ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԲԱԺԱԿ

Սիրոյ դիւրաբեկ ըմպանակը

Առաջին տէրս իշխան մըն էր։ Ան Դո­­­ւին քա­­­ղաքի շա­­­հաս­­­տա­­­­­­­նի մե­­­ծարո­­­ւեստ վար­­­պե­­­­­­­տէ մը գնած էր զիս բարձր գու­­­մար վճա­­­րելով։ Իշ­­­խա­­­­­­­նը կը սի­­­րէր մեծ կո­­­չունքնե­­­րու ժա­­­մանակ զիս բարձրաց­­­նել ու երկրի չորս ծա­­­գերէն հա­­­սած ազ­­­նո­­­­­­­ւատոհմ սե­­­պուհնե­­­րուն եւ քա­­­ջարի աս­­­պետնե­­­րուն արեւ­­­շա­­­­­­­տու­­­թիւն մաղ­­­թել։ Ապա հպար­­­տօ­­­­­­­րէն եւ ժպի­­­տով կ՚ըմ­­­պէր փրփրա­­­լից գի­­­նին, որ­­­մով լե­­­ցուած կը մնա­­­յի ամ­­­բողջ գի­­­շեր։ Իր յաղ­­­թա­­­­­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն փայ­­­լուն նշա­­­նը մնա­­­ցի մին­­­չեւ այն օրը, երբ քա­­­ղաք ու պա­­­լատ ան­­­տէր մնա­­­ցին... Կը նե­­­րէք, մոռ­­­ցայ ինքզինքս ծա­­­նօթաց­­­նել։ Ես բարձր ոտ­­­քով ապա­­­կի բա­­­ժակ եմ, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի պատ­­­մութեան թան­­­գա­­­­­­­րանի մէջ ցու­­­ցադրո­­­ւող։ Ըստ զիս ծա­­­նու­­­ցա­­­­­­­նող պի­­­տակին հայ­­­կա­­­­­­­կան բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րուն ամե­­­նէն որա­­­կաւորն եմ։ Ծնունդ առած եմ Դո­­­ւինի շա­­­հաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ, ապա­­­կեգոր­­­ծի մը ար­­­հեստա­­­նոցէն ներս, երբ վար­­­պետս, ար­­­գա­­­­­­­ւանդ օր մը, որո­­­շեր էր իր հան­­­ճա­­­­­­­րի պատ­­­կե­­­­­­­րած գե­­­ղեց­­­կութիւն մը ստեղ­­­ծել ու սկսեր էր իր շունչով յօ­­­րինել զիս։ Զար­­­դա­­­­­­­րանքս զուսպ է։ Մար­­­մինս կը պա­­­րու­­­րեն լու­­­սէ գի­­­ծեր, նշա­­­նակո­­­ւած՝ նուրբ ապա­­­կեթե­­­լերով։ Ու­­­նիմ կո­­­ճական­­­ման գու­­­նա­­­­­­­ւոր ելուստներ։ Իշ­­­խա­­­­­­­նէն ետք ին­­­ծի տի­­­րացան մե­­­տաք­­­սա­­­­­­­վաճառ մը, ճգնա­­­ւոր տա­­­ղասաց մը ու վեր­­­ջա­­­­­­­պէս աւա­­­գերէց մը... Լաւ կը յի­­­շեմ 1225 թո­­­ւակա­­­նը։ Աս­­­պա­­­­­­­տակող­­­ներ քա­­­ղաք մտան ու սկսան քան­­­դել եւ թա­­­լանել ամէն բան։ Զիս յափշտա­­­կեց ու իր ծա­­­րաւին գո­­­հացում տալ սկսաւ անօ­­­րէն մը։ Տա­­­րի մը ետք քստմնե­­­լիօրէն սպան­­­նո­­­­­­­ւեցաւ այդ մէ­­­կը, երբ մոն­­­ղոլնե­­­րը ներ­­­խուժե­­­ցին քա­­­ղաք։ Վեր­­­ջին պատ­­­կե­­­­­­­րը հե­­­տեւեալն է, որ կը յի­­­շեմ... Կը լսեմ այդ շո­­­ւայ­­­տի հո­­­գեվար­­­քի հռնդիւննե­­­րը։ Անոր զա­­­զիր ձեռ­­­քե­­­­­­­րը կը թուլնան ու կ՚իյ­­­նամ։ Զիս կը գրկէ ոս­­­կե­­­­­­­թել բար­­­ձիկ մը, որ ին­­­ծի պէս առե­­­ւան­­­գո­­­­­­­ւած էր դղեակէ մը։ Յետոյ՝ ոչինչ։ Ոչինչ կը յի­­­շեմ... Այ­­­սօր զիս դի­­­տող­­­նե­­­­­­­րը կը կար­­­ծեն, թէ հայ­­­կա­­­­­­­կան բո­­­լոր բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րէն եւ «բա­­­ժակ» բա­­­ռէն միշտ յոր­­­դեր են գի­­­նի, ծի­­­ծաղ եւ ցնծու­­­թիւն։ Մօ­­­տեցէք ին­­­ծի։ Մի՛ քա­­­շուիք, չեմ կոտ­­­րիր։ Պի­­­տի տես­­­նէք, թէ կեան­­­քի բա­­­ժակը ցմրուր քա­­­մած եմ- փառ­­­քի օրե­­­րու քով տե­­­սեր եմ խեղ­­­ճութիւններ հա­­­ւասա­­­րապէս։ Լե­­­ցուեր եմ թէ՛ գի­­­նիով եւ թէ՝ դառ­­­նութեամբ, եր­­­բեմն ալ՝ արիւ­­­նով... Հե­­­տեւեալը իմ եւ ձեր պատ­­­մութիւնն է՝ բա­­­ժակ մը յօ­­­դուա­­­ծի մէջ լե­­­ցուած։

