ՆՈՒՊԱՐ ՖԵԼԵՔԵԱՆ
Երկար ժամանակ եղաւ որ չեմ կրցած ձեզի հետ զրուցել։ Ամենօրեայ վազվզուքներ, սա նա ըսելով ընդհատած եղայ գրութիւններս։ Բայց հիմա գիտէք քորոնավիրուս կայ եւ տունն ենք։ Ձանձրացուցիչ է, բայց ի՞նչ ընես։ Հազուադէպ ալ ըլլայ տան առեւտուրի համար դուրս կ՚ելլեմ։ Քանի դուրս ելլեմ կը հանդիպիմ նաեւ բարեկամներուն։ Մեր տարեկիցներուն համար խնդիրը ալ աւելի դժուար է։ Հեռուստացոյցի որ կայանն ալ բանամ նոյն պատմութիւնը։ «65 տարեկանը անցածները ռիսքային են, թող տունէն չ՚ելլեն»։ Իրաւ են, ես ալ ելած ունիմ արդէն։ Աղջիկս, փեսաս, թոռներս միաբերան «Աման տետէ չ՚ելլաս» ըսելով կը զգուշացնեն։ Հետզհետէ ինքզինքս անդի աշխարհի ճամբորդ ըլլալով կը տեսնեմ։ Ըսածիս պէս, որու որ հանդիպիմ նոյն նիւթը։ Ամէն մարդ ձեռքը հեռախօս մը, լսածնին իրարու կը փոխանցեն։ Ոմանց համաձայն Ամերիկային խաղն է։ Ոմանք դեղ արտադրող ընկերութիւններուն կը բեռցնեն մեղքը։ «Չինացիները դիտումնաւոր ըրին», «Մեզի բան մը չ՚ըլլար, անտեղացի մը ըլլար» ըսողներ ալ կան։ Ասանկ օրերուն փսփսուքի մամուլը այնպէս մը կ՚աշխատի, որ խելքդ կը կենայ։ Ըսուածներէ շատերուն անշուշտ, որ չեմ հաւատար։ Ո՞վ կը նստի ասանկ բան մը կը ծրագրէ։ Չէք տեսներ Իտալիոյ, Իսպանիոյ, Իրանի մէջ ամէն օր տասնեակներով մարդ կը մեռնի։ Ամերիկան որ ըսես ինքզինք մեկուսացուց։ Մանաւանդ տեսութիւն մը կայ որ…։ Իբրեւ թէ Եւրոպայի պետութիւնները տարեց բնակչութենէն ազատուելու համար այս գործը սարքեր են։ Ինծի այս բանը ըսողը յանկարծ անդրադարձաւ խօսքին իմաստին եւ շատ ամչցաւ։ Ի՞նչ ընես մեր ժողովուրդը սովորութիւն ունի տեսածովը չի գոհանար, անպայման ետեւը ուրիշ հաշիւ մը կը փնտռէ։
Ժահր է վերջապէս կը ծաւալի։ Չես կրնար արգելք ըլլալ։ Կանխելու համար նախ կը փորձես ինչ ըլլալը հասկնալու, բայց դուն մինչեւ որ հասկնաս ան արդէն տարածուած է։
Ըստ ինձ մարդկանց տեղէ մը ուրիշ տեղ երթալը այնքան շատցաւ, որ ժահրին ալ ոչ թէ տարածուելուն, այլ չի տարածուելուն զարմանալ պէտք է։ Ո՞վ գիտէ արդի կենցաղը թերեւս լաւ բան մըն է (թէեւ ես բնաւ այդ կարծիքին չեմ), բայց ամէն վայրկեան երթի մէջ ըլլալու հետեւանք մըն ալ պիտի ըլլար անկասկած։
Ոմանք ուխտագնացութենէն կը դառնան, ոմանք Գերմանիայէն կը դառնան, ոմանք Եւրոպայէն կու գան։ Ամէն մէկը մէկ տեղ։ Կամ տեղէ մը կու գան, կամ տեղ մը պիտի երթան։ Մեր վերի յարկի հարեւանի թոռը Իտալիա է, կ՚ուսանի։ Հիմա մտմտուքի մէջ են խեղճերը։ Հայերս արդէն աշխարհի չորս կողմը ցրուած ենք։ Ֆրանսա ազգականներ ունինք, որոնք տուն փակուեցան։ Այսօր լաւ են, բայց վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ոչ ոք գիտէ։ Առողջապահական ապահովագրութիւնը ոմանք արդէն չունին, իսկ ունեցողներուն ալ ինչ՞ի պիտի բաւէ յայտնի չէ։
