Այս տարի եւս կատարուեցաւ այլեւս աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնը։ Ս. Պատարագը կամատուցուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին՝ 6 Սեպտեմբեր 2020, Կիրակի առաւօտ։
Սահակ Բ. Պատրիարքի ճամբորդութեան կ՚ընկերակցէին Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, եւ Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ընկերակցութեամբ Ս. Պատարագի ընթացքին սպասարկելիք քահանայ հայրերու եւ սարկաւագներու, առաւօտ արդէն ժամանած էր Վան՝ հսկելու արարողութեան պատրաստութիւններուն։ Խումբին մաս կը կազմէին Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Բրշ. Սարկաւագներ Ռոպէր Քիւչիւքաքպուլութ, Էտվին Յարութիւն Կալիբեան, Արմենակ Գազանճեան, բրկ. կիսասարկաւագներ Արտա Փնարճը, Ղազար Սապունճու, Գրիգոր Էրքան Կարապետեան, դպիրներ Յովսէփ Գույումճուեան, Արթիւր Պաղտասարեան, Սէրճան Կազէրօղլու, Գրիգոր Թէրզեան նաեւ թէքնիք պատասխանատուներ Կարօ Վրամ Պապաեան, Ռաֆֆի Էթյէմէզ եւ Դանիէլ Տինչէր։
5 Սեպտեմբեր Շաբաթ օր Նորին Ամենապատուութիւնը կուսակալութեան պաշտօնարանին մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի կուսակալ՝ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզին։ Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանային Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, շնորհաւորեց զինք Պատրիարք ընրութեան առթիւ եւ կարողութիւն մաղթեց իր պաշտօնավարութեան մէջ։ Կուսակալը շեշտեց, թէ կարեւոր է, որ սոյն պատարագները անընդհատ շարունակուին։ Սրբազան Հայրն ալ իր կարգին նշեց թէ եկած է գլխաւորելու ծանօթ ուխտագնացութիւնը, որուն ընթացքին պարտականութիւն համարած է նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ընծայուած ընդունելութեան, եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, կուսակալին նուիրեց փայտեայ փորագրուած պտղաման մը։
Իսկ Վանի կուսակալը Նորին Սրբազնութեան նուիրեց յախճապակեայ պնակ մը։
Պատրիարք Հայրը նաեւ այցելեց Պաշքալէ գաւառակի մէջ (պատմական՝ Աղբակ) գտնուող Ս. Բարթողոմէոսի տաճարը, ուր ըստ աւանդութեան կը գտնուի Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալի նշխարները։ Տեղւոյն վրայ կատարուած ուխտի աղօթքէն ետք, Պատրիարք Սրբազանն ու ընկերակիցները անցան Սօրատէրի շրջանը, ուր թաղուած են Արծրունեաց Տոհմի անդամները եւ աղօթեցին տեղւոյն Ս. Էջմիածին մատրան մէջ, որ մեծաւ մասամբ կանգուն վիճակի մէջ կը գտնուի։
6 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի առաւօտեան ժամը 07.00-ին սպասարկողներու խումբը, առաջնորդութեամբ Լուսարարապետ հայր սուրբին, ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։
Ժամը 10.30-ին Կղզի հասաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հայրը եւ կատարուած Հրաշափառի արարողութեամբ մուտք գործեց պատմական տաճար եւ կատարեց կանոնական ուխտի աղօթքը։ Պէտք է ընդգծել, թէ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 1895 թուականէն ետք առաջին Աթոռակալն էր, որ Հրաշափառի արարողութեամբ, ցուպ ի ձեռին մուտք կը գործէր Աղթամարայ Կաթողիկոսութեան նստավայր՝ Ս. Խաչ Մայր Տաճար։
Դժբախտաբար համաճարակի պատճառով այս տարի ուխտաւորներ եւ ժողովուրդ ներկայ չգտնուեցան Ս. Պատարագի ընթացքին։ Այս պատճառով ալ բոլոր արարողութիւնը համացանցի վրայ կենդանի սփռուեցաւ։
Ս. Պատարագին ներկայ եղան Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզ եւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Պուրհան Էրսոյ եւ այլ պաշտօնական անձեր։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներուն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի թագաւորը, տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։
Ապա սրբազան հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները եւ ուխտագնացութիւնը։
Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները նոյն երեկոյեան վերադարձան Իսթանպուլ։