Երուանդ Օտեան 150 տարեկան՝ վիշտը պատմեց երգիծանքով

Երբ սոյն տարեթիւին բովանդակ հայաշխարհը լծուած է ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ հայ երգի արքայ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150 ամեակը նշելու, կարելի չէ անտեսել նոյն թուին ծնած գրչի շատ կարեւոր մշակ մը, որ իր ուրոյն դրոշմը դրած է հայ երգիծական գրականութեան վրայ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Սեւան Տէյիրմէնճեանի Երուանդ Օտեանի 150 ամեակի առթիւ գրած յօդուածը։

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

 

«Ման­կութիւն չու­նե­ցող մար­դիկ» («Արաս» հրա­տարակ­չա­տուն 2016) անուն վէ­պին մէջ Անդրա­նիկ Ծա­ռու­կեան ման­կութեան յու­շե­րուն մէջ կը պատ­մէ շա­հեկան դրո­ւակ մը։ Յե­տեղեռ­նեան շրջա­նին Հա­լէպի մէջ հիմ­նո­ւած որ­բա­նոցի մէջ ան­համբե­րու­թիւն կը տի­րէ։ Որ­բա­նոցի ու­սուցիչ­նե­րը աշա­կեր­տութիւ­նը տե­ղեկա­ցու­ցած են, թէ եր­գի­ծաբան մը պի­տի այ­ցե­լէ, որ զո­­ւար­­ճա­­­խօսու­­թիւնով ծա­­նօթ է։ Վեր­­ջա­­­պէս կը հաս­­նի սպա­­սուած օրը։ Որ­­բա­­­նոցի անձնա­­կազ­­մը եւ աշա­­կեր­­տութիւ­­նը խոր լռու­­թեան մէջ կը հե­­տեւին սրահ մտնող յի­­սու­­նա­­­կան տա­­րիք­­նե­­­րով բա­­ւական յոգ­­նած դէմ­­քով ան­­ծա­­­նօթին։ Պատ­­րաստ են ծի­­ծաղե­­լու, բայց խոր լռու­­թիւնով կը սպա­­սեն անոր ելոյ­­թը։ Հիւ­­րը հա­­յեաց­­քը կ՚ուղղէ պա­­տանի­­ներուն եւ շրթնե­­րէն կը թա­­փին. «Ես ձեզ շատ կը սի­­րեմ իմ որ­­բուկներ» բա­­ռերը։ Եւ յան­­կարծ կը սկսի ար­­տա­­­սուել։ Տղա­­քը զար­­մանքի մատ­­նո­­­ւած են։ Ու­­սուցիչ­­նե­­­րը, որ կանգնած են դահ­­լի­­­ճի ամե­­նաետե­­ւի կար­­գե­­­րը, չեն կրնար զսպել իրենց ար­­ցունքնե­­րը։ Քիչ անց կար­­ծես վա­­րակո­­ւած ըլ­­լան, առանց գի­­տակ­­ցե­­­լու երե­­խեկն ալ կը սկսին ար­­տա­­­սուել։ Լաց ու կո­­ծը պա­­տած է ամ­­բողջ դահ­­լի­­­ճը։ Այդ օրո­­ւայ յի­­շատա­­կը եւ եկող հիւ­­րը խո­­րապէս տպա­­ւորած են Ծա­­ռու­­կեանը։ Ան տա­­րիներ անց հա­­յոց գրա­­կանու­­թեան դա­­սագրքին մէջ կը հան­­դի­­­պի Երո­­ւանդ Օտեանի լու­­սանկա­­րին եւ իս­­կոյն կը յի­­շէ խնդաց­­նե­­­լու հա­­մար որ­­բա­­­նոց այ­­ցե­­­լած, բայց բո­­լորը լա­­ցու­­ցած եր­­գի­­­ծաբա­­նը՝ Երո­­ւանդ Օտեանը։

