Աւետիս՝ վայելքի մը կրկնութեան համար

Գե­ղան­­­կա­­­­­­­րիչ Լե­­­ւոն Լա­­­չիկեան կը պատ­­­րաստո­­­ւի նոր ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սով մը ներ­­­կա­­­­­­­յանալ Իս­­­թանպու­­­լի արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­սէր­­­նե­­­­­­­րուն կրկին ան­­­գամ նիւթ ու­­­նե­­­­­­­նալով այս քա­­­ղաքի ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տական յատ­­­կութիւ­­­նը։ Ան մօտ ան­­­ցեալին այս առու­­­մով ու­­­նե­­­­­­­ցած էր նա­­­խափորձ մը, որ հե­­­տաքրքրու­­­թիւն գո­­­յացո­­­ւած էր հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սի մօտ։ Լա­­­չիկեան ու­­­նի նկա­­­րելու ու­­­րոյն ոճ մը, որու շնոր­­­հիւ ան առանց մատ­­­նո­­­­­­­ւելու գոյ­­­նե­­­­­­­րու բազ­­­մութեան կը յա­­­ջողի նկա­­­րել այն ինչ որ ու­­­րոյն է միայն արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտի հա­­­յեաց­­­քով։ Լա­­­չիկեանի գոր­­­ծե­­­­­­­րէն դուրս կը բխայ հրա­­­շալի գու­­­նա­­­­­­­գեղու­­­թիւն, որ շատ ան­­­գամ ապա­­­հովո­­­ւած է միայն մէկ գոյ­­­նի տար­­­բեր երանգնե­­­րու օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծումով։

Իր նա­­­խորդ ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սին մէջ գոյ­­­նի հա­­­մադ­­­րութիւ­­­նը կը դի­­­տուէր սեւ ու սպի­­­տակի սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մով։ Իսկ այս ան­­­գամ նոր ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սի հա­­­մար ան փո­­­խած է գոյ­­­նե­­­­­­­րու ներ­­­դաշնա­­­կու­­­թիւնը շա­­­գանա­­­կագոյ­­­նի եռանգնե­­­րէն օգ­­­տո­­­­­­­ւելով։ Այս կա­­­ղապա­­­րին մէջ զար­­­մա­­­­­­­նալի հա­­­րազա­­­տու­­­թիւնով մը կը ցո­­­լանայ կղզի­­­ներու խորհրդան­­­շան դար­­­ձած դափ­­­նե­­­­­­­վար­­­դե­­­­­­­րը, որոնք ստա­­­ցած են իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ կեն­­­դա­­­­­­­նու­­­թիւն։ Առայժմ ճշդո­­­ւած չէ ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սի վայ­­­րը կամ թո­­­ւակա­­­նը, սա­­­կայն հա­­­ւանա­­­կան է, որ ինչպէս նա­­­խորդ ան­­­գամ այս ան­­­գամ ալ Լա­­­չիկեանի գոր­­­ծե­­­­­­­րը հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սին ներ­­­կա­­­­­­­յանան Գնա­­­լը Կղզիի մէջ։ Մենք կը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորենք Լե­­­ւոն Լա­­­չիկեանի այս ձեռ­­­նարկը, քա­­­նի որ այժմէն ար­­­դէն ոգե­­­ւորո­­­ւած ենք կրկին ան­­­գամ իր տա­­­ղան­­­դը վա­­­յելե­­­լու առի­­­թը տեսնելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