Սկսիմ 434 թո­­­ւակա­­­նէն։ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի հա­­­յերէն թարգմա­­­նու­­­թիւնը 66 ան­­­գամ կը բարձրաց­­­նէ զիս։ Յի­­­սուս Քրիս­­­տո­­­­­­­սի շրթունքին ալ կը ծա­­­ռայեմ, երբ ան կը պա­­­տուի­­­րէ. «Զբա­­­ժակն իմ ըմ­­­պի­­­­­­­ցէք» ու կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ. «Այս բա­­­ժակ է նոր ուխտ իմով արեամբ»։ Սուրբ գիր­­­քի էջե­­­րուն մէջ կը դառ­­­նամ նաեւ՝ բա­­­ժակ փրկու­­­թեան, կոր­­­ծանման, մխի­­­թարու­­­թեան, բեկ­­­ման, ապա­­­կանու­­­թեան եւ օրհնու­­­թեան։ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչը նաեւ կ՚ու­­­սուցա­­­նէր, թէ կա­­­րելի չէ թէ՛ Տի­­­րոջ եւ թէ՝ դե­­­ւերուն բա­­­ժակէն ըմ­­­պել. «Ոչ կա­­­րէք զբա­­­ժակն Տեառն ըմ­­­պել եւ զբա­­­ժակն դի­­­ւաց»։

... Բա­­­ժակա­­­կից, քաղցրա­­­բաժակ, բա­­­ժակա­­­ճառ։ Ահա, այս բա­­­ռերը հո­­­սեցան հա­­­յոց շրթնե­­­րէն, երբ մայ­­­րե­­­­­­­նին կը վա­­­յելեր արեւ օրեր։ Օր մը յայտնո­­­ւեցաւ «արիւ­­­նա­­­­­­­բաժակ» բա­­­ռը, երբ նա­­­խանձն ու փա­­­ռասի­­­րու­­­թիւնը պատ­­­ճառ եղան, որ բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րը լե­­­ցուին այդ կար­­­միր հե­­­ղու­­­կով։ Այդպի­­­սի լա­­­րուած վի­­­ճակ գո­­­յացաւ Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նի «Հար­­­ճը» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան մէջ, երբ Բագ­­­րա­­­­­­­տու­­­նի Տրդատ իշ­­­խա­­­­­­­նը կէս գի­­­նով, Սիւ­­­նեաց նա­­­հապետ Բա­­­կու­­­րի զգլխիչ հար­­­ճին բա­­­զու­­­կէն բռնեց ու յան­­­կարծ փա­­­փաքե­­­ցաւ անոր տի­­­րանալ։ Բա­­­կու­­­րը հե­­­տեւեալ խօս­­­քով սպառ­­­նաց իր բա­­­րեկա­­­մին. «Եթէ կ՚ու­­­զես՝ որ մեր զոյգ բա­­­ժակ­­­ներն այս մը­­­տերիմ... չլե­­­ցուին արեամբ ոխե­­­րիմ՝ թո՛ղ զայն, իշ­­­խա՛ն»։

Ո՛չ շատ հե­­­ռու այդ աշ­­­խարհա­­­նուէր իշ­­­խաննե­­­րէն, բա­­­նաս­­­տեղծ սուրբ մը Վա­­­նայ լի­­­ճի մօտ, կը գրէր վե­­­րացա­­­կան բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րու մա­­­սին։ Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին էր ան, որուն կը պար­­­տինք «բա­­­ժակ բերկրու­­­թեան», «բա­­­ժակ անսպառ», «բա­­­ժակ դառ­­­նութեան» եւ «մա­­­հու բա­­­ժակ» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։

