ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՕՏԱՐ

- Պա­րոն, այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ին­չո՞ւ կո­չուած է «ՕՏԱՐ»։

- Որով­հե­տեւ լու­սանկա­րիչը հայ չէ։

- Բայց մե­զի ըսաւ՝ «Բա­րեւ, բա­րի էք եկել»։

- Ճեյ­սը­նը քա­նի մը տա­րի մնաց Հա­յաս­տան, հա­յերէն ալ սո­րուե­ցաւ։

Այս յայտնու­թե­նէն յե­տոյ աշա­կերտնե­րը սկսան լու­սանկար­նե­րը վա­յելել։ Ամ­բողջ ցու­ցադրու­թիւնը կա­րելի էր հե­տեւեալ ձե­ւով նկա­րագ­րել. «Հա­յաս­տա­նը օտա­րի ոսպնեակով»։ Ան­շուշտ, թէ աշա­կերտնե­րը լու­սանկա­րիչին հետ պի­տի զրու­ցեն, պի­տի հարցնեն, թէ հաւ­նե­ցա՞ւ Հա­յաս­տա­նը, ի՞նչ բա­ներ հոն հե­տաքրքրա­կան էին։ Բայց նախ պա­տանի­ները հիացու­մով դի­տեն վան­քե­րը, լեռ­նա­յին հա­մայ­նա­պատ­կերնե­րը, առօ­րեայ կեան­քի տե­սարան­նե­րը, ու մենք քիչ մը զրու­ցենք «օտար» բա­ռի մա­սին։

Մե­զի օտար չէ «օտար» բա­ռը։ Պատ­ճա­ռը այն է, որ եր­կար դա­րեր ան ալ ապ­րեր է Հա­յաս­տա­նի մէջ, ըն­տե­լացած է մեր բար­քե­րուն, ու լաւ հա­յերէն գի­տէ։ Ճիշդ է, որ օտա­րածին է ան եւ ըստ լե­զուա­բան­նե­րու՝ ու­նի իրա­նական ծա­գում, բայց ան եղած է չա­փազանց հա­յասէր եւ ծա­ռայա­սէր։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, հին­գե­րորդ դա­րուն, երբ սկսանք մա­տեան­ներ գրի առ­նել, «օտար» ածա­կանը ար­դէն դար­ձեր էր «հայ­կա­կան»։ Աս­տո­ւածա­շունչի թարգմա­նու­թեան մէջ Մաշ­տո­ցը եւ իր աշա­կերտնե­րը իրենց բա­ռապա­շարի մէջ ու­նէին «օտա­րաբար», «օտա­րազ­գի», «օտա­րախառն» եւ «օտա­րածին» ածա­կան­նե­րը։ Սուրբ գիր­քի մէջ կայ նաեւ «օտար»՝ խունկ, հուր, ջուր, տուն, կին, կա­նոն, ինչպէս նաեւ «Աս­տուածք օտարք» ար­տա­յայ­տութիւննե­րը։ Նոյն դա­րուն, Ագա­թան­գե­ղոսը «Հա­յոց պատ­մութիւն» աշ­խա­տասի­րու­թե­նէ ներս հիւ­րընկա­լեց «աւ­տա­րագոյն, աւ­տա­րական, աւ­տա­րաձայն, աւ­տա­րոտ, աւ­տա­րու­թիւն» բա­ռերը։ Նե­րեցէք, մոռ­ցայ ըսե­լու, թէ այս բա­ռը նա­խապէս կը գրէինք «աւ­տար» ձե­ւով, «օ» տա­ռի բա­ցակա­յու­թեան պատ­ճա­ռով։

