Արկենդինահայերու «Կարմիր աստղ»ով միութեան այցը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

17Յուլիս երեքշաբ­­­թի երե­­­կոյ ու­­­րախ հան­­­դի­­­­­­­պում մըն էր, որ կը կա­­­յանար «Ակօս»ի խմբագ­­­րա­­­­­­­տան «Հա­­­ւաք» սրա­­­հին մէջ։ Ար­­­կենդի­­­նահա­­­յոց մշա­­­կոյ­­­թի միու­­­թեան անդամները դէ­­­պի Հա­­­յաս­­­տան կա­­­տարե­­­լիք ճամ­­­բորդու­­­թեան ըն­­­դա­­­­­­­ռաջ հան­­­դի­­­­­­­պած էին խմբագ­­­րա­­­­­­­տուն, այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւն մը տա­­­լու հա­­­մար թեր­­­թիս անձնա­­­կազ­­­մին եւ Հրանդ Տինք հիմ­­­նադրա­­­մին։ Աւե­­­լի քան 60 ան­­­դամնե­­­րէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցող ար­­­կենդի­­­նահա­­­յոց խումբը մէկ օր առաջ ալ այ­­­ցե­­­­­­­լած էր պոլ­­­սա­­­­­­­հայոց պա­­­րարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան բնա­­­գաւա­­­ռի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ «Մա­­­րալ» խումբին։ Պա­­­տահա­­­կան չէ այս հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մը եւս, քա­­­նի որ մեր բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րը իրենց կազ­­­մին մէջ ու­­­նին նաեւ բա­­­ւական մեծ աւանդ ու­­­նե­­­­­­­ցող պա­­­րախումբ, որ հիմ­­­նո­­­­­­­ւած է 1960-ին եւ կը պատ­­­րաստո­­­ւի այդ հիմ­­­նարկու­­­թեան 60-ամեակը նշե­­­լու։

Այս այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւնը մե­­­զի հա­­­մար յա­­­ւելեալ նշա­­­նակու­­­թիւն մը ու­­­նէր, քա­­­նի որ կը մէկ­­­տե­­­­­­­ղէր հոգ չէ թէ հե­­­ռու հո­­­րիզոն­­­նե­­­­­­­րէ, բայց նոյն գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թեան տէր մար­­­դիկ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ պա­­­տահա­­­կան չէ, որ մեր հիւ­­­րե­­­­­­­րը իրենց միու­­­թեան կեր­­­պին վրայ նկա­­­րած են Արա­­­րատի գա­­­գաթին շո­­­ղեր փայ­­­լա­­­­­­­տակող կար­­­միր աստղը։ Այս ու­­­րախ հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մը առիթ ընդձե­­­ռեց, որ մենք աւե­­­լի մօ­­­տէն ճանչնանք մեր գա­­­ղափա­­­րակից­­­նե­­­­­­­րուն ան­­­ցած ու­­­ղին եւ այդ ու­­­ղիի վրայ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րած յա­­­ջողու­­­թիւննե­­­րը։

Ար­­­կենդի­­­նահայ մշա­­­կոյ­­­թի միու­­­թեան ստեղծման ոդի­­­սակա­­­նը ծնունդ կ՚առ­­­նէ նա­­­խորդ դա­­­րի 1920-ական տա­­­րեթի­­­ւերէն։ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէն մա­­­զապուրծ փրկո­­­ւած եւ ով­­­կիանո­­­սի հան­­­դի­­­­­­­պակած ափը ապաս­­­տա­­­­­­­նած մեր ազ­­­գա­­­­­­­կից­­­նե­­­­­­­րը խստօ­­­րէն ազ­­­դո­­­­­­­ւած են նախ Ռու­­­սաստա­­­նի մեծ յե­­­ղափո­­­խու­­­թե­­­­­­­նէն եւ ապա Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի որ­­­պէս ան­­­կախ պե­­­տու­­­թիւն ձե­­­ւաւո­­­րու­­­մէն։ Հիմ­­­նա­­­­­­­դիր ժո­­­ղով մը տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցած է 1925-ի 29 Նո­­­յեմ­­­բե­­­­­­­րին, որ­­­մէ ան­­­մի­­­­­­­ջապէս ետք կեան­­­քի կո­­­չուած է Ար­­­կենդի­­­նահայ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին միու­­­թիւնը։ Գի­­­տենք որ հայ­­­կա­­­­­­­կան սփիւռքի կա­­­րեւո­­­րագոյն յատ­­­կութիւննե­­­րէն է ու­­­նե­­­­­­­նալ սե­­­փական մա­­­մուլ, որ կա­­­պի մէջ պի­­­տի պա­­­հէ հայ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ցիր ու ցան եղած բե­­­կոր­­­նե­­­­­­­րը։ Անոնք հա­­­ղոր­­­դա­­­­­­­կից պի­­­տի դարձնէ ազ­­­գա­­­­­­­յին զա­­­նազան զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րու, ար­­­գելք ըլ­­­լա­­­­­­­լով ան­­­տէ­­­­­­­րու­­­թեան մէջ ու­­­ծացման խիստ հա­­­ւանա­­­կան վտան­­­գին։

