Մենք ամէն առթիւ պիտի արձագանգենք գերավարուած մտաւորական Օսման Քաւալայի անունը մոռացութեան ճիրաններէն դուրս բերելու համար։ Արդարեւ իրեն հետ զօրակցութեան համար բացուած կայքէջի վրայ թերթի հրատարակութեան պատրաստուած պահերուն յայտնուեցաւ այս լուսանկարը, ուր Օսման Քաւալա կ՚երեւի իր կնոջ՝ փրոֆ. Այշէ Պուղրա Քաւալայի հետ։
Համաշխարհային հասարակութիւնը արդէն դադրած է այս անարդարութիւնը օրակարգի բերելէ։ Շատեր արդէն ձեւով մը համակերպած են կատարուած անարդարութեան եւ համոզուած թէ ներկայ պայմաններու մէջ ոչինչ կայ ընելու։ Մենք համակարծիք պիտի չըլլանք այդ պարտուածութեան հոգեբանութեան հետ եւ պիտի շարունակենք լսելի ձայնը դառնալ այս արժէքաւոր մարդու իրաւունքներու պաշտպանին։