Իմաստութեան սանդղամատերը
Եւ ի՞նչ ընէր «աստիճան» բառը, երբ բազմաթիւ երկվանկ գոյականներ, նոյնիսկ միավանկեր փոքրակազմ, անոր սանդղամատերու վրայ ոստոստելով կը տիրանային աստիճաններու, կը դառնային բազմանդամ՝ ունենալով բարդ եւ ածանց բառերու հարստութիւն, ապա կը վայելէին պատկերալից դարձուածքներու եւ ասոյթներու նախանձելի պերճութիւն մը։ Իսկ ի՛նքը, «աստիճան» բառը, որ եռավանկ էր եւ բազմաձայն ու արտաքինով աւելի ներկայանալի էր միւսներէն, կը մնար ստորոտը։ Հետեւեալը, յարգելի ընթերցող, «աստիճան» բառի մանրավէպն է՝ Երեւանի Կասկադ համալիրի 572 աստիճաններու վրայ մտայղացուած։
- Պարո՛ն, աստիճանները ելած ժամանակ ետեւ դառնալ ու նայիլ չկա՞յ։
- Չկայ։ Երբ հասնինք գագաթ, կը դառնաք ու ձեր աչքերուն առջեւ յանկարծ կը յայտնուի հիասքանչ համայնապատկեր, հորիզոնի վրայ Արարատով պսակուած։ Բոլորդ պատրա՞ստ էք։ 3... 2... 1..., օ՛ն։
Ոմանք սկսան սուրալ, ոմանք առանց վազելու՝ համաչափ քայլերով սկսան ելլել՝ իրենց շունչը վերջին աստիճաններուն պահելու համար։ Իսկ կան աշակերտներ, որոնք մրցիլ կամ աճապարել չեն սիրեր։ Լեւոնն ու Տերեւը, քիչ մը անջատ միւսներէն, կաթնագոյն կրաքարէ աստիճանները զրուցելով կը բարձրանան, Շողիկն ու Անին որոշած են ամէն տասը-քսան աստիճանին փոփոխուող տեսարանը ըմբոշխնել, իսկ Փաթիլը ամէն քայլափոխին սկսած է լուսանկարել զարդաքանդակները, ցայտաղբիւրները եւ ժամանակակից արձանները։ Ան որոշած է դասարանի համար գեղատեսիլ պաստառ մը շինել։ Ամենամեայ այս ծիսակատարութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ աշխարհահայեացքներու երկու բեւեռներ. առաջնութիւն մը շահելու համար սուրալ նպատակին, կամ՝ շրջահայեաց դանդաղիլ, ընդ որում վայելել շրջապատի գեղեցկութիւնները (կայ նաեւ այդ երկուքին աստիճանաւորումները)։ Կասկադէն վեր երբ աստիճան առ աստիճան կը յայտնուի մայրաքաղաքը, կը յայտնուի նաեւ «աստիճան» բառի պատմութիւնը...։
Լուսանկար՝ Լարա Խորխորունի
Ծագումը անյայտ է։ Ստուգաբաններ երկու կարծիքի մէջ են- իրանակա՞ն է, թէ՝ չէ։ Կը կարծուի, թէ սեռած ըլլայ հնդեւրոպական մէկ արմատէն, որ նշանակեր է «քալել, ելլել, սանդուխ բարձրանալ»։ Նախապէս ունեցեր է նաեւ «աշտիճան» ձեւը։ Սեբաստիոյ մէջ «ասդիճան» է եղած, Ջուղայի եւ Թիֆլիսի մէջ՝ «ասլիջան», իսկ Արցախի մէջ՝ «ասլըջան»։ Սուրբ Գիրքի առաջին թարգմանութեան մէջ հազիւ նշմարելի է անոր գործածութիւնը։ Ամենէն ներկայանալին՝ այն գահն է, որ Սողոմոն թագաւորը շիներ է. «Եւ վեց աստիճանք էին աթոռոյն կապեալք ոսկւով»։ Տխուր է բարդ եւ ածանց բառերու սակաւութիւնը։ Եթէ Սիամանթօն բարեխիղճ չըլլար ու անոր չշնորհէր «անաստիճան» ընտիր ածականը, պիտի ունենար միայն հինգ-վեց անդամ. բարձրաստիճան, երկաստիճան, եռաստիճան, աստիճանազրկել, աստիճանաւորում։ Այս համեստ բանաստեղծին քիչ վերջ պիտի վերադառնանք, բայց հիմա տեսնենք, թէ աշակերտները ուր հասեր են։ Սպասելիօրէն Նարեկը, Վէմը, Սարինը եւ Շանթը ախոյեանութեան կը յաւակնին։ Երազկոտները մնացեր են վարերը։
