Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան նախկին համանախագահ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ բանտի մէջ հեղինակած բանաստեղծութեան հաւաքածոյով 1 Սեպտեմբե րին կը ներկայանայ գրասէր հասարակութեան։ «Փլելու Արժանի Պատերը» խորագրեալ գրքին մէջ, հեղինակը իրարու կը շաղկապէ Սիլոբի քաղաքի մէջ իր տան առջեւ սպաննուած եւ դիակը եօթը օր փւղւցը մնացած Թայպեթ մայրիկը, Սուրուճի մէջ սպաննուած 33 երիտասարդներուն եւ 10 Հոկտեմբերի զոհերուն ողբերգութիւնները։ Հրատարակիչ «Ճէյլան» հրատարակչութիւնը «թուիթրեան» գրառումով մը իր հրճուանքը կ՚արտայայտէ նման գործի մը լոյսընծայման առթիւ։
