Ընկերային ցանցերու վրայ «հայութեան եւ հայ արմատներ ունենալու» վերաբերեալ գրութիւնները կարգ մը գրողներ դիտեցին իբրեւ մահմետականացուած հայերու մերժումը եւ հայ ինքնութեան չափանիշներ բերելու իմաստով։ Սոյն գրութիւնը կը միտի ապացուցել, թէ նման հակազդեցութիւնները հայութեան փորձէ մը աւելի հայ ինքնութեան պարզաբանումին շուրջ տիրող տարակարծութիւններու հետեւանք են։
ԺՊԻՏ ԱՐՍԵՆԵԱՆ
Ոչ աշխարհայեացս, ոչ ալ քաղաքական դիրքորոշումս կը յարմարէր հօրս հետ։ Բայց իմ հայ ինքնութիւնը ձեւաւորուեցաւ հօրս միջոցաւ։ Հայութիւնը լեզու է ինծի համար։ Հայերէն գիրքեր, բանաստեղծութիւններ, օրաթերթեր, երգեր վերջապէս լեզուի միջոցաւ հաղորդուած հայութիւն մը։
Իմ հայ ինքնութիւնը բնորոշող առաջին յատկութիւնն է անունս։ Հազուադիպօրէն քով քովի եկած հայերէնի երեք բաղաձայներ «ժպիտ» կը բացատրեն ու նաեւ կը կազմեն իմ անունը։ Թուրքիոյ պայմաններու տակ հայ ինքնութիւնը շատ անգամ դեր մըն է, որ նախ կը ներկայանայ իմ անձանունով։ Շեշտելով կ՚արտասանեմ «Ժպիտ»ը։ Դիմացս հարցական նայուածքով հասկնալ ջանացող անձը կը գոհացնեմ «Հայ եմ» ըսելով։ Այս պատասխանին ընկալումն ալ նոյնը չէ բոլորին մօտ։ Կան մակերեսային «Ո՜հ, հայ հարեւան մը ունէի եւ շատ կը սիրէի», կան անգիտակիցներ «Օտար է՞ք» հարցնող եւ կան ցեղապաշտներ «Քաւ լիցի» ըսողներ։ Այս երեք բաղաձայնով կրկին ու կրկին կը յիշեմ եւ ուրիշներուն ալ յուշելու պատճառ կ՚ըլլամ հայ ինքնութիւնս։
Ոմանց հայութեան առանցքը կրօնն է։ Եկեղեցիով կը բնութագրէ զինք։ Ոմանք դպրոցի տարիներով կամ դասընկերներով կը բնութագրէ հայութիւնը։ Ոմանց համար հայու ինքնութիւնը ցեղասպանութեան, ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ պայքարով կը ներկայանայ։
Ոմանք պարզապէս հայ կը ծնին։ հայ կ՚ապրին ու հայ կը մեռնին։ Առանց այդ մասին մտածելու մկրտութիւններու, պսակադրութիւններու կամ թաղումներու կը հետեւին։ Մերձաւորները կ՚այցելէ գերեզմանատան մէջ եւ կը տօնեն Զատկի կամ Ծնունդի տաղաւարները։ Լոկ գոյութիւն մըն է, գիտէ թէ հայ է եւ աւելին ընելու երբեք կարիք չէ զգացած։ Թէեւ անաստուած մըն եմ, սակայն ի յարգանս Անահիտի կը պահեմ Աստուածածնի խաղողի ծոմը։ Կը նախընտրեմ զաւակներս հայ անուններով կոչել եւ անոնց հետ հայերէնով շփուիլ։ Ես ալ սովորական հայ մըն եմ։ Արդէն աւելիին պարտակա՞ն եմ արդեօք։ Ցեղասպանութիւնը քնքուշ ոճով պատմելու, դիմացինս չխրտչեցնելու, ընդ միշտ յառաջդիմական քաղաքականութիւններու զօրակցելու, միշտ բարի ըլլալով հայերը բարի ցոյց տալու պարտաւո՞ր եմ։ Հասարակ հայ ըլլալու տարբեր երեւոյթներ ալ կան։ Թողենք հայութիւնը մարդկութեան դէմ պարտական զգացող, անիրաւութեան դէմ ձայն չբարձրացնող, նոյնիսկ անիրաւին զօրակցող հայեր ալ կան։ Ինչպէս Ռոպէր Քոփթաշ կը հարցնէր «Ժանգոտած խոշոր մանգաղը» գրութեան մէջ. «Ինչպէ՞ս կրնանք որոշել հայութեան որ մէկ եղանակին արժէքաւոր ըլլալուն»։ Չենք կրնար որոշել արդէն պէտք չէ ալ որոշենք։ Հայութեան այս տարբերակները մեր ինքնութենէն անկախաբար մեզ միացնող եւ հասարակութեան մը վերածող վիճակներ են։
Սակայն պահ մը կանգ առնենք։ Ռոպէր Քոփթաշի ակնարկած հայերը հասարակ հայերը չեն։ Ան իր գրութեան մէջ կը յիշէ ցեղասպանութենէն ազատուելու համար մահմետականացած հայոց թոռներուն կամ ծոռերուն իրենց նախնեաց արմատները որոնելու նիւթը։ Կ՚ըսէ թէ ոչ ոք իրաւունք ունի իր անցեալը աղիւս առ աղիւս հիւսելով ներկայացող մէկու մը «Դուն իբրեւ հայ չես կրնար խօսիլ» ըսելու։ Մինչդեռ այդ նախադասութիւններու մէջ Քոփթեշ ինքն է, որ «Արժանի հայութիւն մը» կը նկարագրէ։ Կը մեղադրէ խտրականութիւն ընող, ինքզինք վերի արտի ցորենը համարող, անիրաւութիւններուն դէմ խուլ ու վախկոտ, բայց իրմէ ցածր տեսածներուն դէմ խիստ յաւակնոտ «սպիտակ հայ»ու կերպարը։ Անոր փոխարէն կը կերտէ գործիչ, ձախակողմեան, քաջարի, գերզգայուն, վտանգներու դէմ անվախ, տուժածներու հետ կողք կողքի պայքարելու պատրաստ, պետութեան աչքին անպատեհ եւ ճիշդ ալ այդ պատճառաւ յառաջդիմական շրջանակներու համար աչքի լոյս հայու կերպար մը կը փառաբանէ։
