Որովհետեւ Թումանեանի «Ձախորդ Փանոսն» ու «Անխելք Մարդը» մենք ենք…Փաստը՞…

ԱՐԱՅԻԿ ՄԿՐՏՈՒՄԵԱՆ

Ըստ էու­թեան Թու­մա­նեանի «Ձա­խորդ Փա­նոսը» եւ «Ան­խելք Մար­դը» հե­քիաթ­նե­րը նոյն մար­դուն մա­սին են, թէեւ եր­կու տար­բեր գոր­ծեր են՝ եր­կու տար­բեր պա­տումնե­րով։ Զա­նոնք միաց­նող երե­ւոյ­թը գլխա­ւոր հե­րոսին յի­մարու­թեան աս­տի­ճանի հաս­նող միամ­տութիւնն ու կոյր ինքնավստա­հու­թիւնն է։ Հա­ւանա­բար ար­դէն պարզ է, թէ ինչ կը պա­տահի յի­մարու­թեան աս­տի­ճանի միամ­տութեան ու կոյր ինքնավստա­հու­թեան պա­րագա­յին։

«Ձա­խորդ Փա­նոսը» հե­քիաթը ոչ թէ պար­զա­պէս ձա­խողած ան­ձի մը մա­սին է, որ շա­րու­նա­կաբար ան­հե­թեթ իրա­վիճակ­նե­րու մէջ կը յայտնո­ւի, այլ հե­րոսը իր իսկ յի­մարու­թեան հե­տեւան­քով դան­դաղ, բայց կա­յուն քայ­լե­րով ինքզինք կը մօ­տեց­նէ ող­բերգու­թեան։ Փա­նոսը ոչ միայն տգէտ է, այ­լեւ՝ ինքնավստահ։ Փա­նոսին, նոյ­նիսկ ամե­նէն ան­մեղ արարքնե­րը կրնան իրեն հա­մար ան­կանխա­տեսե­լի վտանգ պա­րու­նա­կել։ Եթէ նոյ­նիսկ ու­րի­շին որե­ւէ վնաս չպատ­ճա­ռէ, ապա ինքնի­րեն ան­պայման կը վնա­սէ։

Հե­քիաթին մէջ, երբ Փա­նոս կ’որո­շէ բան մը նո­րոգել, ապա նո­րոգե­լիքը կ’իյ­նայ եւ ջար­դուփշուր կ’ըլ­լայ, ուստի կ’եր­թայ ան­տառ ծառ կտրե­լու ու իր «հան­ճա­րեղ որո­շու­մին» հե­տեւան­քով, ան ծա­ռը կը կտրէ այնպէս մը, որ ան­մի­ջապէս կ’իյ­նայ սայ­լին վրայ, ու հե­տեւա­բար կը կորսնցնէ իր սայլն ու եզ­նե­րը։ Յե­տոյ կ’որո­շէ կա­ցինով բադ սպա­նել, որ բնա­կանա­բար չի յա­ջողիր։ Ար­դէն ամէն ինչ կորսնցու­ցած, Փա­նոս ջուր կը մտնէ կա­ցինը փնտռե­լու։ Կա­ցինը չի գտներ, եւ անոր փո­խարէն գե­տի ափին դրած իր հա­գուստը կը տա­նին։ Իսկ երբ Փա­նոս ար­դէն մերկ ու քաղ­ցած գիւղ կը մտնէ, կ’ու­զէ հա­գուստ մը գտնել, չար դի­պուա­ծով մը, շպրտո­ւած հա­ւի ոս­կո­րը անոր աչ­քը կը հա­նէ։ Շու­նե­րը կը գզեն զինք ու արիւնլո­ւայ, ամէն ինչ կորսնցու­ցած, Փա­նոս փախ­չե­լով կ’ան­հե­տանայ խա­ւարին մէջ։ Ասի­կա հե­րոսին բա­ցար­ձակ ձա­խողու­թիւնն է ամէն ին­չի մէջ։ Բայց մին­չեւ զինք վեր­լուծե­լը՝ քննենք նաեւ անոր եր­կո­ւորեակ հե­րոս «Ան­խելք մար­դը»։