Երո­­ւանդ Օտեան մեր գրա­­կանու­­թեան մէջ միշտ կը յի­­շուի իր եր­­գի­­­ծաբա­­նու­­թիւննե­­րով։ Մա­­նաւանդ անոր ստեղ­­ծած «Ըն­­կեր Բան­­չունի» («Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տուն 2000) կեր­­պա­­­րը քա­­ղաքա­­կան եւ հա­­սարա­­կական կեան­­քի ծի­­ծաղի առու­­մով գլուխ գոր­­ծոց մը կը հա­­մարո­­ւի։ Բայց ան նաեւ հայ գրա­­կանու­­թեան մէջ իրա­­ւապաշ­­տութեան ռահ­­վի­­­րայ հան­­դի­­­սացող «Արե­­ւելք» թեր­­թի շուրջ հա­­մախմբո­­ւած գրող­­նե­­­րու փա­­ղան­­գէն կա­­րեւո­­րագոյն սիւ­­նա­­­կագիր եւ թարգմա­­նիչ էր։

Ծնած էր ու­­ղիղ 150 տա­­րիներ առաջ, ճիշդ ալ այ­­սօր, Սեպ­­տեմբե­­րի 19-ին։ «Հա­­յոց Ազ­­գա­­­յին Սահ­­մա­­­նադ­­րութիւն»ի հե­­ղինակ Գրի­­գոր Օտեան իր հօ­­րեղ­­բայրն էր։ Կարճ շրջան մը յա­­ճախեց Սկիւ­­տա­­­րի Պեր­­պե­­­րեան վար­­ժա­­­րանը։ Դպրո­­ցական տա­­րինե­­րուն հրա­­տարա­­կեց ու­­սա­­­նողա­­կան «Վա­­ռարան» թեր­­թը։ Ու­­սումը զար­­գա­­­ցուց հօ­­րենա­­կան տան մէջ յա­­տուկ ու­­սուցիչ­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ։

Իր առա­­ջին գրու­­թիւննե­­րը եւ թարգմա­­նու­­թիւննե­­րը լոյս տե­­սան 1887-ին «Արե­­ւելք» եւ «Ման­­զումէ ի Էֆ­­քար» թեր­­թի էջե­­րէն։ Ար­­փիար Ար­­փիարեանի հրա­­ւէրով ստանձնեց «Արե­­ւելք»ի փոխ խմբագ­­րի պաշ­­տօ­­­նը։ 1894-ին գրել սկսաւ «Հայ­­րե­­­նիք» թեր­­թին մէջ։ Ապա 1896-ին ստանձնեց «Արե­­ւելք»ի խմբագ­­րի պաշ­­տօ­­­նը։ Պանք Օթո­­մանի դէպ­­քէն ետք հե­­ռացաւ Իս­­թանպու­­լէն եւ 12 տա­­րիներ շա­­րու­­նա­­­կեց մնալ Անգլիայէն մին­­չեւ Հնդկաս­­տան բազ­­մա­­­թիւ եր­­կիրներ։

Սահ­­մա­­­նադ­­րութեան հրա­­պարա­­կու­­մով վե­­րադար­­ձաւ Պո­­լիս։ 1915-ի Մա­­յիսին ձեր­­բա­­­կալո­­ւելով աք­­սո­­­րուե­­ցաւ Տէր Զօ­­րի անա­­պատը, ուր հրաշ­­քի բեր­­մամբ ողջ մնաց։ 1918-ին վե­­րադար­­ձաւ Պո­­լիս եւ սկսաւ թեր­­թօ­­­նի ձե­­ւով «Ժա­­մանակ»ի էջե­­րուն վրայ հրա­­տարա­­կել ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան վկա­­յու­­թիւննե­­րը «Անի­­ծեալ Տա­­րիներ» խո­­րագ­­րով։ Թուրք ազ­­գա­­­յին բա­­­նակին Պո­­­լիս մտնե­­­լէն ետք բազ­­­մա­­­­­­­թիւ մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու կար­­­գին Երո­­­ւանդ Օտեան ալ 1922-ին քա­­­ղաքը լքեց ու ան­­­ցաւ Պու­­­քա­­­­­­­րեշտ։ Ապա տե­­­ղափո­­­խուե­­­ցաւ Գա­­­հիրէ, ուր մա­­­հացաւ 1926-ին։

