Թրքերէն արդի գրականութեան առաջատար անուններէն Ատալէթ Աղաօղլու 14 Յուլիսին մահացաւ 90 տարեկանին. Աղաօղլու ծնած էր 1929-ին Անգարայի Նալլըհան գաւառը. Ուսանած էր Անգարայի Համալսարանի գրական բաժինը, Ֆրանսական լեզուն եւ գրականութիւնը բաժնին մէջ. Առաջին գրական գործերը բանաստեղծութիւններ էին, որոնք հրատարակուեցան գրական պարբերականներու մէջ. Պաշտօնավարեց Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան հաստատութեան (TRT) ուր գրի առաւ իր առաջին թատրերգութիւնները ռատիոյի թատրոնի ձեւաչափով. Նկատելով իր աշխատած հաստատութեան անկախութենէ հեռանալու եւ օրըստօրէ օրուայ իշխանութեան փողը դառնալու երեւոյթը, 1970-ին հրաժարեցաւ ռատիոյի բաժնի տնօրէնի պաշտօնէն, բոլորովին ուղղուեցաւ գրականութեան. 1973-ին լոյս տեսաւ առաջին վէպը՝ «Մահաբեր քունը». Յաջորդեցին «Հարսանիքի գիշեր մը» եւ այլ գործեր, որոնք մեծ յաջողութեան արժանացան նուաճելով զանազան գրական մրցանակներ.
Ատալէթ Աղաօղլու հիմնադիրներէն եղաւ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան. Ազգայնականներու հալածանքներուն ենթարկուած օրերուն Հրանդ Տինքին զօրակցող մտաւորականներու շարքին էր. Յաջորդող տարիներուն առողջութեան խանգարումի հետեւանքով, երբ չէր կրնար «Ակօս»ին առջեւ կազմակերպուած յիշատակման միջոցառումներուն անձամբ ներկայ գտնուիլ, իր սրտի խօսքը կ՚ուղղարկէր խմբագրատուն կամ Հրանդ Տինք Հիմնարկին։ Այդ գրութիւնները եւս կը ներկայացնէին գրական մեծ արժէք, ուր ամենահարազատ կերպով կը փոխանցուէր իր կսկիծը Հրանդ Տինքի սպանութեան առթիւ։ Ատալէթ Աղաօղլու Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք ձեռնարկուած ցեղասպանութեան խնդրի առումով հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրող ստորագրարշաւին առաջին մասնակիցներէն էր։
Հրանդ Տինք Հիմնարկը եւ Հրանդին Ընկերները Հարթակը այս կորուստին առթիւ իրենց վշտակցութիւնը յայտնեցին յատուկ հրապարակումներով։ «Ակօս» եւս կը խոնարհի մեծ վիպագիրի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի վաստակին ու յիշատակին առջեւ։