Ծանր է դպրոց փակելու հետեւանքը

ԱՄՆ-ի Փա­­­սատե­­­նա քա­­­ղաքի հայ­­­կա­­­­­­­կան միակ երկրոր­­­դա­­­­­­­կան վար­­­ժա­­­­­­­րանը փա­­­կելու ՀԲԸ Միու­­­թեան որո­­­շու­­­մը ցնցած ըլ­­­լալ կ՚երե­­­ւի ամ­­­բողջ սփիւռքը եւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը։ Սա­­­կայն վար­­­ժա­­­­­­­րան կորսնցնե­­­լու ցա­­­ւը ամե­­­նէն շատ ընդվզե­­­ցու­­­ցած եւ խո­­­ցած է ծնող­­­նե­­­­­­­րը, շրջա­­­նաւարտնե­­­րը եւ ան­­­շուշտ աշա­­­կեր­­­տութիւ­­­նը։ Վեր­­­ջիննե­­­րը, ան­­­ցած եր­­­կու շա­­­բաթ­­­նե­­­­­­­րուն դար­­­ձած են ցու­­­ցա­­­­­­­րար­­­ներ, ըն­­­կե­­­­­­­րային ցան­­­ցե­­­­­­­րու վրայ հայ­­­կա­­­­­­­կան վար­­­ժա­­­­­­­րանը եւ հա­­­յեցի դաս­­­տիարա­­­կու­­­թիւնը պաշտպա­­­նելու ելած ինքնա­­­կոչ վա­­­հան­­­ներ եւ հան­­­րա­­­­­­­հաւաք­­­նե­­­­­­­րու կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պիչներ։ Ստո­­­րեւ թարգմա­­­նաբար կը հրա­­­տարա­­­կենք աշա­­­կեր­­­տի մը նա­­­մակը (անու­­­նը ծած­­­կե­­­­­­­լով) ուղղո­­­ւած՝ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան վար­­­չա­­­­­­­պետ Նի­­­քոլ Փա­­­շինեանին։

Յար­­­գե­­­­­­­լի վար­­­չա­­­­­­­պետ Փա­­­շինեան,

Ձեր գլուխ հա­­­նած «Թաւ­­­շեայ յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւն»ը ոգե­­­ւոր­­­ման մեծ ալիք մը ստեղ­­­ծած է իմ եւ իմ նման բիւ­­­րա­­­­­­­ւոր հայ երի­­­տասարդնե­­­րու մօտ։ Ես իր մայ­­­րե­­­­­­­նիին, մշա­­­կոյ­­­թին, պատ­­­մութեան եւ քրիս­­­տո­­­­­­­նէական հա­­­ւատ­­­քին հպար­­­տօ­­­­­­­րէն փա­­­րած Ամե­­­րիկա­­­հայ երի­­­տասարդ մըն եմ։ Սա­­­կայն իմ այդ զգա­­­ցումնե­­­րը ծան­­­րօ­­­­­­­րէն խոր­­­տա­­­­­­­կուած է լսե­­­լով 13 տա­­­րինե­­­րէ ի վեր ինձ եւ նման­­­նե­­­­­­­րուս հա­­­յեցի ու­­­սում ջամ­­­բող Վա­­­չէ եւ Թա­­­մար Մա­­­նու­­­կեան երկրոր­­­դա­­­­­­­կան վար­­­ժա­­­­­­­րանի փա­­­կուե­­­լու մա­­­սին լու­­­րը։ Մեր դպրո­­­ցը կը պատ­­­կա­­­­­­­նի Հայ Բա­­­րեգոր­­­ծա­­­­­­­կան Ընդհա­­­նուր Միու­­­թեան եւ հի­­­մա մատ­­­նո­­­­­­­ւած է իր առա­­­քելու­­­թիւնը դադ­­­րեցնե­­­լու շե­­­մին։ Եթէ իրա­­­կանա­­­նայ այդ որո­­­շու­­­մը փա­­­կուած պի­­­տի ըլ­­­լայ Կլեն­­­տէլ Փա­­­սատե­­­նայի միակ հայ­­­կա­­­­­­­կան երկրոր­­­դա­­­­­­­կան վար­­­ժա­­­­­­­րանը։ Նշեմ որ Կլեն­­­տէ­­­­­­­լը աշ­­­խարհի վրայ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէ ետք ամե­­­նահոծ հայ բնակ­­­չութիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող քա­­­ղաքն է։