Երո­­­ւանդ Օտեանի գրա­­­կան ժա­­­ռան­­­գը ցրո­­­ւած է աշ­­­խարհի զա­­­նազան եր­­­կիրնե­­­րու բազ­­­մա­­­­­­­թիւ թեր­­­թե­­­­­­­րուն։ Թեր­­­թօ­­­­­­­նի ձե­­­ւով հրա­­­տարա­­­կուած վէ­­­պերը ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին հրա­­­տարա­­­կուե­­­ցան գիր­­­քի ձե­­­ւով։ Բայց անոնց մէջ 1915-ի յա­­­ջոր­­­դող տա­­­րինե­­­րը պատ­­­մող եւ իմ կար­­­ծի­­­­­­­քով ամե­­­նաեր­­­կար եղող «Կա­­­նանչ Հո­­­վանո­­­ցով Կի­­­նը» տա­­­կաւին ան­­­տիպ կը մնայ, որ­­­պէս առան­­­ձին հա­­­տոր։ Քա­­­նի մը տա­­­րինե­­­րու ծա­­­ւալող պրպտումնե­­­րու հե­­­տեւանք յա­­­ջողե­­­ցայ տար­­­բեր գրա­­­դարան­­­նե­­­­­­­րէն յայտնա­­­բերել թեր­­­թօ­­­­­­­նի պակ­­­սած էջե­­­րը։ Այս առ­­­թիւ կ՚ու­­­զեմ նշել թէ «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տու­­­նը ստանձնած է այս հա­­­տորի հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւնը։

«Տոմ­­­սակ» կո­­­չեալ իր կարճ յօդուած­­­նե­­­­­­­րը կար­­­ծես թէ ամ­­­բողջ կեան­­­քի ըն­­­թացքին գրե­­­լով զբա­­­ղած երո­­­ւանդ Օտեանի գրա­­­կանու­­­թեան կա­­­րեւո­­­րագոյն տար­­­րը կը կազ­­­մէ։ Տոմ­­­սակնե­­­րու մէջ կը ցո­­­լանայ քա­­­ղաքի ամե­­­նօրեայ ան­­­ցուդար­­­ձը, կա­­­րեւոր վայ­­­րե­­­­­­­րը, դէմ­­­քե­­­­­­­րը եւ առ­­­հա­­­­­­­սարակ ըն­­­կե­­­­­­­րային կեան­­­քը։ Մա­­­նաւանդ տոմ­­­սակնե­­­րը չոր ու ցա­­­մաք լրա­­­տուու­­­թե­­­­­­­նէ աւե­­­լի կը բնու­­­թագրեն նաեւ Օտեանի եր­­­գի­­­­­­­ծաբա­­­նի յատ­­­կութիւ­­­նը։

Յատ­­­կա­­­­­­­պէս ու­­­շագրաւ են Օտեանի յե­­­տեղեռ­­­նեան յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րը։ Իր կեան­­­քը ար­­­դէն մեծ ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրու­­­թիւն մըն է փոր­­­ձո­­­­­­­ւած Տէր Զօ­­­րի անա­­­պատով, կեան­­­քը փրկե­­­լու հա­­­մար ժա­­­մանա­­­կաւոր կրօ­­­նափո­­­խու­­­թեամբ եւ այլ զա­­­նազան երե­­­ւոյթնե­­­րով։ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէ վե­­­րապ­­­րած Օտեան եր­­­կաթգծի մի­­­ջոցաւ կը հաս­­­նի Պո­­­լիս, կը մտնէ «Ժա­­­մանակ»ի խմբագ­­­րա­­­­­­­տուն եւ կը սկսի 3-4 տա­­­րիներ շա­­­րու­­­նակ պատ­­­մել իր եւ իր ժո­­­ղովուրդի մար­­­տի­­­­­­­րոսա­­­նալու դրո­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը «Անի­­­ծեալ Տա­­­րիներ» խո­­­րագ­­­րով։

Նոյ­­­նիսկ գրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րու ու­­­շադրու­­­թե­­­­­­­նէն վրի­­­պած այս թեր­­­թօ­­­­­­­նը 2004-ին Երե­­­ւանի մէջ հրա­­­տարա­­­կուե­­­ցաւ Գրի­­­գոր Յա­­­կոբեանի կող­­­մէ։

Անգլե­­­րէնի ալ թարգմա­­­նուած այս գիր­­­քի թրքե­­­րէն թարգմա­­­նու­­­թիւնը եւս պի­­­տի հրա­­­տարա­­­կուի «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան կող­­­մէ։