Մարդը անդրադարձաւ, թէ «աստիճան» բառը կրնար նշանակել նաեւ հասարակական դիրք, պատիւ, համեմատական մեծութիւն, անկիւնի եւ աղեղի չափ, ժամացոյցի բաժանմունք, տան յարկ, ջերմութեան չափ, իսկ երաժշտութեան մէջ՝ ձայնի բարձրացման կամ իջման չափը։ Ուստի, մեր առօրեայ զրոյցները համեմուած կ՚ըլլան հետաքրքիր խօսքերով, ինչպէս՝ առաջին աստիճանի կրծքանշան կամ շքանշան, զարգացման աստիճան, աւագութեան աստիճան, դիւանագիտական աստիճան, գիտական աստիճան, իջնող եւ ելլող աստիճաններ, միտքը 180 աստիճան փոխել, ցելսիուսի աստիճան, 451 աստիճան ֆարենյայտ։ Առաւելաբար, բարձրաստիճան հիւրերը կ՚իջնեն գորգածածկ աստիճաններէն ու հայկական եկեղեցւոյ վարդապետութեան աստիճանները 14 հատ են։ Ունինք նաեւ «աստիճան» բառի հինցած մէկ այլ նշանակութիւն՝ ազգականական մերձաւորութիւն։ Հայոց մայրենին աստիճանաբար հարստացաւ նաեւ դարձուածքներով. աստիճան տալ, աստիճանը բարձրացնել, աստիճանը իջեցնել։ Ե. դարու պատմիչ Ղազար Փարպեցին կը յայտնուի ու մեզի կու տայ «աստիճան» բառի առաջին սահմանումը. «Նշանակ եւ վիճակ որպիսի եւ է բարձրութեան եւ ցածութեան, կամ մերձաւորութեան եւ հեռաւորութեան»։
Արագընթաց քառեակը կը հասնի գագաթ։ Առաջին աստիճանին կը տիրանայ Վէմը, երկրորդին՝ Նարեկը եւ երրորդին՝ Սարինը։
Օրեր եղան, «աստիճան» բառն ալ հասաւ գրական եւ քաղաքական հայերէնի բարձունքներ։ Նախ դարձաւ կառավարութիւն քննադատող եւ բարեփոխութիւններ ջատագովող քաղաքագէտի իմաստուն խօսքեր. «Աստիճանները վերեւից պէտք է սկսել մաքրել», «Ցածր է, թէ՚ վստահութեան աստիճանը պետական մարմինների նկատմամբ, թէ՚ մասնակցութեան աստիճանը»։ Ապա լսեցինք նոյն աստիճան արդար երաժշտական գնահատում մը. «Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը դժուար է յաղթահարել...», հայկական բեմի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն պարուսոյց Վիլեն Գալստեանն էր խօսողը- «նրա երաժշտութեանը պէտք է հասնես աստիճան առ աստիճան»։ Օր մը, «աստիճան» բառը մարդացաւ- Մեսրոպ Մաշտոցն էր ան՝ Ատոմ Եարճանեանի գրիչով լեզուի եկած։ «Սուրբին աղօթքը» քերթուածին մէջ Մաշտոցը, Աստուծոյ առջեւ ինքզինք արժանի չտեսնելով որեւէ աստիճանի, կը հառաչէ այսպէս. «...Ես անաստիճան ճգնաւոր եւ անթռիչ հռետոր»։ Իսկ Աշուղ Ճիւանին հայրենիքը տեղադրեց ամենաբարձր աստիճանի վրայ.
«Ոչ մի տեղ հայրենիքից բարձր աստիճան չի լինի»։
Իմաստուն աշուղը տուաւ նաեւ խրատ մը. «Բախտը աստիճան չի բերեր»։ Իսկ հասարակական աստիճաններու մեկնութիւնը եկաւ ծաղրածուէ մը։ Լեոնիդ Ենգիբարեանն էր ան, խորհրդային աշխարհի հռչակաւոր մնջախաղ, կրկէսի դերասան, իմաստութեան ամենաբարձր աստիճանները հասած անձնաւորութիւն. «Սխալւում են նրանք, ովքեր մտածում են, թէ մարդու կեանքում գլխաւորը ճանապարհն է։ Ոչ, գլխաւորը՝ աստիճաններն են։ Մի՛ նեղացրէք աստիճաններին»։
Վերջին աշակերտներն ալ հասան գագաթ։ Այժմ ամէն մէկը, լուռ, իմացութեան իր աստիճանով կը դիտէ մայրաքաղաքը- մէկը լուսանկարի իր գործիքով, մէկը անթարթ, իսկ ուրիշ մէկը՝ աչքերը փակ։ Վէմը կը մօտենայ.
- Պարոն, այս աստիճաններու վրայ ինքզինքս աւելի հասունցած կը զգամ։
- Շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել «աստիճան» բառին։ Ան է, որ մեզի կը պարգեւէ տեսարանի եւ մտքի բարձրութիւններ։ Իսկ դուք աւելի գիտակ պիտի դառնաք այն օրը, երբ կանգնինք Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի առջեւ ու լսէք անոր 54 աստիճաններու պատմութիւնը։