Ճեմ Սոֆուօղլու կը պայքարի 1924-ին ընդունուած օրէնքին դէմ

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

 

Կը շարու­­­նա­­­­­­­կուի Մե­­­ծի Տանն Կի­­­լիկիոյ Կա­­­թողի­­­կոսա­­­րանի եր­­­բեմնի կա­­­թողի­­­կոսա­­­պատ­­­կան կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րու պա­­­հան­­­ջով յա­­­րու­­­ցած դա­­­տավա­­­րու­­­թիւնը։ Կա­­­թողի­­­կոսա­­­րանը փաս­­­տա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջոցաւ դատ բա­­­ցած էր Ատա­­­նայի եր­­­բեմնի Սիս այժմու Քո­­­զան քա­­­ղաքի դա­­­տարա­­­նին մօտ, պա­­­հան­­­ջե­­­­­­­լով բռնագ­­­րա­­­­­­­ւուած տա­­­րած­­­քի հա­­­մար հա­­­տու­­­ցում։ Դա­­­տարա­­­նը մեր­­­ժեց թա­­­փուի ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րութիւննե­­­րուն ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը։

Կա­­­թողի­­­կոսա­­­րանի պատ­­­կա­­­­­­­նող հո­­­ղատա­­­րած­­­քը բա­­­ւական ըն­­­դարձակ է իր մէջ առ­­­նե­­­­­­­լով վան­­­քեր, եկե­­­ղեցի­­­ներ եւ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ կա­­­լուած­­­ներ։ 1915-ի ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէ ետք կա­­­թողի­­­կոսա­­­կան նստա­­­վայ­­­րը հար­­­կադրո­­­ւած էր փո­­­խադ­­­րո­­­­­­­ւիլ Լի­­­բանան։ Ան ապա 1918-ին պաշ­­­տօ­­­­­­­նապէս ետ ստա­­­ցաւ իր սե­­­փակա­­­նու­­­թիւնը եղող կա­­­լուած­­­նե­­­­­­­րը, բայց չկրցաւ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծել անոնք։ Անցնող վեց տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին Կա­­­թողի­­­կոսու­­­թեան իրա­­­ւունքնե­­­րը պաշտպա­­­նող փաս­­­տա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րը չեն յա­­­ջողած սե­­­փակա­­­նու­­­թիւնը երաշ­­­խա­­­­­­­ւորող պաշ­­­տօ­­­­­­­նական թղթած­­­րարնե­­­րը տես­­­նել։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս դա­­­տական խնդի­­­րը վեր­­­լուծող Քո­­­զանի ատեանը յօ­­­ժարե­­­ցաւ տո­­­ւեալ փաս­­­տաթղթե­­­րը պատ­­­կան գրա­­­սենեակէն պա­­­հան­­­ջել։ Սա­­­կայն սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կեց այս փաս­­­տաթղթե­­­րու քննար­­­կումը։ Այժմ յայտնի չէ թէ փաս­­­տա­­­­­­­բան­­­ներ որ մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րով պի­­­տի յա­­­ջողին ու­­­սումնա­­­սիրել եկած փաս­­­տաթղթե­­­րը։

Կա­­­թողի­­­կոսա­­­րանի փաս­­­տա­­­­­­­բան Ճեմ Սո­­­ֆուօղ­­­լու ար­­­դէն իսկ ձեռ­­­նարկած է իրա­­­ւական գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւննե­­­րու։ Նշենք թէ Քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանի կող­­­մէ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծո­­­­­­­ւած տա­­­րած­­­քին մէջ ար­­­դէն կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած է խա­­­ղավայր մը։ Սո­­­ֆուօղ­­­լու 4 Մարտ 2014-ին դի­­­մում կա­­­տարե­­­լով ու­­­սումնա­­­սիրել ու­­­զած էր թա­­­փուի ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րութիւննե­­­րը։ Իր դի­­­մու­­­մը մեր­­­ժո­­­­­­­ւած էր 6 Մարտ 2014-ին գա­­­ւառա­­­պետի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած ար­­­գելքին պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ։