Օտեան, երբ լծո­­­ւած էր այս եր­­­կա­­­­­­­րաշունչ թեր­­­թօ­­­­­­­նի գրառ­­­ման, միաժա­­­մանակ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէր գրել տոմ­­­սե­­­­­­­րը եւս։ Բայց անոնց բնոյ­­­թը հետզհե­­­տէ կը գե­­­րազան­­­ցէին Պոլ­­­սոյ կամ օս­­­մա­­­­­­­նեան երկրի ամե­­­նօրեայ խնդիր­­­նե­­­­­­­րը եւ կը ծա­­­ւալէին դէ­­­պի նո­­­րակազմ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան խնդիր­­­նե­­­­­­­րուն։ 21 Նո­­­յեմ­­­բեր 1918-ին հրա­­­տարա­­­կած եւ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէ վե­­­րապ­­­րածնե­­­րուն ուղղեալ «Ող­­­ջոյնի խօսք» հա­­­մարո­­­ւող յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րուն մէջ յե­­­տեղեռ­­­նեան հա­­­սարա­­­կու­­­թեան վի­­­ճակը քննա­­­դատող միտ­­­քեր կան։ Ան­­­շուշտ որ, այս գրու­­­թիւննե­­­րուն մէջ միշտ առ­­­կայ է եր­­­գի­­­­­­­ծան­­­քը։ Օտեան կը գի­­­տակ­­­ցի այս նոր շրջա­­­նի յատ­­­կութիւննե­­­րուն։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ «Ըն­­­կեր Բան­­­չունի» շար­­­քի վեր­­­ջին բա­­­ժինն ալ կը գրէ այս շրջա­­­նին։

Սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մէն ետք գրած կարգ մը գոր­­­ծե­­­­­­­րը թրքե­­­րէնով ալ հա­­­սած է ըն­­­թերցո­­­ղին։ Բա­­­ւական եր­­­կար լուռ շրջա­­­նէն ետք Օտեանի գոր­­­ծե­­­­­­­րը ան­­­գամ մը եւս դրո­­­ւած է թրքե­­­րէն ըն­­­թերցո­­­ղի սե­­­ղանին։ «Արաս»ի մա­­­տենա­­­շարէն «Ըն­­­կեր Բան­­­չունի»ն, «Էվե­­­րեստ»ի մա­­­տենա­­­շարէն «Ապ­­­տիւլհա­­­միտ եւ Շեր­­­լոք Հոլսմ» եւ «Քոր Քի­­­թապ» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յած «Հայ­­­կա­­­­­­­կան Սփիւռք»ը ըն­­­թերցո­­­ղի ու­­­շադրու­­­թեան ապա­­­ցոյցներ ըլ­­­լա­­­­­­­լով կը ներ­­­կա­­­­­­­յանան։

Երո­­­ւանդ Օտեան մա­­­հացաւ մեն մի­­­նակ։ Զինք հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոց այ­­­ցե­­­­­­­լող միակ բա­­­րեկամն էր Վա­­­հան Թէ­­­քէեան։ Ոմանք կան­­­խա­­­­­­­հաս մա­­­հը կը վե­­­րագ­­­րեն ալ­­­կո­­­­­­­հոլի հետ ու­­­նե­­­­­­­ցած սերտ բա­­­րեկա­­­մու­­­թեան։ Գրա­­­շարեր վեր­­­ջերս կը ստի­­­պուէին օրո­­­ւայ յօ­­­դուա­­­ծը ստա­­­նալու հա­­­մար մօ­­­տակայ կա­­­պելան այ­­­ցե­­­­­­­լելու։ Այդ տե­­­ղը իրեն գրա­­­սենեակ եղած էր կար­­­ծես։ Բա­­­րեկամ­­­ներ կը հարցնէին թէ ին­­­չո՞ւ կը խմէ։ «Վիշ­­­տերս մոռ­­նալ կ՚ու­­զեմ» կը պա­­տաս­­խա­­­նէր։ Երբ կը պնդէին ըսե­­լով թէ «Օգուտ ու­­նի՞», «Բո­­լորն ալ լաւ լո­­ղացող են» կ՚ըլ­­լար պա­­տաս­­խա­­­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