Ձե­­­զի կը դի­­­մեմ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ հա­­­ւատա­­­ցած եմ թէ դուք աշ­­­խարհի ամե­­­նահե­­­ղինա­­­կաւոր հայն էք, որ կա­­­րողու­­­թիւն ու­­­նիք այս խեն­­­թութիւ­­­նը վե­­­րաց­­­նե­­­­­­­լու։ Քա­­­նի մը ամիս­­­ներ առաջ Լոս Ան­­­ճե­­­­­­­լըսի ձեր ելոյ­­­թին ըսած էիք, թէ «Հայ ըլ­­­լալ ոչ թէ Հա­­­յաս­­­տան ապ­­­րիլ կը նշա­­­նակէ, այլ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նով ապ­­­րիլ»։ Ես ձեր այս պատ­­­գա­­­­­­­մը շարժման կոչ մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով ըն­­­կա­­­­­­­լած եմ։ Թէ իմ ու­­­սա­­­­­­­նած դպրո­­­ցը եւ թէ միւս դպրոց­­­նե­­­­­­­րը կա­­­մուրջ մըն են մեր եւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մի­­­ջեւ։ Ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րը ամէն օր մեզ կը յու­­­շեն, թէ ով ենք եւ ուրկէ եկած։ Մե­­­զի կը փո­­­խան­­­ցեն հայ ըլ­­­լա­­­­­­­լու իմաս­­­տը։ Կը սոր­­­վեցնեն թէ Ամե­­­րիկեան սփիւռքին մէջ մեր վրայ դրո­­­ւած պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւն մըն է իմա­­­նալ մայ­­­րե­­­­­­­նին։ Եթէ յան­­­կարծ փա­­­կուի մեր դպրո­­­ցը ես պի­­­տի հար­­­կադրո­­­ւիմ ոչ հայ դպրոց մը յա­­­ճախե­­­լու։ Այդ պայ­­­մաննե­­­րու մէջ ո՞վ հա­­­յերէ­­­նով պի­­­տի դաս­­­տիարա­­­կէ զիս։ Ո՞վ պի­­­տի ու­­­սուցա­­­նէ մեր պատ­­­մութիւ­­­նը, գե­­­ղարո­­­ւես­­­տը եւ աւան­­­դոյթնե­­­րը։ Ոչ ոք ան­­­շուշտ։

Հա­­­մայն աշ­­­խարհի վրայ հա­­­յերը յա­­­ջողած են տնտե­­­սական ու քա­­­ղաքա­­­կան բազ­­­մաբնոյթ դժո­­­ւարու­­­թիւննե­­­րը յաղ­­­թա­­­­­­­հարել եւ իրենց գո­­­յու­­­թիւնը պա­­­հել ո՛չ թէ դպրոց փա­­­կելով, այլ նոր դպրոց­­­ներ կա­­­ռու­­­ցե­­­­­­­լով։

Յար­­­գե­­­­­­­լի վար­­­չա­­­­­­­պետ ձեզ­­­մէ կը խնդրեմ, որ մի­­­ջամ­­­տէք այս խնդրին եւ ար­­­գելք ըլ­­­լաք մեր սի­­­րելի վար­­­ժա­­­­­­­րանի փա­­­կուե­­­լուն։ Դպրո­­­ցի փա­­­կուի­­­լը շատ ծանր հե­­­տեւանքներ պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նայ ապա­­­գայ սե­­­րունդնե­­­րուն հա­­­մար։ Կը կար­­­ծեմ թէ նման քայլ մը պի­­­տի վնա­­­սէ հայ ինքնու­­­թեան յա­­­րատե­­­ւու­­­մին։ Քա­­­նի մը սե­­­րունդնե­­­րու տե­­­ւողու­­­թեամբ կրնանք կորսնցնել տա­­­րինե­­­րու կու­­­տա­­­­­­­կու­­­մը։

Յար­­­գա­­­­­­­նօք՝ ՀԲԸՄ-ի Վա­­­չէ եւ Թա­­­մար Մա­­­նու­­­կեան Վար­­­ժա­­­­­­­րանի Թ. դա­­­սարա­­­նի աշա­­­կերտ մը։

Կլեն­­­տէ­­­­­­­յլի Քա­­­լիֆոր­­­նիա

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