ՆՈՒՊԱՐ ՖԵԼԵՔԵԱՆ
Սովորութիւն ըրած եմ, տարիներէ ի վեր Շաբաթ առաւօտներ կը հետեւի «Ռատիօ Ակօս» հաղորդումին։ Նախորդ շաբաթ բաւականին ուշագրաւ էր նախկին ոսկերիչ վարպետներու հետ զրոյցը։ Յիշեցի անցեալի ապրումները։ Աւելի նախորդ շաբաթ ալ «Մարալ» խումբի 40-ամեակին մասին հաղորդում մը կար։ Այս շաբաթ ալ Նեսի Ալթարաս անունով մէկը մասնակցած էր։ Ձայնէն կ՚ենթադրեմ թէ երիտասարդ մը ըլլալու է։ Դէպի Վան այցելութիւն մը կատարեր է։ Ուսումնասիրեր է նախապէս հոն ապրած եւ այսօր ոչնչացած Վանի հրեաներու, նաեւ հայոց մշակութային ժառանգութեան հետքերը։ Այս առթիւ այցելեր է նաեւ Վարագավանքը։
Հայոց պատմութեան առումով կարեւոր է Վարագավանքը։ Պիտի յիշէք, սեփականութիւնն ալ ժառանգի ճամբով կը պատկանի լրագրող Ֆաթիհ Ալթայլըի։ Անցեալին «պատրաստ եմ վերադարձնելու» ըսած էր, բայց ապա ինչ եղաւ, չեմ գիտեր։ Ինչ եւիցէ, ռատիոյի մեր հիւրը պատմեց թէ տաճարի տանիքը փլած է, ամէն վայրկեան կրնայ կքիլ եւ պատերուն վրայ ալ շատ կարեւոր որմանկարներ կան։ Շուտով նորոգութեան կը կարօտի։ Նեսի Ալթարասի համաձայն եթէ վանքը շտապ նորոգութիւն չտեսնէ, տասը տարի ետք արդէն ուշացած կ՚ըլլանք։
Հաճելի զբաղում մը ունիմ, Հայաստանի պետական հեռատեսիլի հաղորդումները կը դիտեմ «youtube»ի միջոցաւ։ Անցեալները թոռնիկս առաջարկեց ու սկսայ հետեւիլ «Բարեւ Էրկիր» նախագծին։ Հայերէն է անշուշտ։ Հաւանաբար անցեալ կամ նախանցեալ տարի նկարահանուած է։ Կարսէն սկսելով մինչեւ Անտիոք հայոց պատմութեան հետքերը կը որոնեն։ Շրջողը Սամուէլ Թոփալեան անունով երիտասարդ մըն է։ Իւրաքանչիւր քաղաքի համար 25 վայրկեան յատկացուցած են, ուր կը ծանօթացնեն տուեալ քաղաքի հայոց պատմութեան մէջ ունեցած դերակատարութիւնը, եւ թէ կը ներկայացնեն մինչեւ օրս հասած աւերակները։ Եկեղեցիներ, կամուրջներ, պատմական շինութիւններ...։
Բաժիններէն մէկուն ալ ծանօթացուցին Վարագավանքը։ Եկեղեցին նկարեցին բոլոր մանրամասնութիւններով։ Զրուցեցին պահակին հետ։Հոն ալ յայտնի էր թէ եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ է։
Գալով բուն խնդրին, թէեւ ռատիոյի հաղորդավարը քիչ մը ակնարկեց, բայց ես յստակօրէն հարցնեմ։ Նոր պատրիարքը յաճախ երկրի մամուլին յայտարարութիւններ կ՚ընէ. «այստեղ շատ հանգիստ ենք» ըսելով։ Որքան հանգիստ ենք, որքան չենք ընթերցողը թող որոշէ։ Եթէ այդքան հանգիստ ենք, երիտասարդներ ինչո՞ւ երկրեն կը փախչին։ Եւ պատրիարքական ընտրութիւնը ինչո՞ւ այսքան անարդար կատարուեցաւ։ Այս հարցումն ալ ինք՝ Պատրիարքը թող պատասխանէ։
Ես նոյնքան կարեւոր խնդրի մը մատնացոյց ընել կ՚ուզեմ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս եկեղեցիներուն վիճակը։ Գիտեմ թէ դիւրին բան չէ։ Երկրի տարածքին փլած կամ կիսաւեր բազմաթիւ եկեղեցիներ կան։ Անոնց վերանորոգութիւնը մեծ գումարներու կը կարօտի։
Բայց արդեօք Վարագավանքի համար յատուկ բաներ մը չե՞նք կրնար ընել։ Այո, սեփականութեան խնդիր մը կայ, բայց անլուծելի բան մը չէ։ Նոր Պատրիարքէն կ՚ակնկալենք թէ այս նիւթին նախապատուութիւն տայ ու բաներ մը ընէ։ Թէ ոչ մենք ալ գիտենք թէ Պատրիարքարանի նիւթական կարողութիւնը անբաւ է։ Բայց յանձնախումբ մը կրնայ նիւթական եւ իրաւական ենթահող մը պատրաստել։ Ասոնք յայտարարութիւն ընելէ աւելի կարեւոր խնդիրներ են։