Սեպուհ սրբազան կը ժամանէ Պոլիս

Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան մկրտութեան խորհուրդ մը կատարելու համար կը ժամանէ Պոլիս։ Այս առթիւ սրբազանը պիտի պատարագէ նաեւ Գնալըի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ 5 Օգոստոս կիրակի օր։

Ինչպէս ծանօթ է Չուլճեան սրբազան իր թեկնածութիւնը դրած էր պատրիարքութեան ընտրութեան, երբ այդ օրերուն կը կարծուէր թէ շուտով պիտի իրականանայ այդ ընտրութիւնը։ Սակայն յաջորդող օրերուն տեղի ունեցան անակնկալ բազմաբնոյթ զարգացումներ, որոնց հետեւանքով պատրիարքի ընտրութեան խնդիրն ալ մտաւ փակուղիի մը մէջ, որմէ մինչեւ օրս չէ կրցած դուրս գալ։ Տուեալ այս պայմաններու մէջ սրբազանի այցելութիւնը նոր հետաքրքրութեան ալիք մը ստեղծած է կարգ մը շրջանակներէ ներս եւ յայտնի է, որ սրբազան Չուլճեան իր կեցութեան օրերուն պիտի ունենայ զանազան շփումներ, որոշ շրջանակներու հետ։ Այժմէն բարի կեցութիւն կը մաղթենք յարգելի սրբազանին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