Հայոց յատուկ աւանդական ասպարէզ մըն էր պղնձագործութիւնը։ Երբ նախորդ դարու երկրորդ կէսէն սկսալ պղինձը իբրեւ տնային անօթ վերանալ խոհանոցներէն, պղնձագործութիւնն ալ մտաւ մոռացութեան մատնուող արհեստներու շարքին։
Շնորհիւ պապենական արհեստը շարունակող նուիրեալներու, մարդկային պատմութեան մշակած հնագոյն մետաղը վերսին կ՚ապրի փառքի օրեր։ Այսպիսի արուեստագէտ մըն է Գարեգին Քալայճը, որուն ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին Սկիւտարի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կայացող փառաւոր ցուցահանդէսով մը։ Քաղաքապետարանի «Նեւմեքան» սրահին մէջ կայացող ցուցահանդէսին կարելի է հետեւիլ մինչեւ 18 Հոկտեմբեր։ Այս առթիւ հրատարակուած է գեղատիպ ալպոմ մը, որ կը ծանօթացնէ Գարեգին Քայա Քալայճըի գործերէն նմոյշներ։ Նշենք որ ան պղինձը մեծ վարպետութեամբ գործելու կողքին ունի ստեղծագործելու ձիրք, որու հետեւանքով կը ձեւաւորուին յարդարման զգլխեցուցիչ նմոյշներ։ Այդ առումով շատ հետաքրքրական օրինակ մը ըլլալով կը ներկայանայ Շաքիրին մզկիթը, որուն պատերը զարդարուած են Քալայճըի պղնձեայ նախշերով։
Գարեգին Քալայճը պղնձագործութեան կողքին կը զբաղի նաեւ սիլիքոն նիւթով սարքուած արձաններու շինութեամբ։ Ան անցեալին պատրաստած էր Քազազ Արթին Ամիրայի եւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի սիլիքոն արձանները, որոնք իրենց նոյնութեամբ զարմանք կը յառաջացնէին բոլոր տեսնողներուն։ Գարէգին Քալայճըի այս երկու գործերը տեղադրուած են Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի թանգարանը։