Այն դա­­­րերուն, երբ ես մնա­­­ցեր եմ հո­­­ղածածկ, աշուղներ եւ տա­­­ղասաց­­­ներ մե­­­ծատա­­­ղանդ, ան­­­գի­­­­­­­տակ իմ գո­­­յու­­­թե­­­­­­­նէս, գի­­­նին եւ գե­­­ղեցի­­­կը եր­­­գե­­­­­­­լու հա­­­մար իրենց շրթունքին մօ­­­տեցու­­­ցեր են «թաս» բա­­­ռը։ Սա­­­կայն, ժո­­­ղովուրդի բեր­­­նին մէջ զար­­­գա­­­­­­­ցեր են պատ­­­կե­­­­­­­րալից դար­­­ձո­­­­­­­ւածքներ, ինչպէս՝ «բա­­­ժակ առա­­­ջար­­­կել», «բա­­­ժակի ըն­­­կեր», «բա­­­ժակ-բա­­­ժակի խփել», նաեւ՝ «փո­­­թորիկ՝ բա­­­ժակ մը ջու­­­րի մէջ»։ Եղան օրեր, երբ բախ­­­տը հա­­­յուն հրամ­­­ցուց «դառ­­­նութեան բա­­­ժակը»։ Իսկ երբ թշնա­­­մին մին­­­չեւ ծայ­­­րը հաս­­­ցուց իր վա­­­տու­­­թիւնը, լե­­­ցուե­­­ցաւ «համ­­­բե­­­­­­­րու­­­թեան բա­­­ժակը»։ Կ՚ու­­­զէ՞ք ձեր աչ­­­քով տես­­­նել զայն։ Պատ­­­մութեան թան­­­գա­­­­­­­րանէն ո՛չ շատ հե­­­ռու՝ գա­­­ցէք կա­­­յանա­­­մերձ հրա­­­պարակ ու Սա­­­սունցի Դա­­­ւիթի ձիու ոտ­­­քե­­­­­­­րուն տակ գտէք զայն- լե­­­ցուած է եւ ջու­­­րը կը թա­­­փի։ Կը նշա­­­նակէ, թէ խա­­­ղաղա­­­սէր այս ժո­­­ղովուրդը իր թու­­­րը կը քա­­­շէ, երբ վեր­­­ջին աս­­­տի­­­­­­­ճան կը նե­­­ղեն իրեն։ Իսկ երբ բնա­­­կանոն կեանքն ու սի­­­րեր­­­գութիւ­­­նը վե­­­րադառ­­­նայ հա­­­յոց լեռ­­­նաշխար­­­հը, հար­­­սերն ու փե­­­սանե­­­րը կրկին կը վերցնեն զիս, հիւ­­­րեր կրկին բա­­­ժակա­­­ճառ կը խօ­­­սին ու դար­­­ձեալ կը յոր­­­դի սուրբ գի­­­նին եւ զո­­­ւարթ եր­­­գե­­­­­­­րը.

