ՆԻԿՈԼ ՊԷԶՃԻԵԱՆ
18 Հոկտեմբեր 2018 Հինգշաբթի, Պէյրութ
Այսօր Արա Կիւլէր անունով ծանօթ Մկրտիչ Արա Տէրտէրեան 90 տարեկանին հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն։ Տարիներ առաջ Հալէպ ծանօթացած էի այս հրաշք լուսանկարիչի հետ։ Այս տարիներուն ես ամբողջ էութիւնով լուսանկարչութեան կապուած երիտասարդ մըն էի։ Կնքահայրս Խորհրդային Հայաստան այցելած, վերադարձին ալ իբր նուէր «Զէնիթ» լուսանկարչական գործիք մը բերած էր։ Այդ գործիքը կ՚ուսումնասիրէի։
Աշնան անձրեւոտ օր մըն էր Հալէպի մէջ։ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակած պարբերական մը գտած էի։ Պապ ալ Նասր (Յաղթանակի դարպաս) թաղի մեր տան մէջ նստած այդ պարբերականը կը թերթէի (Հալէպի մեր այդ բնակարանը այլեւս գոյութիւն չունի, դեռ շարունակուող պատերազմի ընթացքին ռմբակոծուեցաւ)։ «Հայ ընտանիք» անուն պարբերականի էջերուն մէջ յանկարծ հանդիպեցայ պոլսաբնակ հայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մասին գրութեան մը։ Գրութեան կողքին տեղադրուած էր փողոցի մը սեւ ու սպիտակ լուսանկարը, որ բոլորովին կը նմանէր մեր փողոցին։ Ան ալ նոյն ոճով քարերով սալապատկուած էր։ Գոյներու հակասութիւնը շատ վարպետօրէն արտացոլուած էին։ Սեւերը ածուխի մը նման սեւ, իսկ սպիտակները փայլուն արծաթագոյն էին։ Աւելի ուշ անդրադարձայ, թէ կարմիր լոյսով մը լուսաւորուած փոքրիկ սենեակի մը մէջ սեւ ու սպիտակ լուսանկարի մը վրայ այդ գոյներու զանազանութիւնը ձեռքբերելը մեծ ձեռնհասութիւն կը պահանջէ։
Տասնամեակներ յետոյ, երբ «Կօշիկներս Իսթանպուլ թողեցի» անուն ֆիլմիս նկարահանումներուն համար Իսթանպուլ գացի մեծ փափաք ունէի, որ այլեւս «Պոլսոյ աչքը» կոչումին տիրացած Արա Կիւլէր ալ տեղ առնէ ֆիլմիս մէջ։ Բաղդաւոր էի, քանի որ ֆիլմի արտադրութեան գործընթացի մէջ ինծի օգնական եղողներէն ոմանք զինք անձամբ կը ճանչնային։ Զգուշացուցին ըսելով, որ ջղային մէկն է։ Խոստացան ժամադրութիւն առնել։ Կրկին զգուշացուցին. «կրնայ չի գալ, կրայ գալ, բայց չխօսիլ, նոյնիսկ նկարահանման կէսին կրնայ թողել ու հեռանալ» ըսելով։
Նկարահանումներու ժամանակ օրատետր մը ունէի՞ որուն էջերուն վրայ եօթը տարի, եօթը օր առաջ գրած եմ հետեւեալը։
11 Հեկտեմբեր 2011
Երեքշաբթի, Իսթանպուլ Ասմալը Մեսճիտ
…Շտապելու եմ Արա Կիւլէրի հետ ժամադրուած եմ Իսթիքլալ փողոցի իր սրճարանին մէջ։ Յանկարծ եթէ ուշանամ կրնայ հեռանալ։ Բարեբախտաբար արտադրութեան օգնական Ն. Կիւրպիւզ, արտադրող Հ. Գարապէյէն վերցուցած եռոտանի սրճարան հասած էր արդէն։ Նկարահանման օգնական Տէնիզ Շենկենչ եւ ֆիլմի գլխաւոր դերակատար Սագօ Արեանի հետ ժամադրութեան պահէն աւելի կանուխ հասած էինք։ Դեռ նոր տեղ հասած էինք, որ վրայ եկաւ Տուպայիէն ծանօթ արհեստակից մը՝ Հալտուն Զ.։ Զարմացած էի այս պատահականութեան։ Աւելին Հալտունի գիրկը նորածին մը կար։ Ես դեռ նոր եկած էի, իսկ ինք մեկնելու վրայ էր։ Իրեն պատմեցի ֆիլմիս եւ Արա Կիւլէրի հետ տեսակցութեան մասին։ -Քեզ եկենիս հետ ծանօթացնեմ։ Այս սրճարանի տնօրէնն է, ըսելէ ետք ձայնեց. «Եաշա՜ր»։ Երկայնահասակ, երիտասարդ մէկն էր։ Կարճ ու կտրուկ զրոյց մը ունեցանք։ Եաշար, եթէ ոեւէ կարիք ունենամ զինք փնտռելուս համար հեռախօսահամարը փոխանցեց։ Իրականութեան մէջ ինք ալ շարժանկարի եւ հեռատեսիլի ֆիլմերու արտադրիչ մըն է եւ Արա Կիւլէրէն վարձած է այս սրճարանը։
