ՆՈՒՊԱՐ ՖԵԼԵՔԵԱՆ
Իրաւացի էք «Ուրկէ ելաւ այս մարդը» հարցնելով։ Խոստովանիմ որ ինծի համար ալ անակնկալ մըն էր։ Գործի բերմամբ յաճախ փողոցներն եմ։ Մանաւանդ ալ կը շրջիմ մեր հայաշատ Քուրթուլուշի փողոցներուն վրայ։ Ճիշդ է, յատուկ խանութ մը չունիմ, բայց շատ բազմազբաղ եմ։ Միտքով անցած չանցած ամէն բանի համար միջնորդութիւն կ՚ընեմ։ Երբ այսքան շատ կը շրջիս բնականաբար ալ շատ բան կը լսես։ Լսածներուս մէկ մասին կարեւորութիւն իսկ չեմ տար, կը լսեմ ու կ՚անցնիմ։ Իսկ մէկ մասն ալ կը կառչի կը մնայ մտքիս մէջ։ Մանաւանդ ալ այս օրերուս, երբ ամէն տեղ պատրիարքի ընտրութեան մասին կը խօսուի, չեմ կրնար բոլորովին անտարբեր մնալ։ Ինչ ալ ըլլայ ազգային խնդիր է։ Երբ դարձեալ գործի մը համար «Ակօս» այցելած էի հոն ալ այս նիւթերը բացուեցաւ։ Պատմեցի լսածներուս մէկ մասը եւ «Ակօս»ի տղաքը ըսին, որ գրեմ այս բոլորը։ Առարկեցի, ես գրելու յատկութիւն չունիմ ըսի։ Ո՞վ կը լսէ որ։ «Դուն պատմէ մենք կը գրենք» ըսին ու ես ալ սկսայ պատմել՝ տեսածներս, լսածներս։
Նախ այս օրերուն տեսայ որ մեր համայնքը, ո՛չ թէ երկուքի այլ երեքի, չորսի, թերեւս հինգի բաժնուած վիճակ մը ունի։ Մէկ կողմէն արամճիներ, սահակճիներ ըլլալով բաժնուած ենք։ Մէկ կողմէն ալ «Պոյքոթ ընենք, մերժենք ընտրութիւնը» ըսողներ։ Կը տեսնեմ որ թիւերնին ալ բնաւ քիչ չէ։ Բարկացած են։ «Չուլճեանին արգելք ըլլալու համար ասանկ խաղ մը խաղացին» կ՚ըսեն։ Կը հարցնեմ թէ. «Դուք Չուլճեանի կողմնակի՞ցն էք»։ Անոր ալ ոչ կ՚ըսեն։ Ալ գլուխս պիտի պայթի։ Չեմ հասկցած թէ ո՞վ, ինչի՞ն ետեւէն է։ Կայ «Պոյքոթ ընենք ընտրութեան չմասնակցինք» ըսողներ։ Կայ «Ընտրութեան մասնակցինք, բայց երկու թեկնածուին ալ ձայն չի տանք» ըսողներ։ Ընտրութեան սնտուկներուն առջեւ ճերմակ թուղթ ալ պիտի դրուի եղեր, այդ թուղթին վղայ «Ո՛չ» գրենք ըսողներ։
Բարեկամի մը հանդիպեցայ ան ալ ուրիշ պատմութիւն պատմեց։ «Բարեբախտաբար Մեսրոպ Պատրիարքի ժամանակ այս մարդիկ չկային։ Կը յիշե՞ս, այդ ժամանակ ալ «Պետութիւնը Մեսրոպ Պատրիարքին դէմ է» ըսողներ կային, բայց ի՞նչ եղաւ ձեւով մը լուծում մը գտնուեցաւ։ Եթէ այս մարդիկը ըլլային մեզի դառնալով պիտի ըսէին, թէ «Ի՞նչ կրնանք ըսել, պետութիւնը այս կ՚ուզէ»։ Եթէ ասոնք այն ատեն վարչական ըլլային Մեսրոպ Պատրիարքի նման առաջնորդէ մը զրկուած կ՚ըլլայինք»։
