բանակցութիւններով ճշդելու պաշտօնը յանձնուած է Կոմիսար Շահումեանին»։
29 Սեպտեմբեր 1917/ 11 Յունուար 1918
Յ.Գ. Շահումեան չէ կրցած իրականացնել այս պաշտօնը, քանի որ 20 Սեպտեմբեր 1918-ին անգլացիներու ձեռամբ յանձնուած է Սպիտակներուն եւ անոնց կողմէ ալ գնդակահարուած։ Անոր եւ 25 կոմիսարներու յիշատակին Պաքուի մէջ կանգնած յուշարձանը 2009 թուականին փլուեցաւ Ալիեւ կրտսերի վարչութեան կողմէ։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ կը յաւեժանայ իր անունը ու յիշատակը։