Հալտուն հազիւ հեռացած էր, երբ Արա Կիւլէր եկաւ։ Թիթեռնիկի մը նման բոլոր սեղանները այցելեց եւ բարեւեց ներկաներուն։ Ապա մատուցողներուն մեզ հարցուց՞ Յարգանքով ձեռքը սեղմեցի եւ ծանօթացուցի գործընկերներս։ Շնորհակալութիւն յայտնեցի մեզի հետ աշխատելու յօժարելուն համար։ Խոստովանիմ ես խրտչած էի նախ։ Չէ որ, սպասածս դժուարահաճ ծերուկ մըն էր։ Բայց յետոյ տպաւորութիւնս փոխուեցաւ։ Աս 83-ամեայ վառվռուն մարդը կարծես հին բարեկամ մը եղած ըլլար։ Հարցուց թէ սուրճ խմա՞ծ ենք։ Ապա անցանք սեղանի մը շուրջ։ Ես փորձեցի Հալէպ կարդացած պարբերականի մէջ իր մասին կարդացածներս պատմել, խօսքս ընդհատեց. «Պոշ բաներ են, ի՞նչ կ՚ուզես կոր։ Աշխատինք պիտի նէ ժամանակ մի կորսնցներ- ըսաւ։ Կարծես հայրս կար դիմացս»։
Բացատրեցի թէ ֆիլմը նիւթ կ՚առնէ Լիբանանէն Պոլիս եկած հայ բանաստեղծի մը ապրումները։ Իր նախնիները հարիւր տարի առաջ ցեղասպանութեան անմիջապէս նախորդող շրջանին լքած են Պոլիսը։
-Առաջի՞ն անգամ կու գաք կոր, հարցուց։ Ապա Սագօ Արեանը ցոյց տալով աւելցուց. «թրքերէն գիտէ՞։ Ես ի՞նչ պիտի պատմեմ»։ Ուզեցի, որ հայերէնով Պոլիսը՝ իր Պոլիսը պատմէ։ «Հա՜ աղէկ։ Եանի ֆօթօղրաֆներուս մասին բան մը չի պիտի ըսեմ։ Ինտո՞ր նկարեր եմ, որո՞ւն նկարեր եմ, ֆիլան ֆըսթըք։ Միայն Պոլիսի մասին պիտի խօսինք։ Ասիկա լաւ բան մըն է։ Քեզի ասանկ ըսեմ, նոյն հարցումներէն զզուեցայ ճանըմ։ Կ՚երթան կու գան նոյն բաները կը փնտռեն կոր»։
Շատ կարճ տեւած էր այս երկխօսութիւնը։ Կը փափաքէր շուտով նկարահանումի սկսիլ։ Ուրախ էր։ Ճշտախօս եւ կատակախօս։ Պոլսոյ մասին առաջին անգամ սիրահարուած երիտասարդի մը ոգեւորութամբ կը խօսէր։ Արային իր քաղաքի հանդէպ ունեցած սէրը քանի մը սերունդներու փոխանցուած է։ Մօտ մէկ ժամ տեւող նկարահանումը շատ տպաւորած էր Տէնիզին։ Ուզեց պահը անմահացնել։ Արային հետ թրքերէն բաներ մը խօսեցաւ։ Ինչ ըսաւ չեմ գիտեր բայց աւարտին զիրար գրկեցին։
Նկարահանումէն ետք իր «Իսթանպուլը կը լսեմ» անուն գիրքը մակագրելով նուիրեց։ Փոխանցեց նաեւ հեռախօսահամարը։ Տէնիզին ալ ուրիշ գիրք մը նուիրեց եւ խորհուրդ տուաւ, որ բարձրանանք կողքի շէնքի չորրորդ յարկը, որ ինք երկար տարիներ գործածած էր, իբրեւ աշխատանոց։ Ըսաւ որ ուզածիս պէս կրնամ նկարահանել։ Չորս յարկանի շէնքի իւրաքանչիւր յարկի վրայ իր նկարած լուսանկարները կային, մեծահասակ։ Փապլօ Փիքքասսօ, Արթուր Միլլըր, Տասթին Հոֆմըն, Սալվատոր Տալի, Ալֆրետ Հիչքոք, Սոֆիեա Լորենի նման աշխարհահռչակ անուններու կողքին, Իսթանպուլէն եւ աշխարհի զանազան քաղաքներէն անանուն ձկնորսներ, գիւղացիներ, գործարաններու բանուորներ, աղքատ մանուկներ եւ հասարակ մարդկանց նկարներ։ Վերեւի յարկի պատերը զարդարուած էին լուսանկարներով, հին ցուցահանդէսներու որմազդներով, զանազան մրցանակներով եւ իր աշխատանքի արգասիքը հանդիսացող բազմահազար լուսանկարներուն նեկաթիւներով։ Նկարահանութիւնը աւարտելէ ետք հրաժեշտ առինք։ Կը շտապէինք, որովհետեւ մտադրած էինք օրուան այս հատուածին ալ Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը նկարահանել։ «Աճապարեցէ՛ք, շիրմաքարերու սպիտակին վրայ շատ լաւ արդիւնք կու տայ օրուայ այս ժամերու լոյսը։ Բայց նաեւ շատ կարճատեւ է»։ Փաթթուեցայ իրեն եւ երկու այտերէն համբուրեցի։ Ներքուստ թէ շատ երջանիկ էի եւ նաեւ տխուր։ Գիտէի որ այս իր հետ վերջին հանդիպումս է։ Խիստ տպաւորուած էի Արա Կիւլէրի համեստութենէն։