«Օտար»ը սի­րեց հա­յու հիւ­րա­սէր հո­ղը եւ լե­զուն, շու­տով աճե­ցաւ։ Մօ­տաւո­րապէս 110 բառ ու­նինք «օտար»է ծնած։ Նշեմ այն բա­ռերը, որոնք, թէեւ մնա­ցեր են պատ­մութեան մա­տեան­նե­րու մէջ, բայց կը շա­րու­նա­կեն փայ­լիլ որ­պէս լե­զուա­կան հարստու­թիւն- «օտար­սի­րագոյն», շատ օտա­րասէր, «օտա­րու­սում», օտար վար­դա­պետու­թեան ու­սուցիչ, «օտա­րըն­կա­լու­թիւն», հիւ­րա­սիրու­թիւն, «օտա­րըն­կալ», հիւ­րա­սէր, «օտա­րատունկ», բա­րեբեր տունկ ըլ­լա­լէ հե­ռու, «օտա­րատուն, օտա­րանոց», պան­դոկ։ Ու­նինք նաեւ պատ­կե­րալից ածա­կան­ներ.- օտա­րաբոյր, օտա­րաբան, օտա­րամիտ, օտա­րամուտ, օտա­րախօս, օտա­րահա­ւան, օտա­րաշունչ, օտա­րամերժ։ Հայ­կա­կան ար­քունի պատ­մութեան մէջ իր յա­տուկ տե­ղը ու­նի «օտա­րու­հի» բա­ռը, յատ­կա­պէս այն օրէն յե­տոյ, երբ Ար­տա­շէս թա­գաւո­րը ալան­նե­րու գե­ղեցիկ իշ­խա­նու­հի Սա­թենի­կը իր ոս­կե­զարդ մտրա­կով քա­շեց, բե­րաւ մեր կող­մը ու դար­ձուց հա­յոց թա­գու­հին։ Տասնմէ­կերորդ դա­րուն Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի գրի­չէն հո­սեցան խոր միտ­քեր. «Ես վրի­պեցայ, ես օտա­րացայ», «Եթէ ար­դա­րանամք՝ ժպտիս, եթէ օտա­րանամք՝ սգաս», «Օտար մթու­թիւն», «Դառ­նութիւն պտղոյ՝ այ­գիս օտա­րացեալ», «Օտա­րացեալ բա­րեկամ»։

Ապա կորսնցու­ցինք պե­տակա­նու­թիւնը։ Օտա­րադէմ աս­պա­տակող­ներ սրբապղծե­ցին օտա­րըն­կալ մեր եր­կի­րը։ Հա­յու մտա­ծողու­թիւնը ապա­կանե­ցաւ «օտա­րու­թիւն» բա­ռով։ Իրօք, միջ­նա­դարու գրա­կանու­թեան մէջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, լսե­լի է պանդխտու­թեան ող­բը։ Ահա սրտաճմլիկ քա­նի մը մրմունջ. «Կեանքս իմ ես օտար մա­շեցի, / Ղա­րիպու­թեան մահն յի­շեցի, / Լա­ցի կա­րօտով, կա­րօտով, հաս­րէ­թով», Սի­մէոն Կա­ֆացի, «Ղա­րիպ, օտար եմ ու պան­դուխտ ու մո­լորած», Դա­ւիթ Սա­լաձոր­ցի, «Ի յեր­կիր օտար հե­ռացայ, / Զսի­րելիսն իմ մո­ռացայ, / Ի մէջ կայ­ծա­կանց վա­ռեցայ, / Եղէ ցա­ւալից, ցա­ւալից», Կա­րապետ դպիր։ Անա­նուն բա­նաս­տեղծի մը քա­ռեակը կ՚ըսէ. «Ղա­րիպն ի յօ­տար եր­կիր՝ / թէ ոս­կի թա­թաւ գայ նո­րա, / Եւ իւր սի­րելեացն ի զատ / այն ոս­կին մո­խիր չար­ժե­նայ»։ Հա­մաձայն էք, չէ՞, օտա­րու­թեան մէջ ոս­կիի անձրեւն [թա­թաւ] իսկ ար­ժէք չու­նի, երբ մար­դը հե­ռու է իր սի­րելի­ներէն։ Որ­քա՞ն դժո­ւար էին այդ ժա­մանակ­նե­րը։ Ականջ տանք 1338 թո­ւակա­նին Երզնկա­յի մէջ յի­շատա­կարան գրի առած Մե­լիք­սէ­դեկին. «Աշ­խարհս օտար էր, օրերս չար, եւ ժա­մանակս դառն»։ Այդ շրջա­նի գրա­կանու­թեան մէջ յա­ճախ կը հան­դի­պինք «օտար լուծ», «օտար իշ­խա­նու­թիւն», «օտար հող», «օտար իշ­խան» ար­տա­յայ­տութիւննե­րուն։ Իսկ մեր օրե­րուն հա­յը պայ­քար կու տայ այլ օտա­րու­թիւննե­րու դէմ։ Անոնց մա­սին քիչ վերջ խօ­սինք, քան­զի այնպէս կ՚երե­ւի, թէ Տե­րեւը հար­ցում մը ու­նի.