Ահա­­­ւասիկ տա­­­րինե­­­րու հո­­­լովոյ­­­թով Ար­­­կենդի­­­նայի հայ հա­­­մայնքին մէջ գոր­­­ծած են զա­­­նազան թեր­­­թեր, ինչպի­­­սին են՝ «Կար­­­միր աստղ», «Նոր կեանք», «Հայ մա­­­մուլ», «Վե­­­րելք», «Երե­­­ւան», «Շի­­­րակ» եւ վեր­­­ջա­­­­­­­պէս «Սե­­­ւան» ու «Նոր Սե­­­ւան»։ Ար­­­կենդի­­­նահա­­­յերը այդ տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին ու­­­նե­­­­­­­ցան նաեւ հա­­­մայնքա­­­յին ռա­­­տիօ հա­­­ղոր­­­դումներ «Հայ ձայ­­­նը» կո­­­չու­­­մով, որ այս տա­­­րի կը բո­­­լորէ հիմ­­­նադրու­­­թեան 62-րդ ամեակը։

Ինչպէս միշտ այս ան­­­գամ ալ միու­­­թեան հիմ­­­նադրու­­­թիւնը իր հետ կը բե­­­րէ նոր ակնկա­­­լու­­­թիւններ, որոնց հե­­­տեւան­­­քով կը գո­­­յանան նոր ճիւ­­­ղեր։ Այդ ճիւ­­­ղե­­­­­­­րէն մէկն է ահա Գա­­­յիանէ պա­­­րախումբը, որ ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւած է 1960-ին։ Այդ աւան­­­դութեան առա­­­ջին տնօ­­­րէնը եղած է Ռո­­­զա Ճա­­­կեճեանը, որուն ապա յա­­­ջոր­­­դե­­­­­­­ցին Միր­­­թա Վար­­­դա­­­­­­­նեանը եւ Ալի­­­սեայ Անտրէասեանը։ Ներ­­­կա­­­­­­­յիս Գա­­­յիանէ ու­­­նի գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան ղե­­­կավար­­­ման քո­­­լեկ­­­թիֆ, ուր կը գոր­­­ծեն այս ոլոր­­­տէ ներս որոշ վաս­­­տակ ու­­­նե­­­­­­­ցած Ռա­­­ֆիկ Գրի­­­գորեան, Քար­­­լոս Ակա­­­ճան եւ Մար­­­սե­­­­­­­լա Պո­­­յաճեան։ Խումբը ու­­­նի սկզբնակ­­­նե­­­­­­­րու եւ վաս­­­տա­­­­­­­կաւոր­­­նե­­­­­­­րու կազ­­­մեր եւ այժմ կը բաղ­­­կա­­­­­­­նայ 45 պա­­­րող­­­նե­­­­­­­րէ։ Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը ու­­­նի նաեւ ուսման ծրա­­­գիր եւ կը վա­­­րէ շա­­­բաթօ­­­րեայ դպրոց մը, որուն նպա­­­տակն է երա­­­խանե­­­րը կրթել մարդկա­­­յին սկզբունքնե­­­րով եւ ար­­­ժէքնե­­­րով, անոնց սոր­­­վեցնել հա­­­յոց լե­­­զու, պատ­­­մութիւն, երաժշտու­­­թիւն, թատ­­­րոն եւ պար։ Պար­­­տինք նշել, թէ Ար­­­կենդի­­­նահա­­­յոց մշա­­­կոյ­­­թի միու­­­թեան պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թեան հետ ու­­­նե­­­­­­­ցած կա­­­պը գո­­­յացաւ 2016-ին, Պոլ­­­սոյ «Նոր Զար­­­թօնք» շար­­­ժումի առա­­­ջատար գոր­­­ծիչնե­­­րէն Սա­­­յաթ Թե­­­քիրի Պո­­­ւէնոս Այ­­­րես այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւնով։ Թե­­­քիր այդ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան օրե­­­րուն շփումներ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ Ար­­­կենդի­­­նայի ազա­­­տատենչ հայ հա­­­տուա­­­ծի հետ եւ վե­­­րադար­­­ձին իր վկա­­­յու­­­թիւննե­­­րը փո­­­խան­­­ցեց ան­­­մի­­­­­­­ջական գոր­­­ծընկեր­­­նե­­­­­­­րուն։ Հա­­­սարա­­­կական բազ­­­մա­­­­­­­թիւ կէ­­­տեր կա­­­յին այդ եր­­­կու միու­­­թիւննե­­­րու մի­­­ջեւ։ Օրի­­­նակի հա­­­մար՝ ինչպէս Պոլ­­­սոյ «Նոր Զար­­­թօնք»ին, Ար­­­կենդի­­­նայի միու­­­թեան ալ կ՚ան­­­դա­­­­­­­մակ­­­ցին բա­­­ւական թի­­­ւով ոչ հայ ան­­­դամներ, որոնց հետ մեր երի­­­տասարդնե­­­րը բա­­­ւական նիւ­­­թեր ու­­­նին կի­­­սելու։