Պէյրութ 20 Հոկտեմբեր 2018 Շաբաթ
Ընկերս Ամմար Իսթանպուլ կը գտնուի։ Մասնակցած է Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութեան։ Լուսանկարներ կը ղրկէ ինծի։ Թրքական դրօշակի փաթթուած դագաղը պատուանդանի մը վրայ էր եւ ետեւի մեծ էկրանին վրայ իր նկարները կը ցոլանան։ Մարդիկ երկիւղածութեամբ յարգանքի տուրք կը մատուցեն սեփական քաղաքը իրենց սիրելի դարձնող մեծ մարդուն յիշատակին դիմաց։ Քիչ անց դագաղը պիտի փոխադրուի մօտակայ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, ուրկէ պիտի յուղարկաւորուի Շիշլիի հայոց գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանը։
Մարդկութիւնը անմահացնող պահեր որսալու համար Արա Կիւլէր ամբողջ կեանքի մը տեւողութեամբ տեսախցիկի մը միջոցաւ դիտեց աշխարհը եւ այժմ աւարտեց այս յոգնատանջ աշխատանքը։ Բայց իր նկարները պիտի շարունակեն կենդանի մնալ։ Իր հետ նախ Հալէպի մէջ պատահականօրէն հանդիպած լուսանկարի միջոցաւ գոյացած ծանօթութիւնը կենդանացաւ 2011-ին անձամբ ծանօթանալով։ Գնահատանքներէ, համակրանքի շռայլութիւններէ, զզուած մէկը ըլլալով ան տակաւին կ՚ապրի իմ ֆիլմի մէջ։ Իբրեւ տարեց պապուկ մը պիտի յիշեմ Տէնիզը գրկած պահուն։ Պիտի յիշեմ Իսթանպուլի աչքը համարուած այդ հսկային մտերմութիւնը։
Պէյրութ 22 Հոկտեմբեր 2018 Երկուշաբթի
Պէյրութ, Հայկազեան համալսարանի գրադարանի մէջ տիկին Վերա Կոստանեանի օգնութեամբ գտայ «Հայ ընտանիք» պարբերականի այդ հին համարը։ 49 տարիներ անց կը թղթատեմ այդ էջերը ու կը գտնեմ Արայի մասին գրութիւնը։ Հին յունական թաղամաս մը եղող Թարլապաշըի այդ փողոցն ալ կը գտնեմ գրութեան կողքին։ Չէի կրցած այդ լուսանկարին իմ վրայ գործած ազդեցութիւնը պատմել իրեն։ Կը խուսափէր իր գործերուն տեղի տուած ազդեցութեան մասին խօսելէ։ Ազատօրէն նկարել կը ցանկար եւ այդքան միայն։ Պարբերականի թուականը կը ստուգեմ անգամ մը եւս Սեպտեմբեր- Հոկտեմբեր 1969 յօդուածի հեղինակն է այդ տարիներուն երիտասարդ վարդապետ մը եղող եւ այսօր Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Իր հետ տարիներ ետք Վենետիկի մէջ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի մասին նկարած ֆիլմիս շրջանակով ծանօթացած էի եւ այդ կապը կը պահենք մինչեւ այսօր։
Սիրելի Արա՝ ըսած էիր, թէ լուսանկարը ստեղծողը ո՛չ թէ լուսանկարչական գործիքն է, այլ ոսպնեակին ետեւ կենալով աշխարհ ընկալող մարդը։ Դուն հիմա զրկուած ես արդէն լուսանկարչական գործիքէդ, բայց քու գոյութիւնով, քու ստեղծագործութեամբ, քու կատակներով, զուարճախօսութեամբ ընդմիշտ հարստացուցիր մեզ։ Կը մաղթեմ, որ անդենականի մէջ ալ քու ճամբան լուսաւոր ըլլայ։
Եւ ճիշդ է ֆիլմերուս մէջ անպայման քարերով սալապատուած փողոցի մը կը հանդիպիս։