Կը շարունակուի Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը

«Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ հրատարակութեան տնօրէն Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը պիտի շարունակուի 18, 19 եւ 20 Դեկտեմբեր թուականներուն։ Այս դատական նիստերուն կրկին անգամ պիտի լսուին ականատեսներու վկայութիւնները։ Ներկայ դրութեան մէջ Իսթանպուլի նախկին կուսակալ Մուհամմեր Կիւլէր, Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէն Ճելալետտին Ճերրահ, Լրաքաղութեան բաժնի տնօրէն Ահմետ Իլհան Կիւլէր, Տրապիզոնի Անվտանգութեան տնօրէն Ռեշատ Ալթայ, Տրապիզոնի Լրաքաղութեան բաժնի տնօրէն Էնկին Տինչ, Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժնի պետ՝ Ռամազան Աքեիւրէք, Տիրապիզոնի Ոստիկան զօրաց հրամանատար Ալի Էօզ, Իսթանպուլի Ոստիկան զօրաց լրաքաղութեան բաժնի պաշտօնեայ Մուհամմեր Տեմիրքալէ, Նախկին դատախազ Զաքերիա Էօզ, Ֆեթուլլահ Կիւլենի նման անուններու կողքին, այս դատին շրջանակով դատարան կը ներկայանան 85 ամբաստանեալներ, որոնցմէ վեցը ձերբակալուած է։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