Ան­խելք մար­դը անա­նուն կեր­պար մըն է, ան անուն չու­նի։ Հե­քիաթին մէջ, ան խեղճ ու աղ­քատ, կ’եր­թայ Աս­տուծոյ մօտ գան­գա­տի։ Ճամ­բան, անոր դի­մաց կ’ել­լեն չոր­ցած ծա­ռը, հա­րուստ գե­ղեց­կուհին եւ անօ­թի գայ­լը։ Տե­ղեկա­նալով, որ աղ­քա­տը կ’եր­թայ Աս­տուծոյ մօտ գան­գա­տի, այս երե­քը իրենց «տար­տը» կը պատ­մեն անոր ու կը խնդրեն, որ աղ­քա­տը զա­նոնք եւս պատ­մէ Տի­րոջը։ Աս­տո­ւած մտիկ կ’ընէ աղ­քա­տին եւ կ’ըսէ, որ չոր­ցած ծա­ռին տակ ոս­կի կայ, եթէ այդ ոս­կին հա­նեն, ծա­ռը՝ կը կա­նաչ­նայ, հա­րուստ աղ­ջի­կը կը բախ­տա­ւորո­ւի երբ ամուսնա­նայ, իսկ յա­ւէրժ անօ­թի գայ­լը կը կշտա­նայ, եթէ ու­տէ ան­խելք մար­դը։ Այդ բո­լորը լսե­լէ ետք, աղ­քա­տը հարց կու տայ, թէ ի՞րեն ինչ բախտ կը նա­խատե­սէ։ Տէր Աս­տո­ւած անոր կ’ըսէ, որ աղ­քա­տին բախ­տը կը սպա­սէ իրեն, թող եր­թայ, գտնէ ու վա­յելէ։ Աղ­քա­տը, փո­խանակ հասկնա­լու, որ Աս­տո­ւած նա­խորդ երեք պա­տաս­խաննե­րով նաեւ իր բախ­տը կը բա­նար, ճամ­բայ կ’ել­լէ «բախ­տը գտնե­լու»։ Չոր­ցած ծա­ռը կը խնդրէ իր­մէ քան­դել իր ար­մատնե­րը եւ տա­կը գտնել ոս­կին, ինչ որ եր­կուքին ալ օգուտ կը բե­րէ. աղ­քա­տը կը հարստա­նայ, իսկ ին­քը՝ կը կա­նաչ­նայ։ Աղ­քա­տը կը մեր­ժէ ըսե­լով, որ կ’եր­թայ իր բախ­տը գտնե­լու։ Հա­րուստ գե­ղեց­կուհին, երբ կը լսէ, որ իր եր­ջանկու­թիւնը կեան­քի ըն­կեր գտնե­լու մէջ կը գտնո­ւի, աղ­քա­տին կ’առա­ջար­կէ ամուսնա­նալ իր հետ ու միասին վա­յելել կեանքն ու ծով հարստու­թիւնը։ Աղ­քա­տը զինք ալ կը մեր­ժէ՝ ըսե­լով, որ իր բախ­տը իրեն կը սպա­սէ ու նո­րէն ճամ­բայ կ’ել­լէ։ Ի վեր­ջոյ կը հան­դի­պի գայ­լին ու կը պատ­մէ ամէն ինչ։ Գայ­լը, հասկնա­լով, որ Աս­տուծոյ ըսած ան­խելքը նոյ­նիքն այդ աղ­քատն է, կ’ու­տէ զայն։ Սար­սա­փելի աւարտ մը եւս։

Նախ­քան Ձա­խորդ Փա­նոսին ու Ան­խելք Մար­դուն յի­մարու­թիւննե­րուն վրայ ծի­ծաղի­լը, հար­կա­ւոր է հասկնալ, որ անոնք օդէն հիւ­սո­ւած կեր­պարներ չեն։ Անոնք ժո­ղովուրդին հա­ւաքա­կան ինքնու­թիւննե­րէն են, ուր կը նկա­րագ­րո­ւի անոնց միամ­տութիւ­նը, իրա­կանու­թե­նէն կտրո­ւած ըլ­լա­լը, հա­ւաքա­կան կու­րութիւ­նը, մե­ծամ­տութիւնն ու ան­տե­ղի ինքնավստա­հու­թիւնը։ Ձա­խորդ Փա­նոսն ու Ան­խելք Մար­դը վտան­գա­ւոր կեր­պարներ են։ Վտան­գա­ւոր են առա­ջին հեր­թին իրենք իրենց հա­մար։ Անոնք ոչ մէկ օգուտ կը բե­րեն ո՛չ իրենց, ո՛չ ալ ու­րիշնե­րուն, բայց փո­խարէ­նը կրնան կոր­ծա­նել թէ՛ իրենք զի­րենք, թէ՛ ու­րիշնե­րը։ Փա­նոսը իր յի­մարու­թեան հե­տեւան­քով պատ­ճառ կը դառ­նայ իր ամ­բողջ ու­նե­ցուած­քին կո­րուստին ու կի­սամեռ կ’ան­հե­տանայ։ Ան­խելք Մար­դը, որ հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նէր եր­ջանկաց­նե­լու աղջկի­կը, խնա­մելու չոր­ցած ծա­ռը ու ինքն ալ վեր­ջա­պէս հարստա­նալու ու եր­ջանկա­նալու, գայ­լին բա­ժին կը դառ­նայ։ Ան­խելք Մար­դուն պատ­ճա­ռով, աղ­ջի­կը կը մնայ դժբախտ, ծա­ռը՝ չոր­ցած, եւ միայն գայ­լը կը կշտա­նայ։

