Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ դէպի Միջին Արեւելքի պատերազմէն տուժած երկիրներուն օգնութեան գործընթացը։ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն ետք Հայաստան երեք ինքնաթիռներով մարդասիրական օգնութիւն փոխանցած էր Լիբանանին։ 24 Օգոստոս երկուշաբթի, այս անգամ բժշկական օգնութիւն առաքուած է Հալէպ։ Աւելի քան 2 թոն տարողութեամբ օգնութեան ծրարին մէջ կան բժշկական եւ առողջապահական իրեր։ Սուրիոյ իշխանութիւնները շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն, առողջապահական մարմիններուն, քանի սա առաջին անգամ չէ որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր դժուար պայմաններու տակ իսկ օգնութեան ձեռք կը մեկնէ Սուրիոյ։
Նշենք որ Սուրիոյ ուղղեալ մարդասիրական օգնութենէն բաժին կը հասնի նաեւ այս երկրի հայ հասարակութեան պատկանող հաստատութիւններուն։ Հայաստանի ցուցաբերած օգնութիւնը ալ աւելի նշանակութիւն կը ստանայ, երբ անդին բազմաթիւ երկիրներ կը բռնեն գոյացած պատերազմական իրավիճակէն օգտուելով իրենց ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը առաջացնել։