Պոլսահայ կրթական կեանքը բազմակողմանի անորոշութիւններով կը պատրաստուի վերամուտին։
Թէեւ Կրթութեան Նախարարը ուսման տարեշրջանի մեկնարկումին համար յայտարարեց Օգոստոս ամսու վերջաւորութիւնը, սակայն համատարած շփոթ մը կը տիրէ համավարակի պայմաններուն տակ դպրոցներու վերաբացման մասին։ Շատեր կը կարծեն թէ կարելի պիտի չըլլայ դասարաններէ ներս որոշ հեռաւորութիւն ապահովելու կանխամիջոցը եւ ուսման տարեշրջանը պիտի սկսի հեռակայ ուսուցման դրութեամբ։ Միւս կողմէ Էսաեան վարժարանը, որ յանկարծակի որոշումով մը վերջ տուած էր նախակրթարանի եւ թէ երկրորդական բաժնի տնօրէններու պաշտօնին, ցարդ չէ հրապարակած նոր տնօրէններու անուններ։ Պէյօղլուի թաղականութիւնը մտած է գաղտնապահութեան ռազմավարութեան մէջ եւ այժմ հասարակութիւնը ոչինչ գիտէ այդ դպրոցէ ներս տեղի ունեցած զարգացումներու մասին։ Միւս կողմէ յայտնի է՝ թէ դպրոցը պիտի ապրի աշակերտներու թիւի լուրջ նուազում մը։ Նոր արձանագրութիւններու բացակայութենէն անդին դպրոցի սաներն ալ սկսած են իրենց արձանագրութիւնները փոխանցել այլ դպրոցներ։ Նախապէս նշած էինք թէ Սահակ Բ. Պատրիարքի եւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան միջեւ համաձայնութիւնը մը հաստատուած էր անդամազուրկ եղած թաղական խորհուրդի կազմը լրացնել համայնքային հինգ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներով։ Սակայն ըստ երեւոյթի այն համաձայնութիւնը անկատար մնացած է թաղական խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքեմի դժկամութեան հետեւանքով։ Այս պահուն յայտնի չէ թէ որ պայմաններով պիտի վերաբացուի Էսաեան վարժարանը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը եւս ապրեցաւ տնօրէնի փոփոխութիւն։ Թաղական խորհուրդը յայտարարութիւնով մը ծանուցեց թէ 2020-2021 ուսման տարեշրջանին տնօրէն նշանակուած է նախկին փոխ տնօրէն եւ թուաբանութեան ուսուցիչ Երանուհի Պալճըն։