- Պա­րոն ասի­կա ո՞վ է,- աղջնա­կը կը մատ­նանշէր քա­րէ գլուխ մը հսկա­յական, Լե­նինը, Ստե­փանա­կերտ քա­ղաքի նկու­ղի մը մէջ, ան­ջա­տուած իր մար­մի­նէն, մեր պատ­մութեան մէկ էջը, որ օտար­խորթ է այս երե­խանե­րուն։

Լուսանկար՝ Jason Perez

Հարազատ հա­յու հա­րուստ հնչիւ­նով, բա­ռը զար­դա­րեց հա­յոց բար­բառներ.- Ալաշ­կերտ, Մուշ, Սե­բաս­տիա «օդար», Շա­տախ «ու­տար», Զէյ­թուն «ու­դօյ, ու­դոր»։ Հայ­րե­նիքի մէջ 1922–1940 թո­ւական­նե­րուն, վե­րանո­րոգո­ւած ուղղագ­րա­կան կա­նոն­նե­րու հա­մաձայն բա­ռը օտա­րացաւ, դար­ձաւ «ոտար»։ (Այդ շրջա­նի հրա­տարա­կու­թիւն մը. «Ծրա­գիր ոտար լե­զու­նե­րի վոչ-լրիվ միջ­նա­կարգ յեվ միջ­նա­կարգ դպրոց­նե­րի հա­մար», Յե­րեւան, 1937)։

Հա­յերս, չես գի­տեր ին­չո՛ւ, չա­փազանց կա­րեւո­րեցինք օտա­րի կար­ծի­քը՝ մենք զմեզ ճանչնա­լու հա­մար։ Այդ բնա­ւորու­թիւնը ակնյայտ է գիր­քի խո­րագիր­նե­րու մէջ. «Օտար աղ­բիւրնե­րը հա­յերի մա­սին», «Օտար աղ­բիւրներ Հա­յաս­տա­նի մա­սին», «Օտար աղ­բիւրներ Անիի մա­սին», «Մաշ­թոց եւ նրա աշա­կերտնե­րը։ Ըստ օտար աղ­բիւրնե­րի», «Հայն ու Հա­յաս­տա­նը օտար­նե­րի աչ­քե­րով»։

Մենք սի­րեցինք նաեւ եր­գել օտա­րու­թիւնը եւ մխի­թարո­ւիլ մե­լամաղ­ձոտ մե­ղեդի­ներով. «Օտա­րու­թիւն այսքան տա­րով, / Կու լամ կա­րօտով կա­րօտով», «Օտար, ամա­յի ճամ­բէ­քի վրայ / Իմ քա­րաւանս մեղմ կը ղօ­ղան­ջէ»։ «Օտար» բա­ռը քնա­րական շունչ մըն ալ տո­ւաւ հայ­կա­կան լե­զուին։ Անոր հետ հնչեց Դու­րեանի քնա­րը. «Ես չը սի­րեմ սա օտար / Ժպիտ­նե­րը յու­սա­շող, / Որք ծա­ղիկ­ներ են սուտ սոսկ / Սրտի ան­դունդը ծած­կող»։ Կոս­տան Զա­րեանը, որ քիչ ու­սումնա­սիրուած հե­ղինակ է, դժո­ւար հասկնա­լի բարդ մարդ, ինքզինք բնո­րոշեց հե­տեւեալ ձե­ւով. «Օտար­նե­րու մէջ՝ օտար, օտար նաեւ՝ մե­րին­նե­րու մէջ»։ Իսկ այժմ ձե­զի ներ­կա­յաց­նեմ հայ­կա­կան քնա­րեր­գութեան ամե­նէն «օտար» եւ հայ­րե­նասէր բա­նաս­տեղծը, Ջա­ւախ­քի մէջ ծնած, Թիֆ­լի­սի եւ Մսկուայի մէջ ու­սում առած, հե­ռաւոր Օրեն­բուրգի մէջ մա­հացած Վա­հան Տէ­րեանը։ Անոր տո­ղերու մէջ կան հայ­րե­նաբաղ­ձութեան խոր հե­ծեծան­քը. «Օտար դաշ­տե­րի անանց մշու­շում / Տխուր լռու­թեան գի­շերն է իջել», «Ես ան­ջա­տուած եմ հայ­րե­նի հո­ղից, / Հայ­րե­նի տունս՝ իմ սրտին օտար»։ Սէ­րը իսկ օտար էր թո­քախ­տա­ւորին. «Երկրպա­գել քեզ առանց սի­րուե­լու, / Երա­զել միշտ քեզ - լի­նել քեզ օտար», «Յա­ւէտ քեզ կա­պուած՝ քեզ օտար եմ ես», «Աստղե­րի պէս ե՛ւ հա­րազատ, ե՛ւ օտար», «Օտար երկնքի կա­մար­նե­րի տակ / Երա­զիս տե­սայ մի չքնաղ աղ­ջիկ»։ Տէ­րեանին կը պատ­կա­նի նաեւ հայ­րե­նապաշտ այս բա­նատո­ղը, ուղղո­ւած՝ հայ­կա­կան ոգիին ան­հա­ղորդ ժո­ղովուրդնե­րուն. «Չի հաս­կա­նայ ձեր հո­գին ե՛ւ ծոյլ, ե՛ւ օտար, տա­ճար է մեր եր­կի­րը՝ սուրբ է ամէն քար»։

