ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թուղթէ առիւծը անդրովկիանոսեան քամիին դիմաց

Աշ­­խար­հի աչ­­­քե­­­­­­­րուն առ­­­ջեւ կ՚ապ­­­րո­­­­­­­ւի տնտե­­­սական շատ լուրջ ճգնա­­­ժամ մը։ Թուրքիոյ ազ­­­գա­­­­­­­յին դրա­­­մանի­­­շը՝ լի­­­րան ան­­­հա­­­­­­­ւատա­­­լի ան­­­կում մը կ՚ապ­­­րի։ Շա­­­տեր կը դժո­­­ւարա­­­նան այս յան­­­կարծա­­­կի երե­­­ւոյ­­­թը մեկ­­­նա­­­­­­­բանե­­­լու։Այդ դժո­­­ւարա­­­ցող­­­նե­­­­­­­րու առա­­­ջին կար­­­գին կը գտնո­­­ւի նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղան։ Չի կրնար հասկնալ թէ ինչպէս կ՚ըլ­­­լայ որ Միացեալ Նա­­­հանգներ տէր­­­տէ­­­­­­­րի մը սի­­­րոյն աչ­­­քէ կը հա­­­նէ իր բազ­­­մամեայ դաշ­­­նա­­­­­­­կիցը։ Կար­­­ծել կը ձե­­­ւաց­­­նէ թէ ներ­­­կայ ճգնա­­­ժամի պատ­­­ճա­­­­­­­ռը լրտե­­­սու­­­թեամբ եւ ահա­­­բեկ­­­չա­­­­­­­կան կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու ծա­­­ռայե­­­լու մե­­­ղադ­­­րանքով ձեր­­­բա­­­­­­­կալո­­­ւած պա­­­տուե­­­լի Պրան­­­սընն է։ Նախ նշենք թէ ամ­­­բողջո­­­վին սնան­­­կա­­­­­­­ցած Թուրքիոյ ար­­­դա­­­­­­­րադա­­­տական հա­­­մակար­­­գի դի­­­մաց պա­­­տուե­­­լին ձեր­­­բա­­­­­­­կալեալ մը, ամ­­­բաստա­­­նեալ մը չէ, այլ քա­­­ղաքա­­­կան դրդա­­­պատ­­­ճառնե­­­րով կա­­­լանա­­­ւորո­­­ւած պա­­­տանդ մը։ Ու­­­րիշ տե­­­սակ կա­­­րելի չէ բա­­­ցատ­­­րել դա­­­տական այն խայ­­­տա­­­­­­­րակու­­­թիւնը որ հիւ­­­սո­­­­­­­ւած է ինքնու­­­թիւնը գաղտնի պա­հուած վկա­­­յի մը պնդումնե­­­րուն վրայ։ Խայ­­­տա­­­­­­­րակու­­­թիւն եզ­­­րին տեղ կու տայ նոյ­­­նինքն Էր­­­տո­­­­­­­ղանի Թրամ­­­փին ու­­­ղեալ «Տուր Տէր­­­տէ­­­­­­­րը, առ Տէր­­­տէ­­­­­­­րը» խօս­­­քը։ Այստեղ ակ­­­նարկո­­­ւածը Թուրքիոյ թիւ մէկ թշնա­­­մի հռչա­­­կուած Ֆէ­­­թուլլահ Կիւ­­­լէնն է, որ կը բնա­­­կի Փեն­­­սիլվա­­­նիա, առանցնա­­­տան մը մէջ։ Թուրքիա բա­­­զում ան­­­գամներ Ամե­­­րիկեան իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րուն դի­­­մում կա­­­տարեց այդ աղան­­­դա­­­­­­­ւորի վե­­­րադար­­­ձո­­­­­­­ւելուն հա­­­մար, բայց մին­­­չեւ օրս պա­­­տաս­­­խան մը չստա­­­ցաւ իր դի­­­մումնե­­­րուն։
Սա­­­կայն եկուր տես որ ներ­­­կայ ճգնա­­­ժամը շատ աւե­­­լի խոր պատ­­­ճառներ ու­­­նի։ Ես աւե­­­լի քան 20 տա­­­րինե­­­րու յե­­­տադարձ ակ­­­նարկով մը կը յի­­­շեմ հա­­­յաս­­­տանցի բա­­­րեկա­­­մի մը՝ Անդրա­­­նիկ Ար­­­շա­­­­­­­կեանի Թուրքիան թուղթէ առիւ­­­ծի նմանցնող մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւնը։ Այդ տա­­­րինե­­­րուն, եւ մա­­­նաւանդ ալ Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն եւ Զար­­­գա­­­­­­­ցում կու­­­սակցու­­­թեան իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան գա­­­լէն ետք շա­­­տեր զար­­­մանքով ու նաեւ հիացու­­­մով կը դի­­­տէին Թուրքիոյ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րած զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րը։ Այդ զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րը որոշ չա­­­փով իրենց անդրա­­­դար­­­ձը կ՚ու­­­նե­­­­­­­նային հա­­­սարա­­­կու­­­թեան կեն­­­ցա­­­­­­­ղին վրայ եւս։ Բա­­­րեփո­­­խու­­­թիւններ կը նկա­­­տուէին ժո­­­ղովուրդին պե­­­տու­­­թե­­­­­­­նէն ստա­­­ցած զա­­­նազան ծա­­­ռայու­­­թիւննե­­­րու մէջ։ Օրի­­­նակի հա­­­մար բո­­­լոր աշ­­­խա­­­­­­­տող­­­նե­­­­­­­րուն եւ թո­­­շակա­­­ռու­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար շատ աւե­­­լի հա­­­սանե­­­լի դար­­­ձած էր առող­­­ջա­­­­­­­պահա­­­կան ծա­­­ռայու­­­թիւննե­­­րը։ Բա­­­րելա­­­ւուած էին հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րը, հա­­­սարա­­­կապատ­­­կան փո­­­խադ­­­րա­­­­­­­կան մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րը եւ տա­­­կաւին զա­­­նազան երե­­­ւոյթներ։
Երկրի վար­­­կա­­­­­­­նիշը ցու­­­ցակնե­­­րու վրայ կը բարձրա­­­նար։ Այդ պա­­­հուն այնքան ալ չէր նկա­­­տուեր հո­­­ղամ­­­շակման, անաս­­­նա­­­­­­­պահու­­­թեան ապ­­­րած ծանր նա­­­հան­­­ջը։ Նոյնպէս չէր նկա­­­տուեր ճար­­­տա­­­­­­­րագի­­­տական ար­­­դիւնա­­­բերութեան սայ­­­թա­­­­­­­քու­­­մը։ Այդ սայ­­­թա­­­­­­­քու­­­մը վեր­­­ջերս ալ աւե­­­լի տե­­­սանե­­­լի եղաւ երբ օրի­­­նակի հա­­­մար ինքնա­­­շարժներ ար­­­տադրող գոր­­­ծա­­­­­­­րանը դադ­­­րե­­­­­­­ցուց իր ար­­­տադրու­­­թիւնը պար­­­զա­­­­­­­պէս դուրսէն եկած շար­­­ժակնե­­­րու կամ ատամ­­­նա­­­­­­­շարե­­­րու արագ­­­ման խա­­­փանու­­­մով։ Կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը հպար­­­տութեամբ կը յայ­­­տա­­­­­­­րարէր զին­­­տեխնի­­­կային ամ­­­բողջո­­­վին տե­­­ղական ար­­­տադրու­­­թիւնը։ Նա­­­խագա­­­հի փե­­­սան կը վա­­­րէր անօ­­­դաչու սար­­­քեր ար­­­տադրող գոր­­­ծա­­­­­­­րանը։ Խնա­­­մին կ՚ար­­­տադրէր զրա­­­հապատ մե­­­քենա­­­ներ։ Բայց շու­­­տով յայտնի դար­­­ձաւ, որ խնա­­­միի ար­­­տադրու­­­թիւնը կազ­­­մո­­­­­­­ւած է անգլիական BMC ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան ծրագ­­­րա­­­­­­­ւորու­­­մով։ «Աթաք» ուղղա­­­թիռ­­­նե­­­­­­­րու շար­­­ժակնե­­­րը կու գան ԱՄՆ-էն։ Այ­­­սինքն «ազ­­­գա­­­­­­­յին» կո­­­չուած ար­­­տադրու­­­թիւնը ամ­­­բողջո­­­վին կա­­­պուած է ար­­­տերկրի հա­­­մապա­­­տաս­­­խան ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րուն։
Այս տո­­­ղերու հե­­­ղինա­­­կը չի ճանչնար պա­­­տուե­­­լի Պրան­­­սը­­­­­­­նը։ Հե­­­տեւա­­­բար չի կրնար երաշ­­­խա­­­­­­­ւորել, չի կրնար պաշտպա­­­նել զայն։ Բայց լաւ կը ճանչնայ այս երկրի հա­­­մակար­­­գը, լաւ կը ճանչնայ իշ­­­խող քա­­­ղաքա­­­կան միտ­­­քը եւ ու­­­ժը, հե­­­տեւա­­­բար չի վա­­­րանիր այդ մտքի ու ու­­­ժի դէմ դիրք բռնե­­­լէ։
Գա­­­լով ներ­­­կայ ճգնա­­­ժամին, Անդրա­­­նիկ Ար­­­շա­­­­­­­կեանի նշած թուղթէ առիւ­­­ծը կը դժո­­­ւարա­­­նայ անդրով­­­կիանո­­­սեան քա­­­միին դի­­­մաց ոտ­­քի մնա­­լու։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