Լեց­­­նե՚նք ըն­­­կերներ,

Բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րը լի,

Թող Հա­­­յոց գի­­­նին

Մեզ անուշ լի­­­նի։

Կը հնչէ նաեւ Գե­­­ղամ Սա­­­րեանի քնա­­­րը. «Առ­­­նենք ըն­­­կերներ այս լիք-լիք բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րը... Բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րը պա­­­հէք գլխից վեր... Բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րը պա­­­հել սրտի մօտ»... Ինչպէ՞ս չյի­­­շել Խրի­­­մեան Հայ­­­րի­­­­­­­կը, որ մին­­­չեւ կեան­­­քին վեր­­­ջին օրը ոս­­­կի բա­­­ժակէն իր ժո­­­ղովուրդին բաժ­­­նեց Յի­­­սու­­­սի մար­­­մինն ու արիւ­­­նը։ Իսկ երբ ժա­­­մանակ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ գրե­­­լու՝ հա­­­յոց մայ­­­րե­­­­­­­նիին նո­­­ւիրեց գրա­­­կան ըն­­­տիր պատ­­­կերներ. «Կե­­­նաց բա­­­ժակ», «Նոր ուխտի բա­­­ժակ», «Հար­­­սա­­­­­­­նեաց բա­­­ժակ»։ Հայ գրա­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րը սի­­­րեցին զիս։ Անոնք ներշնչո­­­ւած իմ պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թե­­­­­­­նէս, յա­­­ճախ գիր­­­քի անուններ մտայ­­­ղա­­­­­­­ցան. «Կե­­­նաց բա­­­ժակը», 1874, Կ. Պո­­­լիս, «Ար­­­ծա­­­­­­­թեայ բա­­­ժակ», 1882, Մոս­­­կո­­­­­­­ւա, «Բա­­­ժակ մը երգ։ Քեր­­­թո­­­­­­­ւած­­­ներ», 1941, Պուքրէշ։ Զիս գո­­­վեր­­­գեց նաեւ Նի­­­կողոս Սա­­­րաֆեանը. «Բիւ­­­րե­­­­­­­ղահունչ բա­­­ժակ­­­ներ փրփրա­­­ցայտ կը յոր­­­դին»։ Գե­­­ղամ Բար­­­սե­­­­­­­ղեանը նկա­­­տեց նշոյ­­­լը մէջս. «Լեց­­­նենք ոս­­­կե­­­­­­­հունչ բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րը մեր հա­­­ւատ­­­քին ու յոյ­­­զե­­­­­­­րուն»։ Իսկ Զա­­­պէլ Եսա­­­յեանը, այդ ազ­­­նիւ կի­­­նը, հա­­­կառակ անոր, որ կ՚ըմ­­­պէր իմ բո­­­լոր դառ­­­նութիւններս, մնաց նե­­­րող եւ իր սրտաճմլիկ մէկ հա­­­տորը կո­­­չեց անու­­­նովս. «Վեր­­­ջին բա­­­ժակը»։ Սիաման­­­թօն ալ մեծ պա­­­տիւ ըրաւ ին­­­ծի ու մէջս տե­­­սաւ Մես­­­րոպ Մաշ­­­տո­­­­­­­ցի պատ­­­կե­­­­­­­րը. «Օշա­­­կանի վսե­­­մական վար­­­դա­­­­­­­պետ, դուն՝ վե­­­հիմաստ վա­­­նական եւ Աստծոյ բա­­­ժակ»։ Բայց, Սիաման­­­թո­­­­­­­յի քնա­­­րը դիւ­­­րա­­­­­­­բեկ՝ փշրո­­­ւեցաւ, երբ ակա­­­նատես եղաւ աննկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լի վիշ­­­տե­­­­­­­րուն. «Թշնա­­­մին իր ափե­­­րովը – օ՜ դժո­­­խային բա­­­ժակ - մե­­­րին­­­նե­­­­­­­րուն ազ­­­նո­­­­­­­ւական արիւ­­­նը, մեր սե­­­ղանին առ­­­ջեւ նստած՝ գա­­­զանա­­­բար խմեց»։ Իսկ երբ խա­­­ղաղ ըլ­­­լա­­­­­­­յին օրե­­­րը, քնա­­­րեր­­­գակներ, կը յի­­­շեմ, զիս կը նմա­­­նեց­­­նէին դիւ­­­րա­­­­­­­բեկ սրտի մը։ Մէ­­­կը Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժանն էր. «Գար­­­նան դրդիչ բու­­­րումնե­­­րէն սրար­­­բած՝ կը փշրի սիրտն՝ իբ­­­րեւ բա­­­ժակ մը բիւ­­­րեղ»։ Ապա եկաւ Գու­­­սան Աշո­­­տը ու եր­­­գեց. «Բա­­­ժակիս մէջ միշտ տես­­­նում եմ վառ պատ­­­կերդ»։ Շի­­­րազն էր այն վեր­­­ջի­­­­­­­նը, որ մօ­­­տեցաւ ին­­­ծի.

Կնոջ սիր­­­տը մի բա­­­ժակ է բիւ­­­րե­­­­­­­ղեայ, -

Փշրե­­­ցիր ու չես կա­­­րող էլ կպցնել։

Թան­­­գա­­­­­­­րանէն դուրս, մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քի բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րը, գի­­­տեմ, բռնած են սուրճի կամ թէ­­­յի «միան­­­գա­­­­­­­մեայ բա­­­ժակ­­­ներ» ու կը զրու­­­ցեն չես գի­­­տեր ինչ։ Ան­­­դին, զոյգ մը սի­­­րասոյզ կ՚ըմ­­­պէ գի­­­նիի իր առա­­­ջին բա­­­ժակը։ Կամ սե­­­նեակին մէջ խուլ, պա­­­ռաւ մը իր հիւ­­­րին բա­­­ժակը կը կար­­­դայ։ Աշ­­­խարհի այս կող­­­մը «մի բա­­­ժակ սուրճի իրա­­­ւունքը» քա­­­ռասուն տա­­­րի է։ Եւ, ի՛նչ փոյթ, թէ այժմ ես զրկո­­­ւած եմ գի­­­նիի իմ բա­­­ժինէս.- բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րը հայ­­­րե­­­­­­­նի՝ լե­­­ցուեր են արե­­­ւանո­­­ւէր գի­­­նիով ու քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու եւ գիւ­­­ղե­­­­­­­րու մէջ կայ սի­­­րեր­­­գութիւն, ինչպէս՝ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը կ՚երա­­­զէր տես­­­նել.

Ծաղ­­­կի՜ մեղ­­­րը փե­­­թակ­­­նե­­­­­­­րուն,

Յոր­­­դի գի­­­նին բա­­­ժակ­­­նե­­­­­­­րուն։