Պատ­մութեան մէջ քա­նի՞ ան­գամ մենք որ­պէս ժո­ղովուրդ ձա­խողած ենք՝ յոյս դնե­լով երե­ւակա­յական «բախ­տի մը վրայ», երբ պէտք էր ըլ­լալ շրջա­հայեաց ու իրա­կանու­թեամբ ապ­րե­լով՝ յստակ ու իրա­պաշտ քայ­լեր առ­նել։ Քա­նի՞ ան­գամ ձեռ­քէ փախ­ցուցած ենք մեր առ­ջեւ պար­զո­ւած հնա­րաւո­րու­թիւն մը, քա­նի՞ ան­գամ մենք կորսնցու­ցած ենք մեր ու­նե­ցածը, որով­հե­տեւ միշտ եղած ենք ոչ-հա­շուեն­կատ, անի­րական, ցնորքնե­րով ապ­րող ու ցնորքնե­րու հա­ւատա­ցող։ Ձա­խորդ Փա­նոսը կ’ու­զէր ծա­ռը այնպէս մը կտրել, որ մէկ ան­գա­մէն իյ­նայ սայ­լին վրայ, առանց հասկնա­լու, թէ ին­կող ծա­ռը վտան­գա­ւոր է ու կը ճզմէ իր տա­կը յայտնո­ւող որե­ւէ բան։

Երբ կը քննենք հայ ժո­ղովուրդի քա­ղաքա­կան ան­ցեալը եւ կը փոր­ձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ տե­ղի կ’ու­նե­նար տար­բեր դա­րաշրջան­նե­րու, դժկա­մօրէն կ’ըն­դունինք, որ, բա­ցի ճա­կատագ­րա­կան պա­տու­հասնե­րէ, դժբախ­տութիւննե­րուն մեծ մա­սը հե­տեւանք է սե­փական սխալ­նե­րու, ընդ որում սար­սա­փելի սխալ­նե­րու։ Օրի­նակ, հա­յոց թա­գաւո­րու­թեան գե­րեզ­մա­նաքա­րը 428-ին դրին նոյ­նիքն հա­յերը, երբ հրա­ժարե­ցան պե­տակա­նու­թե­նէ ու կա­մովին ըն­դունե­ցին պարսկա­կան գե­րիշ­խա­նու­թիւնը։ Նոյ­նը նաեւ Բագ­րա­տու­նի­ներու օրով, երբ իշ­խա­նական ամէն տուն թա­գաւո­րի տիտ­ղոս կ’ու­զէր ու­նե­նալ ու Հա­յաս­տա­նի մէջ շուրջ տա­սը «թա­գաւո­րու­թիւններ» կա­յին։ Անոնք բո­լորն ալ կար­գով կոտ­րո­ւեցան, որով­հե­տեւ եր­բեք միաս­նա­բար չպայ­քա­րեցան։ Կի­լիկիոյ դժբախ­տութիւննե­րուն մէկ մա­սը սե­փական ան­հե­ռատե­սու­թիւնն էր։ Ռուս-թուրք-պարսկա­կան պա­տերազմնե­րու ժա­մանակ հա­յերը կռո­ւեցան բո­լոր երե­քին դէմ ու երե­քը իրենց դէմ ու անոնցմէ ոչինչ շա­հեցան, միայն գայ­լե­րը կշտա­ցան։ Նոյնն էր Անդրկով­կա­սեան Դաշ­նակցա­յին Հան­րա­պետու­թեան ժա­մանակ, նոյնն էր առա­ջին եւ նոյնն է մեր եր­րորդ հան­րա­պետու­թիւննե­րու պա­րագա­յին։ Մենք ան­վերջ սխալ­ներ կը գոր­ծենք, հաս­տատ ու պինդ քայ­լե­րով։ Մեր սխալ­նե­րը դաս չեն դառ­նար մեր յա­ջորդնե­րուն հա­մար։ Մենք հի­մա կը քննենք 100 տա­րի առաջ տե­ղի ու­նե­ցած աղէ­տը, երբ կոր­ծա­նեցաւ Առա­ջին Հան­րա­պետու­թիւնը եւ կը զար­մա­նանք, թէ ինչպէ՞ս չէին նկա­տած այս կամ այն երե­ւոյ­թը։