Այս զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րէն ետք 2015-ին խնդի­­­րը փո­­­խադ­­­րո­­­­­­­ւեցաւ Սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան դա­­­տարան։ Սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան դա­­­տարա­­­նին բա­­­ցատ­­­րութիւններ տո­­­ւող Ար­­­դա­­­­­­­րադա­­­տու­­­թեան նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը եւս լուռ մնաց թա­­­փուի ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րութիւննե­­­րու խնդրին շուրջ։ Իր ղրկած բա­­­ցատ­­­րութեան մէջ կ՚ըսո­­­ւէր թէ կա­­­լուա­­­ծը նա­­­խապէս փաս­­­տա­­­­­­­թուղթ մը չէ ու­­­նե­­­­­­­ցած եւ աւե­­­լի ուշ պատ­­­րաստո­­­ւած թա­­­փուի ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րութեան հետ միասին փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւած է Քո­­­զանի քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանին։ Փաս­­­տա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րը ապա դի­­­մած էին Եւ­­­րո­­­­­­­պայի Մար­­­դու Իրա­­­ւունքնե­­­րու Ատեան, բայց այս վեր­­­ջինն ալ պնդե­­­լով թէ վերջնա­­­կանա­­­պէս չէ աւար­­­տած ներ­­­քին իրա­­­ւաբա­­­նական գոր­­­ծընթա­­­ցը, մեր­­­ժած է քննել տո­­­ւեալ թղթած­­­րա­­­­­­­րը։

Փաս­­­տա­­­­­­­բան Սո­­­ֆուօղ­­­լու նա­­­խորդ շա­­­բաթ կրկին դի­­­մում կա­­­տարեց Քո­­­զանի Երկրորդ Ատեանին, պա­­­հան­­­ջե­­­­­­­լով, որ ջնջո­­­ւի տա­­­րած­­­քը քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանին փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լու որո­­­շու­­­մը։ Դա­­­տարա­­­նը թա­­­փուի տնօ­­­րէնու­­­թե­­­­­­­նէն կրկին պա­­­հան­­­ջեց ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րութիւննե­­­րը եւ սա­­­կայն 26 Օգոս­­­տո­­­­­­­սին կա­­­յացած որո­­­շու­­­մով սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կեց անոնց քննար­­­կումը։ Դա­­­տարա­­­նը մէկ կող­­­մէն կը հաս­­­տա­­­­­­­տէր դա­­­տական գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թեան նիւթ դար­­­ձած փաս­­­տաթղթե­­­րու թա­­­փան­­­ցի­­­­­­­կու­­­թեան անհրա­­­ժեշ­­­տութիւ­­­նը, բայց միւս կող­­­մէն կը յա­­­մառէր գաղտնա­­­պահու­­­թեան սկզբունքին վրայ։ Այս ար­­­գելքը կը հաս­­­նի ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան յա­­­ջոր­­­դող տա­­­րինե­­­րուն, երբ առա­­­ջին ան­­­գամ 1924-ին այս ուղղու­­­թեամբ օրէնք կա­­­յացաւ, որու շնոր­­­հիւ գաղտնա­­­պահու­­­թիւն կը տի­­­րէ նախ­­­քան 1924 մա­­­հացած կամ եր­­­կի­­­­­­­րը լքած­­­նե­­­­­­­րուն ժա­­­ռան­­­գորդնե­­­րուն թա­­­փուի տո­­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րը քննար­­­կե­­­­­­­լուն դէմ։

Սո­­­ֆուօղ­­­լու քննա­­­դատեց այս գոր­­­ծադրու­­­թիւնը ըսե­­­լով թէ այս դա­­­տը սե­­­փակա­­­նու­­­թեան վե­­­րաբե­­­րեալ դատ մըն է եւ չու­­­նի որե­­­ւէ քա­­­ղաքա­­­կան երե­­­սակ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ անըն­­­դունե­­­լի է փաս­­­տա­­­­­­­թուղթե­­­րու վրայ դրո­­­ւած նման ար­­­գելքը։

Փաս­­­տա­­­­­­­բանը աւել­­­ցուց ըսե­­­լով թէ այժմ կը պատ­­­րաստո­­­ւին այս ար­­­գելքը տնօ­­­րինող օրէն­­­քը չե­­­ղեալ հա­­­մարե­­­լու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