Շիտակ է ըսածները ի՞նչ կրնամ ըսել որ։ Յետոյ ուրիշ մէկը կար։ Ան ալ Նախաձեռնարկ Մարմնի ատենապետէն կը դժգոհէր։ Ատենապետը, «Ի զուր տեղը փոթորիկ ստեղծեցին» ըսեր է։ Ծօ՛ օղլում քու նախագահած կազմէն եօթը հոգի հրաժարեր է, ի զուր տեղը ո՞րն է ասոր։ Խոստովանիմ, պատասխան չկրցայ տալ։ Շատեր ալ թաղականներու կեցուածքով տարուած են։ կ՚ըսեն թէ Պարոն Պետրոսը Մաշալեանին որ զօրակցեցաւ, Կիւլմեզկիլն ալ բնականաբար անոր հակառակ ճամբան բռնեց։ Հիմա Տիգրան Կիւլմեզկիլ ամէն տեղ կ՚երթայ հասակը ցոյց կու տայ։ Իրաւ Պետրոս էֆենտին ո՞ւր է։ Ի՞նչ ըսեմ ես էն ծայրէն ըսի՝ իմ խելքս ասանկ հիլելի խուրտալու գործերուն չի աշխատիր։
Հիմա նոր խնդիր մը տահա ելաւ։ Պէյօղլուի թաղականներէն Սիմոն էֆենտին ալ դատ մը բացեր է։ «Չհասկցայ մէկ դատը չէր բաւե՞ր, որ դատ մը եւս բացին» հարցուցի։ Մեղեր գործին մէջ գործ կայ եղեր։ Աս անգամ ալ խանութպաններէն մէկը յիշեցուց, որ Շիրինօղլուին ու Սիմոն Չեքեմի արան ուրիշ խնդիր ալ կայ եղեր։ Ասոնք բացէ ի բաց իրարու առեր տուեր են։ «Կարծես թէ ընտրութենէն վերջը Պէյօղլուին գլխին ալ բաներ մը կը բացուի տիյէ տերթ կ՚ընեն կոր»։ Ի՞նչ ըսեմ կ՚ըլլայ մի՝ կ՚ըլլայ։ Այս արա ամէն բան կը սպասուի։
Մէյմն ալ Ազգային Ժողովի խնդիրը կայ։ Հիմա ամէն մարդ իր գլխէն բաներ մը կ՚ըսէ։ Պապամ ասիկա անցեալին ալ կար։ Ի՞նչ եղաւ տէ վերցուցին։ Իրենք իրենց կազմին ընտրութիւնը չեն կրնար ընել։ Ազգային Ժողովը ինչպէ՞ս պիտի ընեն։ Յետոյ այս Ազգային Ժողովը ի՞նչ պիտի ընէ, ի՞նչ պիտի որոշէ։ Այս բոլորը առանց համայնքին մէջ խօսելու ինչո՞ւ Ներքին Գործոց Նախարարին հետ կը խօսին։
Այս արա Նիւ Եորքի «Աղթամար»ի ցուցահանդէսն ալ էփէյ կը խօսուի կոր։ Արդէն քանի «Աք Տամար» ըսելը լսեմ նէ չիղերս ոտքի կ՚ելլան, մէյմն ալ Իսթանպուլէն տասը թաղական առնել այդ տեղերը տանիլը ի՞նչ խելքի կը ծառայէ հասկցած չեմ։ Այդտեղի Առաջնորդարանէն ալ մէկը կանչեցի՞ն։ Կանչեցին տէ, անոնք մի չեկա՞ն։ Այդ մասին ալ խօսք մը չկայ։ Ինչեւիցէ, այս շաբթուան համար, այսքանը հերիք է։ Նոր բաներ մը, եթէ իմանամ կու գամ կը պատմեմ։