Բա­­­ցի մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին գոր­­­ծե­­­­­­­րէն միու­­­թեան երի­­­տասար­­­դութիւ­­­նը հա­­­մայնքէ եւ ազ­­­գա­­­­­­­յին ոլոր­­­տէ ներս կը վա­­­րէ աշ­­­խոյժ քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծունէու­­­թիւն։ Վեր­­­ջին 20 տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին երի­­­տասար­­­դա­­­­­­­կան կազ­­­մը մաս­­­նակցած է հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին բնոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցող զա­­­նազան փա­­­ռատօ­­­ներուն՝ Քու­­­պա, Վե­­­նեզո­­­ւել­­­լա, Հա­­­րաւ Ափ­­­րի­­­­­­­կեան հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւն, Էկո­­­ւատոր եւ Ռու­­­սաստա­­­նի մէջ։ Միու­­­թեան երի­­­տասարդ տար­­­րե­­­­­­­րը բա­­­ւակա­­­նին գերզգա­­­յուն են հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին խնդիր­­­նե­­­­­­­րու նկատ­­­մամբ եւ այդ գի­­­տակ­­­ցութիւ­­­նով ալ կը մաս­­­նակցին զա­­­նազան հա­­­մագոր­­­ծակցու­­­թիւննե­­­րու, որոնց կա­­­րեւո­­­րագոյնն են Պա­­­ղես­­­տի­­­­­­­նի ժո­­­ղովուրդի հետ գոր­­­ծակցու­­­թիւնը կամ քրտա­­­կան ազա­­­տական շար­­­ժումին զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը։

Միու­­­թեան ան­­­ցեալը եւս լե­­­ցուն է բազ­­­մա­­­­­­­թիւ քա­­­ղաքա­­­կան վե­­­րիվայ­­­րումնե­­­րով։ Ինչպէս ծա­­­նօթ է շա­­­տերուն Ար­­­կենդի­­­նա եր­­­կար տա­­­րիներ են­­­թարկո­­­ւած էր Ամե­­­րիկեան գա­­­ղու­­­թա­­­­­­­տիրա­­­կան քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան ճի­­­րան­­­նե­­­­­­­րուն։ Ամե­­­րիկա­­­յի քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչնե­­­րը այս եր­­­կի­­­­­­­րը միշտ դի­­­տած էին, որ­­­պէս իրենց բնա­­­կան դաշ­­­նա­­­­­­­կից­­­ներ եւ միշտ զի­­­նուո­­­րական կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւննե­­­րու ձեռ­­­քով աշ­­­խա­­­­­­­տած էին իրեն գե­­­րակա­­­յու­­­թիւնը պա­­­հել այդ երկրի մէջ։ Հե­­­տեւա­­­բար Ար­­­կենդի­­­նայի ժո­­­ղովուրդի հետ միասին տեղ­­­ւոյն հա­­­յու­­­թիւնն ալ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ դժո­­­ւար ան­­­ցա­­­­­­­նելի շրջան­­­ներ։ Այդ բո­­­լորին մէջ միայն մէկ բան մնաց յստակ եւ ան­­­վա­­­­­­­րան՝ որն էր Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հետ ու­­­նե­­­­­­­ցած բա­­­րի յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւնը։ Այս երե­­­ւոյ­­­թը յատ­­­կա­­­­­­­պէս ճա­­­կատագ­­­րա­­­­­­­կան կը դառ­­­նար Բ. Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին պա­­­տերազ­­­մի տա­­­րինե­­­րուն, երբ հա­­­մայնքի յե­­­տադի­­­մական հա­­­տուա­­­ծը կը գոր­­­ծակցէր նա­­­ցիֆա­­­շիս­­­տա­­­­­­­կան ճա­­­կատին հետ բնա­­­բան ու­­­նե­­­­­­­նալով «Ազատ, ան­­­կախ Հա­­­յաս­­­տան» կար­­­գա­­­­­­­խօսը։ Գտնո­­­ւեցան հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­ւոր տար­­­րեր, որոնք իրենց զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը բե­­­րին վե­­­րած­­­նո­­­­­­­ւած Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի յաղ­­­թա­­­­­­­նակին ու բար­­­գա­­­­­­­ւաճ­­­ման։

Կաս­­­կած չկայ, որ Ար­­­կենդի­­­նահա­­­յոց միու­­­թեան այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւնը նոր աւիշ մը դար­­­ձաւ յատ­­­կա­­­­­­­պէս «Նոր Զար­­­թօնք»ի հար­­­թա­­­­­­­կին շուրջ մէկ­­­տե­­­­­­­ղուած երի­­­տասար­­­դութեան հա­­­մար, քա­­­նի որ այդ պատ­­­կե­­­­­­­րին մէջ տե­­­սան թէ աշ­­­խարհի երե­­­սին առան­­­ձին չեն իրենց հո­­­գերով։ Մղոն­­­նե­­­­­­­րով հե­­­ռաւո­­­րու­­­թեան ետե­­­ւէն կայ սերնդա­­­կից զան­­­գո­­­­­­­ւած մը, որ կը կի­­­սէ այդ նոյն հո­­­գերը կա­­­մ աշ­­­խարհա­­­հայեացքը։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