Միացեալ նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն Տանըլտ Թրամբի գլխաւոր մրցակից Ճօ Պայտընի ամիսներ առաջ ԱՄՆ-ի մէջ կատարած յայտարարութիւնները վերջերս բոլորովին կ՚ողողեն Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը։ Պայտըն լրագրողներու հետ զրոյցի պահուն յստակօրէն դիրք բռնեց նախագահ Էրտողանի դիմաց եւ ըսաւ որ զանազան եղանակներով պիտի գործակցին Թուրքիոյ ընդդիմութեան հետ ընտրութիւններու ճամբով գահընկէց ընելու համար նախագահ Էրտողանը։ Ուշագրաւ էր, որ սոյն տարուան Յունուար ամիսին կայացած մամլոյ ժողովը այս վերջերս օրակարգի բերուեցաւ նոյն ինքն իշխանութեան կողմէ։ Քաղաքական վերլուծաբաններ ուշագրաւ կը տեսնեն այս երեւոյթը, քանի որ նախագահ Էրտողան անգամ մը եւս նոր առիթ մը գտած եղաւ տուժածի դրութեան մէջ ներկայանալու։ Շատերու համաձայն Էրտողան իր ամբողջ քաղաքական կեանքի ընթացքին լաւագոյնս շահագործած է հասարակութեան տուժողին զօրակցելու հոգեբանութիւնը։
Հետաքրքրական բանավէճ մը ծագած է իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։ Կողմերը իրար կը մեղադրեն յատկապէս ալ այս ելոյթին օրըստօրին պատասխան տրուած չըլլալուն համար։ Երբ ընդդիմութիւնը հարց կու տայ թէ «Ինչո՞ւ համար մինչեւ այսօր չի պատասխանեցիք այս պնդումներուն», իշխանութեան շրջանակներն ալ կը պատասխանեն նոյն հարցումով «Թէ հապա դուք ինչո՞ւ չէք անդրադարձած»։ Անշուշտ այս դոհուբոհի մէջ կ՚անտեսուի Պայտընի Էրտողանի հասցէին ուղղած մեղադրանքները։ Նիւթը կը քննարկուի լոկ «Ինչո՞ւ այսօր» հարցումին շուրջ։ Մինչդեռ Պայտընի խօսքերը բաւականին ուշագրաւ են նկարագրելով Թուրքիոյ արկածախնդրական միջազգային քաղաքականութիւնը։ Իրականութեան մէջ անգամ մը եւս իրար կը մերժեն էականը ու ռազմավարականը։ Թուրքիոյ հասարակութիւնը անգամ մը եւս կը զրկուի երկրի համար ճակատագրական բնոյթ ունեցող խնդիրներու քննարկումէն, յայտնուելով ժամանակաւոր շահերու հեռանկարին։