ԱՅՇԷ ՀԻՒՐ
https://twitter.com/HurAyse/status/1292739523730976769
Նախ հաստատեմ հարցումին պատասխանը, ապա մանրամասնեմ: Լիբանանի տարածքին դաւանանքային հիման վրայ կառուցուած համակարգը գործնականապէս սկսած է Օսմանեան տիրապետութեան հետ 1516-ին, ապա 1842-ին ալ պաշտօնականացած
Այդ տարի Սայտայի վարչական շրջանին մին Տուրզի, միւսը Մարունի երկու տեղապահ (քայմաքամ) նշանակուեցան, որոնք ենթակայ էին Սայտայի կուսակալին:
Աւելի ուշ ուղղաբար յոյներ ալ յատուկ տեղապահ ուզեցին բայց չընդունուեցաւ: 1845-ին երբ խնդիրները կը շարունակուէին, նոր հրովարտակ մը հրապարակուեցաւ: Խառն բնակչութիւն ունեցող վայրերու մէջ փոքրամասնութիւնները իրենց ներկայացուցիչներով պիտի կառավարուէին: Բացի այդ, իւրաքանչիւր տեղապահ պիտի գլխաւորէր 12 անդամներէ բաղկացող խառն խորհրդարան մը:
Մէկը տեղապահի փոխանորդ, երկու տուրզի, երկու մարունի, երկու յոյն ուղղաբար, երկու յոյն կաթողիկէ եւ մէկ շիա անդամներէ բաղկացող այդ կազմերով շուրջ 15 տարի համեմատաբար աւելի խաղաղ շրջան մը անցաւ 1860-ին տուրզիներու եւ մարոնիներու մէջ տեղի ունեցած արիւնալի բախումները երբ հասան մարոնիներու կոտորածին, Պոլսոյ կառավարութիւնը միջամտեց:
Վարչապետ Ֆուատ Փաշա դատավարութիւններով, մահավճիռներով, հատուցումներով խաղաղութիւնը հաստատեց: Այդ հանգրուանին Փրուսիա, Ռուսաստան եւ Աւստրիա համագումար մը կայացուցին, որմէ բացառուած էր Ֆրանսան: Կայացած որոշումները 17 Յուլիս 1861-ին Օսմանեան պետութեան կողմէ ալ վաւերացուեցաւ Ահմէտ Ռեֆիք փաշայի ձեռամբ:
Այս համաձայնագրով պաշտօնակոչումը եւ պաշտօնանկութիւնը Պոլսոյ կառավարութեան կապուած Քրիստոնեայ նահանգապետի կողմէ կառավարելի վարչութեան մաս պիտի կազմեն մէկ սուննի, չորս մարոնի, երեք տուրզի, մէկ յոյն կաթողիկէ, երկու յոյն ուղղաբար եւ մէկ շիա անդամ: Նման վարչակարգ պիտի գործեր նաեւ արդարադատական համակարգէ ներս:
Այսպիսով մարոնիներու ինքնավարութիւն տալով Պեքաայի հովիտի եւ ծովեզերեայ շրջաններու մէջ Օսմանեան կայսրութիւնը ամրացուց իր գոյութիւնը: Միւս կողմէ չկրցաւ կանխել 1866-ին Պէյրութի մէջ բողոքականաց բարձրագոյն վարժարանի (ապա Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան) եւ 1875-ին ալ Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի հիմնադրութիւնը
