Փաշինեանի Պրուսսելեան շփումները

Վարչապետ Փաշինեան Պրուսսելեան այցելութեան ընթացքին կարեւոր շփումներ ունեցաւ զանազան երկիրներու վարչայիններուն հետ։ Սակայն այդ շփումներու տուած արդիւնքը որքանո՞վ գոհացուցիչ է, քանի որ նոյն ինքն վարչապետի գնահատումով նոր որեւէ խոստում տեղի չէր ունեցած։ Բնականաբար այս այցելութեան շրջագծով Հայաստան կ՚ուզէ բարելաւել ԵՄ-ի եւ Հիւսիս Ատլանտեան դաշինքն անդամ երկիրներու հետ առկայ յարաբերութիւնները։

Այս այցելութեան վարչապետին կ՚ընկերակցէին փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան, Արտաքին Գործերու նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Վարչապետի արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդատու Արսէն Խարատեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի ՆԱԹՕ-ի դեսպան Գագիկ Յովհաննէսեան եւ Պելկիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան։

Այցելութեան աւարտին Պրուսելի օդակայանին մէջ Հայաստանի լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման պահուն Փաշինեան տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնները. «Ես այս այցելութեան ընթացքին յստակօրէն պարզած եմ, որ ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը մեզի համար Եւրոպական երկիրներու թելադրանքէն աւելին կը նշանակէ։ Մենք արդէն որդեգրած ենք այդ սկզբունքները, որովհետեւ որոշած ենք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը հաստատել»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