Բողոքը հետզհետէ կը դառնայ բռնութեան

Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսի դէմ մի­ջոցէ մը ի վեր շա­րու­նա­կող բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը վեր­ջերս նոր հանգրո­ւան մը ան­ցան ուղղա­կիօրէն մի­ջամ­տե­լով կա­թողի­կոսի գոր­ծունէու­թեան։ Ար­դա­րեւ Վե­հափառ կա­թողի­կոս հո­վուա­պետա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կա­տարած էր Վա­յոց Ձո­րի Գնդա­վանք տա­ճառը, ուրկէ վե­րադար­ձին ցու­ցա­րար­ներ փա­կեցին ճա­նապար­հը եւ ար­գելք եղան կա­թողի­կոսի ինքնա­շար­ժին անցման։ Դէպ­քը իմա­ցուե­ցաւ Ս. Էջ­միած­նի տե­ղեկա­տուա­կան հա­մակար­գի տնօ­րէն Տէր Վահ­րամ քա­հանայ Մե­լիքեանի թի­մատետ­րի փո­խանցման մի­ջոցաւ։ Տէր Վահ­րա­մի փո­խան­ցումով ցու­ցա­րար­նե­րը ինքնա­շար­ժե­րով եւ քա­րերով փա­կած էին ճա­նապար­հը եւ սպառ­նա­լիք­ներ ուղղած կա­թողի­կոսին։ Այս մա­սին լրա­տուա­միջոց­ներ հար­ցումներ ուղղե­ցին վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանին, որ ան­գամ մը եւս յայտնեց ներ­եկեղեցա­կան խնդիր­նե­րու մի­ջամուխ չըլ­լա­լու մա­սին իր դիր­քո­րոշու­մը։ Վար­չա­պետը ըսաւ թէ ցու­ցա­րար­նե­րու կար­միր գի­ծը հա­տելու դէպ­քին ար­դէն ոս­տի­կանու­թիւնը պատ­րաստ է իրեն վի­ճակած պար­տա­կանու­թիւնը կա­տարե­լու։ «Կա­ռավա­րու­թիւննը նե­րեկե­ղեցա­կան հար­ցե­րուն չի պի­տի մի­ջամ­տի» ըսե­լէ ետք, ան բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ, թէ ին­չու այս ան­ցուդար­ձե­րը կ՚ըն­դունի որ­պէս նե­րեկե­ղեցա­կան խնդիր։

Վար­չա­պետը նշեց որ լսած է կա­թողի­կոսը պաշտպա­նող մի քա­նի հո­գեւո­րակա­նի ելոյթնե­րը եւ նկա­տած, թէ անոնք իբր թէ կ՚աջակ­ցին Գա­րեգին Բ.-ին, բայց իրա­կանու­թեան մէջ ըրած­նին նման է կրա­կի վրայ իւղ լեց­նե­լու։

Միւս կող­մէ Էջ­միածին կար­գա­լոյծ հրչա­կեց կա­թողի­կոսի դէմ ծա­ւալած բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու գլխա­ւոր դե­րակա­տար­նե­րէն Հայր Կո­րիւն աբե­ղայ Առա­քելեանը։ Սուրբ Էջ­միած­նի կար­գա­պահա­կան հա­մարա­գը իր նա­խորդ նիս­տին ար­դէն դի­մած էր նման քայ­լի մը, բայց յար­մար դա­տած էր նախ պա­հան­ջել աբե­ղայի մե­ղան­չումը եւ զղջու­մը։ Խոր­հուրդ տո­ւած էր յա­ռաջի­կայ մէկ շա­բաթո­ւայ ըն­թացքին ապաշ­խարհիլ վան­քի մը մէջ իր մեղ­քե­րուն եւ յան­ցանքնե­րուն հա­մար։ Աբե­ղան կը մե­ղադ­րուէր իր հո­գեւոր ուխտը դրժած ըլ­լա­լով։ Իսկ փո­խարէն Կո­րիւն աբե­ղայ մեր­ժեց իրեն պար­տադրո­ւած­նե­րը ըսե­լով որ ինք հա­ւատար­մութիւն ուխտած է եկե­ղեցիի նկատ­մամբ, այլ ո՛չ թէ ոեւէ հո­գեւո­րակա­նի։ «Ես չեմ դրժած իմ եր­դումը հե­տեւա­բար կա­րիք չու­նիմ ապաշ­խարհե­լու» ըսած է աբե­ղան։

Նշենք որ ար­դէն իսկ քիչ չեն Գա­րեգին կա­թողի­կոսի գա­հակա­լու­թեան ըն­թացքին կար­գա­լոյծ եղած հո­գեւո­րական­նե­րու թի­ւը։ Անոնցմէ մէկ մա­սը կար­գա­լոյծ հռչա­կուած են, որ­պէս պատ­ժա­միջոց, բայց մէկ մասն ալ կամաւոր հե­ռացած են հո­գեւո­րակա­նի կո­չու­մէն ան­հա­տական ցան­կութեան հե­տեւան­քով։

Էջ­միածին 18 Յու­լի­սին հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թիւնով մը տե­ղեկա­ցուց նաեւ նոր նշա­նակումներ Հա­րաւա­յին Ռու­սաստա­նի եւ Արար­տեան Հայ­րա­պետա­կան Թե­մի ուղղեալ։ Այսպէս Տէր Ար­սէն քա­հանայ Սա­րոյեան կ՚ան­դա­մակ­ցի Հա­րաւա­յին Ռու­սաստա­նի թե­մակալ առաջ­նորդա­րանի եւ Տէր Հրա­չեայ քա­հանայ Կիւ­զե­լեան Արա­րատեան Հայ­րա­պետական Թե­մի առաջնորդական փոխանորդի իշխանութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