Քսանական տարիքներուս ես նման որոնումներ ունէի համայնքէս ներս։ Կը հաւատայի թէ տուժած ըլլալը կը պահանջէ նաեւ գերզգայուն ըլլալ։ Համայնքը ինչո՞ւ համար չի յառաջանար։ Ինչո՞ւ համար արագօրէն չի համակերպիր արդի գաղափարներուն։ Ինչո՞ւ համար տակաւին կը շարունակէ ցեղային խտրականութեան։ Ինչո՞ւ համար կ՚իւրացնէ Քեմալական կարծրատիպերը։ Ինչո՞ւ համար այսքան կարեւորութիւնը կ՚ընծայէ կրօնքին։ Եւ տակաւին «Ինչո՞ւ»ներու երկար շարան մը կը զբաղեցնէր միտքս։ Չէի անդրադառնար որ այդ ինչո՞ւներու հետեւանքով նաեւ կ՚օտարանայի իմ ինքնութեան։ Եւ ապա յանկարծ հերոսդ կը տեսնես ամբողջ մանկութեանս անցած մայթին վրայ երեսնիվար պառկած եւ վրան թերթերով ծածկուած վիճակով։ Ես ո՞վ էի որ։ Իրմէ անկախ ձեւաւորուած թշնամութեան մը մէջ ծնելով պատեանին մէջ կծկուած համայնքի մը մատ թօթուեմ։
Լաւ բայց ո՞վ են այդ հայերը։ Լոկ այդպէս ծնած ըլլալուն համար քաղաքական դիրքորոշումը տոհմին կապելով փշրանքները միացնելով ինքնութիւն մը կառուցելու հոգը առանց ապրելու ներկայացող հասարակ հայերու «հասարակութեան» իրաւունքը պիտի բռնաբարուէ։ Ես ալ մէկ պիտի ըլլամ անոնց առօրեայ գոյատեւումը մերժելով եւ աշխոյժ ու գործընեայ հայ իրերու վերածելով։
Հարցնելու արժանի հարցումը հետեւեալն է. «Հայութիւնը լոկ արիւնով ու ցեղով բացատրելիք խնդիր մը՞ն է»։ Եկեղեցիներէ ներս պսակադրուած պահուն, կամ դպրոց արձանագրուած պահուն, թաղումներու ընթացքին տուփիկներու մէջ «Հայ կը զգայ» նշանակելով անցնելիք հոգեվիճա՞կ մըն է հայութիւնը։ Սփիւռքահայոց «թրքացած են» ըսելով արհամարհած Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետականութեան կողմէ գերավարուած, թերթերը սպառնալիքներու դէմ գոյատեւելու շարունակող, հետզհետէ նեղացող օղակի մը մէջ օր ըստ օրէ նուազող եւ հետեւաբար ընդմիշտ իր շուրջ պատեաններ հիւսող իրողութիւն մըն է Թուրքիոյ մէջ հայութիւնը։
Մենք դեռ կը շարունակենք մնալ կարմիր ժապաւէններով եզրուած «Դէպքի վայրը»։ Զուրկ ենք «Ցեղասպանութեան հատուցում», «Համալսարաններէ ներս հայոց վերապահուած տեղ», «Արեւմտահայերէնը պահպանելու համար Նախարարական օժանդակութեան» նման ռազմավարութիւններ ունենալէ։ Մահմետականացուած հայոց թոռները մկրտուելու, պսակուելու, զաւակներն մեր դպրոցներ արձանագրելու, տատերուն կամ պապերուն աճիւնները մեր գերեզմանատուները փոխադրելու ցանկութիւնով ներկայացած պահուն «Ձեր նախնիները մահմետականանալուն, դուք հայութիւնը մերժելուդ պատճառաւ, ձեզի չենք ընդունիր մեր համայնքէ ներս» ըսուած պահուն ես մահմետականացած հայերուն հետ կողք կողքի պիտի ըլլամ։ Սակայն ափսոս որ ներկայիս խնդիրը այս չէ։ Խնդիրը նոր «արժէքաւոր հայութեան» մը կառուցումն է։ Այդ կառուցումը քաղաքական հետեւանքներ պիտի ունենայ։
Սա իրողութիւն մըն է, որ մեր համայնքը լոկ հայ ինքնութեան այս քաղաքական մթնոլորտին մէջ, ոչ ալ այս երկրէ ներս յարատեւելու առիթ չունենալն է։ Քաջարի ձայներու եւ սկզբունք ունեցող հայերու ըրածներէն ներշնչուելու կարիքը ունինք։
Սակայն այդ չըլլալու, մեր վիշտերը հրապարակելը մերժելու եւ ինքնութիւննիս մուրճի մը նման ցցուած ամէն ինչի վրայ շպրտելուս պատճառաւ մեր իրողութիւնները եւ փորձառութիւնները կարելի չէ ուրանալ։ Հայութիւնը ներկայացում մը չէ, որ պիտի բեմադրուի ամենածանօթ կարծրատիպներով։ Հիմա խնդրեմ քիչ մըն ալ հատինկ մեր էական խնդիրներուն։