Արամ Մանուկեանի արձանի բացումը

Երեւանի կեդրոնական հա­­տուա­­ծի վրայ տե­­ղադ­­րո­­­ւած է դաշ­­նակցա­­կան քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ Արամ Մա­­նու­­կեանի ար­­ձա­­­նը։ Այս առ­­թիւ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած է բաց­­ման յա­­տուկ արա­­րողու­­թիւն, որ սկսած է Գա­­րեգին կա­­թողի­­կոսի աղօթ­­քով։ Ապա ելոյթ ու­­նե­­­ցած է Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան։ Ան իր ելոյ­­թին մէջ ընդգծեց Արամ Մա­­նու­­կեանի առա­­քելու­­թիւնը մա­­նաւանդ պե­­տակա­­նաց­­ման գոր­­ծընթա­­ցին մէջ։ «Ո՞վ է Արամ Մա­­նու­­կեանը։ Թե­­րեւս սխա­­լած չեմ լի­­նի, եթէ ասեմ որ ան եղաւ մեր նո­­րագոյն պատ­­մութեան մե­­ծագոյն առա­­քեալը։ Ան ապ­­րեց ու գոր­­ծեց իրա­­կանաց­­նե­­­լու հա­­մար մեծ առա­­քելու­­թիւն մը եւ յա­­ջողե­­ցաւ։ Յաղ­­թա­­­նակ գտնե­­լը մե­­ծագոյն առա­­քելու­­թիւն էր մա­­նաւանդ այդ ժա­­մանա­­կի պայ­­մաննե­­րուն մէջ։ Ան յաղ­­թա­­­նակ ձեռքբե­­րեց պար­­տութիւննե­­րու տե­­ղատա­­րափին մէջ։ Յոյս գտաւ յու­­սա­­­հատու­­թեան հե­­ղեղին մէջ։ Ուժ գտաւ, երբ թե­­ւերը թու­­լա­­­ցած էին, ծունկե­­րը ծալ­­լո­­­ւած եւ մէջ­­քը կոտ­­րո­­­ւած։ Իր մահն ալ նման էր ժո­­ղովուրդի տա­­ռապան­­քին, ու­­նե­­­ցաւ ամ­­բողջ ժո­­ղովուրդը կո­­տորող տի­­ֆէն իրեն վի­­ճակած բա­­ժինը։ Այժմ մենք ու­­նինք նման առա­­քելու­­թիւն, որ կը պար­­տադրէ ար­­ժա­­­նի ըլ­­լալ Արամ Մա­­նու­­կեանի թո­­ղած ժա­­ռան­­գին։ Յետ այ­­սու ամէն ան­­գամ որ կ՚անցնինք այս ար­­ձա­­­նի առ­­ջե­­­ւով, կը նա­­յինք իր աչ­­քե­­­րուն եւ կ՚ըսենք թէ. -Մենք տէրն ենք քու առա­­քելու­­թեան, քու գոր­­ծը կի­­սատ չենք թո­­ղած եւ հայ ժո­­ղովուրդը յաղ­­թա­­­նակած է յա­­ւիտեան-»։

Հան­­դի­­­սու­­թեան ըն­­թացքին ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ նաեւ ՀՅԴ պիւ­­րո­­­յի ան­­դամ Կի­­րօ Մա­­նոյեան, որ իր կար­­գին ող­­ջունեց այս թէեւ ու­­շա­­­ցած, բայց կա­­տարին հա­­սած յար­­գանքի տուրքը։ Կի­­րօ Մա­­նոյեան ապա յոյս յայտնեց թէ կը գործադրուի այդ յար­­գանքի տուրքի շա­­րու­­նա­­­կու­­թիւննե­­րը եւս, որոնք են Արա­­մի փո­­ղոցի վե­­րանո­­ւանու­­մը, որ­­պէս Արամ Մա­­նու­­կեան փո­­ղոց։ Մա­­նոյեան նաեւ պա­­հան­­ջեց, որ նա­­խապէս Արամ Մա­­նու­­կեանի բնա­­կած շէն­­քը, որուն միայն պա­­տերը մնա­­ցած են ,վե­­րակա­­ռու­­ցո­­­ւի եւ վե­­րածո­­ւի այս մեծ գոր­­ծի­­­չի անու­­նը կրող տուն-թան­­գա­­­րանի։ Հան­­դի­­­սու­­թիւնը աւար­­տե­­­ցաւ Արամ Մա­­նու­­կեանի խօս­­քե­­­րէն մէջ­­բե­­­րու­­մով մը, ուր ան կ՚ըսէր. «Մե­­նակ ենք ու պէտք է ապա­­ւինենք միայն մեր ու­­ժե­­­րին, թէ ճա­­կատը պաշտպա­­նելու, թէ երկրի ներ­­սը կարգ հաս­­տա­­­տելու հա­­մար»։