Լիպերալիզմի եւ ազգայնական գաղափարախօսութիւններու շրջանի մէջ տարածուելուն զուգահեռ տուրզիները օսմանցիներուն, մարոնիներն ալ ֆրանսացիներուն մերձեցան։ Սակայն վարչակարգը մինչեւ աշխարհամարտի նախօրէին նոյնութեամբ շարունակուեցաւ։ Վարչաձեւը խանգարող կարեւորագոյն դէպքը 1914-ի Նոյեմբերին թէ անգլիացիներու դէմ Քանալի պատերազմը վարելու եւ թէ կարգապահութիւնը ապահովելու համար Ճեմալ Փաշայի գալուստով եղաւ։ Փաշային յանձնուած էր չորրորդ զօրախումբի հրամանատարութեան կողքին Սուրիա, Պաղեստին, Հիճազ եւ Կիլիկիոյ ընդհանուր կուսակալութեան պաշտօնը։ Փաշայի առաջին գործերէն մէկը լեռնային Լիբանանի իր կողմէ նշանակուած հայ կաթողիկէ նահանգապետ Յովհաննէս Գույումճուեանը պաշտօնազրկելով, անոր տեղ իտտիհատական Ալի Մունիխ Պէյը նշանակելը եղաւ։
Մարոնիներու պետ Հուվէյխը Դամասկոս աքսորեց։ Իսկ բուն աղէտը պատահեցաւ Ճեմալ Փաշայի վարած զօրքերուն Փետրուար եւ Օգոստոս 1915-ին Սուվէյշի անցքը հսկող անգլիական զօրքի դէմ յարձակումին անյաջողութեամբ։
Ճեմալ Փաշա որդեգրած էր երկու կողմերուն վրայ ալ ճնշող քաղաքականութիւն մը։ 21 Օգոստոս 1915-ին լրտեսութեան եւ օտար պետութիւններուն գործակալութեան մեղադրանքով Պէյրութի մէջ կախաղան հանեց 11 արաբ ազգայնականներ։ Տարածաշրջանի ազդեցիկ արաբ ընտանիքներէն շուրջ 2,000-ը աքսորեց կայսրութեան հեռաւոր վայրերը։
1915-ի վերջերուն Սուրիոյ մէջ ընդեղէնի գիներու շատ բարձր սղաճ մը արձանագրուեցաւ, որ սովի պատճառ դարձաւ։ Յաջորդ տարի վրայ հասաւ ժանտախտի համավարակը։ Այդ բոլորէ վերջ Ճեմալ Փաշա դէպի ռազմաճակատ զինամթերք փոխադրող շոգեկառքերուն իբրեւ վառելանիւթ Լիբանանի մորիները հատեց։ Բանակի անասունի եւ սննդեղէնի կարիքը հոգալու համար արժեզրկուած օսմանեան թղթադրամներով ժողովուրդի ունեցուածքը գրաւեց։ Այս բոլորը Օսմանեան վարչութեան դէմ դժգոհութիւնը բարձրացնող ազդակներ եղան։ Հետզհետէ զարգացան ազգայնական կազմակերպութիւնները։ Այս բոլորին իբր հակազդեցութիւն Ճեմալ Փաշայի հրահանգով 1915-ի վերջին օրերէն մինչեւ 1916-ի Ապրիլ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ բազմաթիւ ձերբակալութիւններ կատարուեցան։ Ձերբակալուողները կը մեղադրէին պետութեան դէմ դաւաճանելու, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ հսկողութեան տակ արաբական պետութիւն մը հիմնելու եւ օսմանցիներուն մենաշնորհը դարձած հալիֆէութիւնը արաբացնելու յանցանքներով։ Սուրիոյ Ալիէ գաւառին մէջ կայացող դատարանի մէջ 200 մեղադրեալ դատուեցան, որոնցմէ երեքին համար մահապատիժ վճռուեցաւ։ Ճեմալ Փաշա չգոհացաւ դատարանի վճիռով եւ ինք եւս որոշեց 23 հոգիի մահավճիռը։ Վճիռները գործադրուեցան 6 Մայիս 1916-ին։ Եօթը դատապարտեալ Դամասկոս, 14-ն ալ Պէյրութ կախաղան հանուեցան։ Կարելի է ըսել,թէ Ճեմալ Փաշայի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ գործադրած բիրտ վարչաձեւը եւ յատկապէս ալ մահավճիռները արաբ ազգայնականութեան համար շրջադարձային բնոյթ ունեցան։ 6 Մայիս թուականը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ մինչեւ օրս կը յիշատակուի «Նահատակներու օր» կոչումով։