Քաղաքը շէնքերու մէջ թխմուելն ալ ազդեցութիւն ունի անշուշտ։ Սանկ հարիւր տարի առաջուան նման գիւղերնիս եթէ ըլլայինք այսպէս կ՚ըլլա՞ր։ Թերեւս ալ չէր ըլլար։ Ինձմէ քանի մը տարի աւելի մեծ զարացի ուրիշ հարեւանի մը հետ կը զրուցէի. «Ստիպուած եկանք թխմուեցանք այստեղ Նուպար ճան։ Հիմա ալ տեղ մը չենք կրնար շարժիլ» կ՚ըսէ։ Երկիրը կարօտցած է։ Իրաւունք ունի, բայց ի՞նչ կրնաս ընել։
Եկեղեցիներէ ներս Պատարագներն ալ դադրեցան։ Անոնք ալ իրաւունք ունին։ Ինչպէս համարձակիս։ Յուղարկաւորութիւններ, հոգեհանգիստներ, թաղումները անգամ միայն ամենամօտ ընտանեկան պարագաներով պիտի կայանան եղեր։ Աս ալ արդար է։ Թերեւս ուշ անգամ մնացին։ Չես գիտեր որ ո՞վ ի՞նչ ունի։ Իմ թոռնիկը օրինակի համար, առեւտուրի կեդրոնի մը մէջ կ՚աշխատի։ Սիրտը նեղ է խեղճին։ Չեն փակած առեւտուրի կեդրոնները։ Ամէն գիշեր տուն կու գայ կը մտնէ ձեռքերը կը լուայ, քոլոյնի ջուրով կը շփէ, յետոյ քովս կու գայ։ Բայց առեւտուրի կեդրոնին մտնող- ելլողին հաշիւը բռնող կա՞յ։ անզգալաբար մէկէ մը կը վարակուի, ինծի կը փոխանցէ ես ալ եկեղեցի կ՚երթամ ուրիշին կը փոխանցեմ, առ գլխուդ փորձանք։
Ամենագէշն ալ հեռուստացոյցն է։ Ուրտե՞ղ բանի մը չծառայող մարդ կայ կը բերեն դիմացդ կը նստեցնեն։ Մտքովս կ՚ըսեմ թէ այ մարդ դուք պատասխանատուութիւն ունիք, այս մարդիկը ինչպէ՞ս կը բերէք էգրան կը հանէք։ Չի հետեւիմ, չ՚դիտեմ կ՚ըեմ, բայց ան ալ չ՚ըլլար։ Մէկ մէկ ճարահատ կը բանամ։ Աստուած իմ այդ ի՞նչ գլխեր։ Չէ այսինչ ապուրը խմեցէք, չէ աղի ջուրով բերաննիդ ցօղուեցէք։ Հասկցայ ասիկա մինակ ձեր մտքերուն եկած է չէ՞։ Այսքան մարդ ամէն օր որ կը մեռնին այդքան խելք չ՚ունէին ըսելէ որ։ Թոռս ալ կը քանքատի այդ անիմաստ մեկնաբանութիւններէն։ «Տետէ» կ՚ըսէ. «Գիտցած վստահածներէդ դուրս ամէն բան կասկածով լսէ, եթէ չեղաւ մեզի հարցուր»։ Այդպէս ալ կ՚ընեմ արդէն։
Միւս կողմէ գործերը ո՞ւր պիտի հասնին այդ ալ ուրիշ խնդիր։ Փեսան մտահոգ կը խորհի։ Ես ալ իմ կարգիս բաներ մը կ՚առնէի, կը ծախէի հիմա այդ ալ չկայ բնականաբար։ Կարծես պատերազմ ծագած ըլլայ։
Դժուար օրեր կը սպասեն մեզ։ Ի՞նչ ընենք այս ալ պիտի անցնի իրարու զօրակցելով։ Բարեբախտաբար առողջութիւնս տեղն է։ Այդ ամէն բանէն կարեւոր է։ Բայց դուք նորէն շարունակեցէք տունը մնալ։ Մինչեւ որ չի ստիպուիք փողոց մ՚ելլէք։ Մանաւանդ բազմութիւններէն հեռու մնացէք։ Քիչ մը համբերութիւն, այս ալ կ՚անցնի։