Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու բռնաբարման ամենացայտուն օրինակներէն մէկը ըլլալով կը ներկայանայ երկու երիտասարդ իրաւաբաններ՝ Էպրու Թիմթիք եւ Այթաչ Իւնսալի հացադուլը։
Թուրքիոյ միահեծան կառավարութեան պայմաններուն մէջ դատական համակարգը կորսնցուցած է իր անկախութիւնը եւ ամբողջովին ենթարկուած Նախագահ Էրտողանի հրահանգներուն։ Այսօր ոչ ոք կրնայ ապաւինիլ դատական համակարգի որոշումներու արդարութեան։ Նոյնիսկ մերթ ընդ մերթ, երբ պատահի Նախագահ Էրտողանի կարգին հակառակ որոշումներ այդ որոշումները գործադրութեան իսկ դնելու առիթ չգտած կը սրբագրուին մի այլ դատարանի որոշումով։ Այսպիսի օրինակ մըն էր Էպրու Թիմթիքի եւ Այթաչ Իւնսալի դատավարութիւնը, երբ զիրենք դատող դատակազմը որոշեց ազատ արձակել, անմիջապէս դատակազմը փոխուեցաւ եւ փոխարինող կազմը մեղադրեալներուն պաշտպանութիւնը իսկ լսելու կարիք չտեսնելով որոշեց երկարատեւ բանտարկութեան։ Այս անարդարութեան դէմ բողոքելով է, որ երկու երիտասարդ փաստաբաններ արդար դատուելու պահանջով դիմեցին հացադուլի։ Իրենց այս պահանջը անտեսուեցաւ բոլոր պետական մարմիններու կողմէ եւ հացադուլն ալ հասաւ խիստ վտանգաւոր հանգրուանին։ Սա պահուն վտանգուած երկու բաստաբաններու կեանքը (նոյնիսկ այս հանգրուանին եթէ վերջ տրուի հացադուլին) շատ հաւանական է, որ անցնող օրերու ընթացքին գոյացած վնասը անբուժելի հետքեր պիտի թողու իրենց մօտ։
Երկու երիտասարդ իրաւապաշտպաններու մղած պայքարը Թուրքիոյ մէջ չարժանանար պէտք եղած արձագանգին։ Սակայն այդ արձագանգը կը հասնի աշխարհի զանազան երկիրներէն մանաւանդ ալ այդ երկիրներու փաստաբաններու կաճառներէն։ Հասարակական կազմակերպութիւններն ալ կը փորձեն լսելի դարձնել Էպրու Թիմթիքի եւ Այթաչ Իւնսալի աղաղակը յարատեւ հերթապահութեան դիմելով անոնց գտնուած հիւանդանոցներու մուտքին։ Սակայն այս խաղաղ ցոյցն իսկ կը հանդիպի ոստիկաններու բռնի միջամտութեան եւ ամէն օր տասնեակ անձեր բերման կ՚ենթարկուին ոստիկաններուն կողմէ։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ կոչ կ՚ուղղեն հասարակութեան երկու երիտասարդ գործիչներու այս պայքարը լսելի դարձնելու համար։ Անոնք իրենց հրապարակած ուղերձով ցոյց կու տան զօրակցութեան զանազան եղանակներ ինչպիսին են մասնակցիլ հիւանդանոցի բակին շարունակուող շրջօրեայ հերթապահութեան, ներկայ գտնուիլ ամէն օր ժամը ճիշդ 15.00-ին կատարուած մամլոյ յայտարարութեան, հեռախօսազանքով ճնշում բանեցնել հիւանդանոցի վարչութեան, որմնազդներով կամ թռուցիկներով տարածել երկու երիտասարդ փաստաբաններու մատնուած անարդարութիւնը։
Նշենք որ իշխանութիւնները միջոց մը առաջ բռնի կերպով հիւանդանոց փոխադրած էին փաստաբանները։ Իրենց մերձաւորներու վկայութեամբ հիւանդանոցի պայմանները շատ աւելի ծանր են, քան բանտին։ Հիւանդանոցներու մէջ բանտարկեալներու դարմանումին համար տրամադրուած սենեակները ընդհանրապէս նկուղային են եւ զուրկ արեւի լոյսէն։ Անոնք օրն ի բուն կը մնան հսկողութեան տակ, ընդմիշտ լուսաւորուած սենեակի մը մէջ, ուր աղմուկը անպակաս է եւ պահակ զինուորները կը փորձեն միշտ գրգռել բանտարկեալ իրաւապաշտպաններու հացադուլի կամքը։ Կ՚ապսպրեն բուրումնաւէտ կերակրատեսակ, որպէսզի յաջողին կոտրել անոնց հացադուլի կամքը։