Այ­սօր հա­յու մայ­րե­նին պայ­քար կը մղէ նոր օտա­րու­թիւննե­րու դէմ։ Քա­նի մը Պա­րոնեան պէտք է, որ ձաղ­կէ, խա­րազա­նէ զա­նոնք։ Ահա մե­րօրեայ օտա­րամո­լու­թիւննե­րը՝ ըստ հայ­կա­կան մա­մու­լի. «Օտա­րամոլ» տօ­ներ, բար­քեր, լրա­տուա­միջոց­ներ, խաւ, նո­րաձե­ւու­թիւններ, նա­խապա­շարումներ... Յի­շենք, թէ մեր գրա­գէտ­նե­րէն Յա­կոբ Պա­րոնեանն էր օտա­րու­թիւննե­րու մե­ծագոյն քննա­դատը։ Ան առա­ջար­կած էր «Արե­ւել­քի մէջ քննա­դատա­կան մը ստեղ­ծել եւ անա­չառութեամբ քննա­դատել այն [օտա­րասէր, օտա­րապաշտ] քեր­թո­ւած­ներն, որ վեր­ջերս հրա­պարա­կը կ՚ողո­ղեն, եւ ցոյց տալ ազ­գին ազ­գա­յինն, օտարն, հա­րազատն եւ խորթն»։ Ան օտա­րամոլ «պո­ւէտ­նե­րը» կ՚անու­նէր «օտա­րի փե­տուրնե­րով զար­դա­րուած»։

Աշա­կերտնե­րը այժմ շրջա­պատե­ցին օտար լու­սանկա­րիչը, սկսան հար­ցումներ ուղղել. «Հա­յաս­տա­նի մէջ ո՞ր ճա­շը շատ հաւ­նե­ցար», «Նո­րէն Հա­յաս­տան պի­տի եր­թա՞ս», «Ին­չո՞ւ կարգ մը նկար­ներդ սեւ-ճեր­մակ են»։ Անոնց քով եր­թա­լէ առաջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, հրա­ժեշտ տամ մէջ­բե­րելով Զահ­րա­տի մէկ բա­նաս­տեղծու­թիւնը, որ կը կո­չուի՝ «ՕՏԱՐ».

Քա­ղաքին այդ կող­մե­րը օտար էին Կի­կոյին

Բարձր բարձր շէն­քե­րը օտար

Մար­դի­կը – գե­ղեցիկ կի­ները օտար

Գոգ­նոց հա­գած աղ­ջիկ մը եկաւ

Հինգ ղրուշ դրաւ ափին –

Օտար էին մար­դի­կը – օտար –

Կի­կօ մուրալու չէր ելած