Իսկ հի­մա կը նկա­տե՞նք։ Ի՞նչ փո­խուած է ընդհան­րա­պէս։ Ի՞նչ որա­կական փո­փոխու­թիւններ ու­նինք մեր մէջ։ Ար­դեօ՞ք կը հասկնանք, որ Ձա­խորդ Փա­նոսն ու Ան­խելք Մար­դը նոյ­նիքն մենք ենք։ Որով­հե­տեւ այնպէս կտրո­ւած ենք իրա­կանու­թե­նէն, որ միշտ կը սխա­լինք մեր հա­շիւ­նե­րուն մէջ։ Կտրո­ւած ծա­ռը կը ձգենք սայ­լին վրայ ու կը ջար­դէնք, եզ­նե­րը կը սպա­նենք, չենք հասկնար, որ հե­ռուէն կա­ցին շպրտե­լով բադ սպա­նելը կա­րելի չէ, չենք կրնար եր­թալ ու մար­դա­վարի հա­գուստ գտնել, այնպէս կ’ընենք, որ հա­գուստի փո­խարէն մեր աչ­քը կը հա­նեն ու շու­նե­րը կը գզեն մեզ։ Իսկ երբ ճա­կատա­գիրը իրա­կան հնա­րաւո­րու­թիւններ կու տայ մե­զի, մենք ծա­ռի տա­կին ոս­կին չենք հա­ներ, մենք հարստու­թիւնն ու ապա­հովու­թիւնը չենք նկա­տեր, մենք կը շա­րու­նա­կենք երա­զել, անրջել ու գայ­լին բա­ժին դառ­նալ։ Ու պէտք չէ ըսել, որ ան­ձամբ մենք ծա­ռին տակ թաք­նո­ւած ոս­կին կը հա­նէինք, կամ ալ ո՞վ չու­զէր հա­րուստ գե­ղեց­կուհիի մը հետ ամուսնա­նալ։ Այդ մէ­կը ար­դէն ան­հե­թեթ է։ Հե­քիաթին իմաս­տը այս պա­րագա­յին նոյ­նիքն այդ ան­հե­թեթին մի­ջոցով խրատ տալն է, պար­տա­դիր չէ, որ ծա­ռերուն տա­կը ոս­կի ըլ­լայ, իսկ հա­րուստ գե­ղեց­կուհի­ները փո­ղոցը փե­սացու չեն փնտռեր։

Բայց անոր փո­խարէն, մեր իրա­կանու­թիւնը ըն­դունե­լու տեղ, մենք կը շա­րու­նա­կենք երազ­ներ փայ­փա­յել մե­զի որ­պէս ողոր­մութիւն շպրտո­ւած տար­բեր փաս­տա­թուղթե­րու շլա­ցու­ցիչ փայլքե­րուն տակ։ Մենք կը սպա­սենք, որ թուրքե­րը իրենք իրենց կամ­քով Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նը մե­զի մա­տու­ցեն, բայց մենք ինքնին կը կորսնցնենք Ար­ցա­խը։ Մենք չենք կա­րողա­նար նոյ­նիսկ եղա­ծը պահ­պա­նել, ալ ուր մնաց նոր յա­ջողու­թիւններ նո­ւաճենք։ Որով­հե­տեւ Ձա­խորդ Փա­նոսն ու Ան­խելք Մար­դը մենք ենք։ Որով­հե­տեւ երբ մեր շուրջը իրա­կանու­թիւնը աւե­լի է սաստկա­նայ ու կը բոր­բո­քի, երբ միւս բո­լորը կ’ընեն հնա­րաւորն ու անհնա­րը սե­փական շա­հու հա­մար, մենք կը փա­կենք մեր աչ­քե­րը, կը ծա­լենք ձեռքներ­նիս ու նստած կը սպա­սենք, կը սպա­սենք, կը սպա­սենք...

Յա­ջոր­դին, երբ որե­ւէ մէ­կը ու­զէ ծի­ծաղիլ Ան­խելք Մար­դուն ու Ձա­խորդ Փա­նոսին վրայ, թող նաեւ հա­յելիին նա­յի։ Հոն ան կը տես­նէ թէ՛ մէ­կը, թէ՛ միւ­սը։

Իսկ եթէ «կա­թիլ մը մեղ­րը» մե­զի հա­մար վա­ղուց կեն­սա­կերպ դար­ձած է, երբ պատ­րաստ ենք ազ­գո­վին զի­րար յօ­շոտել չնչին բա­ներու հա­մար ու նո­րէն երա­զելը շա­րու­նա­կել։

Բայց այսպէս մին­չեւ ե՞րբ։ Դեռ որ­քա՞ն կը բա­ւէ հա­ւաքա­կան մեր ան­մա­հու­թիւնը՝ դի­մանա­լու մեր սխալ­նե­րուն ու անմտու­թեան։

Չէ՞ որ աշ­խարհի մէջ ամէն բան իր վեր­ջը ու­նի։ Այդ եւս պէտք է յի­շել։ Իսկ այդ վեր­ջը ամե­նեւին ալ զո­ւար­ճա­լի չէ։

(Տար­բե­րակ21)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