ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ
alineozinian@gmail.com
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն տեղի տալու համար կանխահաս ընտրութեան գործընթացի մեկնարկման։ Վարչապետը հրաժարումը հրապարակեց 16 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամերուն հեռուստահաղորդումի միջոցաւ։ Փաշինեան իր ելոյթով նշեց, թէ սա վերջակէտ մը չէ, այլ ընդհակառակը սկզբնակէտ մը յեղափոխութեան իր աւարտին հասնելու գործընթացին մէջ։ «Ես ո՛չ թէ պարտականութենէն կը փախչիմ, ընդ հակառակը մեր իրականացուցած յեղափոխութիւնը աւարտին հասցնելու համար կանխահաս ընտրութիւններով իշխանութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու համար կը դիմեմ այս ճամբուն»։
Փաշինեան նախորդ շաբթուայ մէջ «Ֆրանս24» հեռուստակայանի հետ ունեցած հարցազրոյցին յայտնած էր, թէ կը փափաքի կանխահաս ընտրութիւնները ընել 9-10 Դեկտեմբեր թուականներուն։ «Այդ թուականներուն ընտրութիւն ընելու համար պէտք հրաժարական ներկայացնեմ մինչեւ Հոկտեմբերի 16» ըսած էր վարչապետը։
Փաշինեանի հրաժարումը ռազմավարական բնոյթ ունի, քանի որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը կը պարտադրէ երկու նիստերու ընթացքին նոր վարչապետ մը ընտրել։ Եթէ այս ընտրութիւնը չկայանայ խորհրդարանը կը լուծարկուի եւ Փաշինեան մինչեւ ընտրութեան օրը կը շարունակէ վարչապետ մնալ։
Փաշինեան Ապրիլ ամսուն կայացող բողոքի զանգուածային ցոյցերէ ետք Սերժ Սարգսեանի հրաժարումով ստանձնած էր վարչապետի պաշտօնը։ Սակայն իշխանութիւնը կազմող Հանրապետական կուսակցութիւնը կը շարունակէր խորհրդարանի մեծամասնութիւնը ներկայացնելու։ Վարչապետի պաշտօն ստանձնելէ ետք Փաշինեան բոլոր առիթներով կը յայտնէր, թէ անհրաժեշտութիւն մըն է ժողովուրդը ներկայացնող նոր խորհրդարանի մը կազմութիւնը, որուն համար անհրաժեշտ է արտակարգ ընտրութիւնները։ Աւելի ուշ տեղի ունեցած էր Երեւանի քաղաքապետութեան ընտրութիւնները, ուր Փաշինեանի զօրակցած խմբակցութիւնը նուաճած էր ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։ Քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքները ազդանշան մը եղան կանխահաս ընտրութեան ընթացքին ապահովուելիք ձայներուն համար։
2 Հոկտեմբերին Հանրապետական կուսակցութեան նախաձեռնութեան Հայաստանի խորհրդարանի մէջ արտակարգ նիստ մը գումարուեցաւ կանխահաս ընտրութիւններուն արգելք ըլլալու համար։ Սակայն Փաշինեան իսկոյն ժողովուրդին կոչ ուղղեց կրկին անգամ փողոց իջնելու։ Անգամ մը եւս բազմահազար ժողովուրդ փութացին Բաղրամեան փողոց եւ խափանեցին կատարուած դաւադրական փորձը։ Այդ թուականէն ետք Ծառուկեան դաշինքը որոշեց Փաշինեանի հետ գործակցիլ։ Նման որոշում յայտարարեց նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան անդամ 16 պատգամաւորներ։