ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Համաշխարհային ընկալումները երկար տարիներէ ի վեր շրջանցած են մարդասպանութիւնը իբրեւ արդարութեան գործադրութիւն համարող հասկացողութիւնը։ Սակայն տակաւին կան երկիրներ, որոնք փարած են այդ հասկացողութեան եւ յաճախակի կերպով կը կիրարկեն մահապատիժներ, ընդմիշտ արիւնելով խիղճերը։ Յետադիմական այդ երկիրներու շարքէն է Իրան, որ կը յամառի միջազգային բոլոր կանխազգուշացումներու դիմաց եւ կը կատարէ խիստ վիճելի մահապատիժներ։ Այս տեսակ պատիժներու վերջին օրինակը հանդիսացաւ 24 ամեայ քրտուհի Զէյնեփ Սեքանուանտ, որուն համար վճռուած մահապատիժը գործադրուեցաւ Ուրմիոյ բանտին մէջ։
Երիտասարդ կինը մեղադրուած էր իր ամուսինը դաշունահարելով սպաննելու համար։ Ճիշդ էր դաշունահարելու պնդումը, բայց ոչ ոք նկատի առած էր այդ ոճիրի ետեւի գործօնները։ Զէյնեփ այդ պատիժին ենթարկուեցաւ մինչեւ վճռական նիստի պահուն իրաւապաշտպան մը ունենալու իրաւունքէն զրկուած ձեւով։ Ոստիկանները իր յայտը լսած էին խիստ կասկածելի պայմաններու տակ։ Արդարեւ տնօրինուած վճիռը գործադրուեցաւ 2 Հոկտեմբեր երկուշաբթի առաւօտ։
Զէյնեփ աղքատ եւ պահպանողական ընտանիքի մը զաւակ մը ըլլալով 15 տարեկան հասակին փախած էր իրմէ չորս տարեկան մեծ մէկու մը, որու հետեւանքով ընտանիքն ալ մերժած էր զինք։ Շուտով անցաւ սիրոյ օրերը եւ սկսաւ տառապանքի անտանելի շրջան մը։ Այդ շրջանին Զէյնեփ բազում անգամներ բռնաբարուեցաւ իր ամուսնոյն կողմէ։ Վերջապէս ան ստիպուած մնաց, իբրեւ ինքնապաշտպանութեան միջոց դաշունահարել ամուսինը։
Համաշխարհային ներման կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիւսային Ափրիկէի հետազօտութիւններու վարիչ Ֆիլիփ Լութերի համաձայն Իրանի իշխանութիւնները կ՚աճապարեն անչափահասներուն համար վճռուած մահապատիժները շուտափոյթ կերպով գործադրելու։ Այս վճիռը միջազգային մարդու իրաւունքներու ոտնակոխում մըն է։ Զէյնեփի հետ միասին այս տարի հինգերորդ անգամ է, որ անչափահաս մը կը սպաննուի Իրանի մէջ։ Ֆիլիփ Լութեր յատկապէս կը շեշտէ այն իրողութիւնը, թէ յանցանքի գործուած ժամանակ Զէյնեփ անչափահաս մըն էր եւ անչափահասները պէտք է օգտուին իրենց տարիքին բերմամբ ցուցաբերուած որոշ իրաւունքներէ։ «Եթէ միջազգային հասարակութիւնը շուտափոյթ կերպով շարժման չանցնի շատ հաւանական է, որ աւելի յաճախակի պիտի հանդիպինք նման օրինաւոր մարդասպանութիւններու»։
Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը իր արդարադատական համակարգը կառուցած է շերիաթի կանոններու հիման վրայ։ Այդ ըմբռնումի համաձայն կինը նոյնիսկ ինքնապաշտպանութեան դէպքին իրաւունք չունի ամուսնոյն ձեռք բարձրացնելու։ Սակայն կ՚արժէ նշել, որ Իրանի հասարակութիւնը արդէն իսկ շրջանցած է այդ հասկացողութիւնները։ Հետեւաբար այսօր շատ աւելի ծանր է Իրանի քաղաքացիին համար համակերպիլ այս կանոններուն։
Միւս կողմէ Թուրքիոյ մէջ ալ դատական համակարգը հետզհետէ կը թեքուի դէպի կրօնական սկզբունքներ, որուն ամենայստակ երեւոյթներէն մէկն է մահապատժի վերահաստատման համար կատարուած քարոզչութիւնը։ Մինչդեռ քաղաքակիրթ աշխարհ համակերպած է այն համոզումին, թէ մահապատիժը ո՛չ թէ պատժամիջոց մըն է, այլ վրիժառութիւն։