Նախագահ Էրտողանի թագադրութիւնը թագաւորական կարգով

24Յու­­նի­­­սի նա­­խագա­­հական եւ խորհրդա­­րանի ընտրու­­թիւննե­­րը սո­­վորա­­կան եւ հեր­­թա­­­կան ընտրու­­թիւննե­­րէ շատ աւե­­լի տար­­բեր իմաստ ու­­նէին, քա­­նի որ այդ ընտրու­­թիւնով կա­­րեւոր շե­­ղում մը կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւի Թուրքիոյ հան­­րա­­­պետու­­թեան հիմ­­նադրու­­մէն այս կողմ որ­­դեգրո­­ւած վար­­չա­­­ձեւի մէջ։ Թուրքիա 1923 թո­­ւին, երբ ամ­­բողջ աշ­­խարհին յայ­­տա­­­րարեց երկրի նոր վար­­չա­­­ձեւը, որ­­պէս հան­­րա­­­պետու­­թիւն այդ պա­­հէն սկսեալ Խորհրդա­­րանը ու­­նե­­­ցաւ ժո­­ղովրդին ձայ­­նե­­­րու ցո­­լացած ամ­­պիոնը ըլ­­լա­­­լու յա­­ւակ­­նութիւ­­նը։ Իսկ ներ­­կայ դրու­­թիւնով կար­­ծես ժո­­ղովուրդը իր ձայ­­նե­­­րը փո­­խան­­ցած ըլ­­լայ մե­­նատէ­­րի մը, որ մէկ կող­­մէն պի­­տի վա­­յելէ հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հի կո­­չում եւ իրա­­ւասու­­թիւններ, բայց միւս կող­­մէ պի­­տի ցու­­ցա­­­բերէ թա­­գաւո­­րու­­թեան շրջա­­նի յա­­տուկ զա­­նազան երե­­ւոյթներ։ Ար­­դա­­­րեւ նա­­խագա­­հի երդման արա­­րողու­­թիւնը ար­­դա­­­րացուց այս տպա­­ւորու­­թիւնը, քա­­նի որ արա­­րողա­­կար­­գը ան­­ցաւ ամ­­բողջո­­վին թա­­գաւո­­րու­­թեան շրջա­­նին հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նող ձե­­ւակեր­­պութիւննե­­րով։ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ թա­­գաւո­­րական փո­­ղերա­­խումբով, շնոր­­հեց նոր մե­­տաղեայ դրամ­­ներ բո­­լոր մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն եւ այդ տրա­­մադ­­րութիւննե­­րու մէջ ստա­­ցաւ շնոր­­հա­­­ւորու­­թիւննե­­րը։ Ստեղ­­ծո­­­ւած մթնո­­լոր­­տին լրիւ հա­­մապա­­տաս­­խան եղա­­նակով ալ երկրի փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը փու­­թա­­­ցին իրենց շնոր­­հա­­­ւորան­­քը յայտնե­­լու նոր գա­­հակա­­լին։ Այստեղ ու­­շագրաւ էր Հայ Առա­­քելա­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ անու­­նով Սա­­հակ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Մա­­շալեանի եւ Հայ Կա­­թողի­­կէ հա­­մայնքի վի­­ճակա­­ւոր ար­­հիապա­­տիւ Հայր Լե­­ւոն Զէ­­քիեանի ու­­ղերձնե­­րը։ Եր­­կու առաջ­­նորդներն ալ յա­­տուկ կեր­­պով կ՚ընդգծէին նա­­խագա­­հի ար­­քա­­­յական իշ­­խա­­­նու­­թիւնը եւ օրի­­նակ­­ներ կը թո­­ւէին ան­­ցեալի բա­­րեխ­­նամ թա­­գաւոր­­նե­­­րու վար­­քե­­­րէն։ Այս դի­­տելով կա­­րելի է ըսել, թէ եկե­­ղեցա­­կան­­նե­­­րը ար­­դէն նկա­­տած են Էր­­տո­­­ղանի հա­­կումնե­­րը եւ կ՚ու­­զեն այդ հա­­կումնե­­րը շեշ­­տե­­­լով գո­­հացում տալ իր ակնկա­­լու­­թիւննե­­րուն։ Միւս կող­­մէ սա­­կայն կ՚ար­­ժէ յի­­շել, թէ պատ­­կե­­­րը խիստ մտա­­հոգիչ է բո­­լոր անոնց հա­­մար, որոնք հա­­մոզո­­ւած էին, թէ Հան­­րա­­­պետա­­կան Թուրքիոյ մէջ այ­­լեւս շրջան­­ցո­­­ւած է Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան բար­­քե­­­րը եւ Թուրքիա որ­­դեգրած ժա­­մանա­­կակից ար­­դի քա­­ղաքա­­կանու­­թեան թե­­լադ­­րած վար­­չա­­­ձեւը։ Պէտք է նշել, որ Սա­­հակ եպս. Մա­­շալեան իր շնոր­­հա­­­ւորու­­թեան նա­­մակին մէջ կը զգու­­շացնէ նաեւ նո­­րըն­­տիր նա­­խագա­­հը երկրի բո­­լոր ժո­­ղովուրդնե­­րու հան­­դէպ ար­­դար եւ օրի­­նաւոր ըլ­­լա­­­լու խնդրին մէջ։ Ան բաց սիր­­տով կը պար­­զէ, թէ հան­­րա­­­պետու­­թեան շրջա­­նին կա­­ռավա­­րու­­թիւննե­­րը դի­­տումնա­­ւոր կեր­­պով խո­­չըն­­դո­­­տած են փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու զար­­գա­­­ցու­­մին ծա­­ռայող բո­­լոր գոր­­ծե­­­րը։ Ձե­­ւով մը ու­­զած են անոնց թի­­ւը նո­­ւազեց­­նել երկրի մէջ եւ նոյ­­նիսկ հասցնել վերջնա­­կէտին։ Այս դի­­տել տա­­լով Մա­­շալեան սրբա­­զան մտա­­հոգու­­թիւն կը յայտնէ երկրի երի­­տասարդնե­­րուն երկրէն հե­­ռանա­­լու ցան­­կութեան եւ կը պա­­հան­­ջէ, որ նո­­րըն­­տիր նա­­խագա­­հը սա­­տար հան­­դի­­­սանայ երկրի ժո­­ղովուրդնե­­րու մի­­ջեւ հա­­ւասա­­րու­­թեան հաս­­տատման։

Նշենք, որ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու կրօ­­նական պե­­տերը ներ­­կայ գտնո­­ւած էին նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի գա­­հակա­­լու­­թեան, բայց եւ այնպէս Հայր Լե­­ւոն Զէ­­քիեան առող­­ջա­­­կան ար­­գելքնե­­րով չէր կրցած Ան­­գա­­­րա ժա­­մանել, իսկ Արամ արք. Աթէ­­շեան, Յու­­նաց Բար­­թո­­­ղոմէոս Տիեզե­­րական պատ­­րիար­­քը, րա­­բու­­նա­­­պետը եւ քրիս­­տո­­­նեայ եկե­­ղեցի­­ներու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ ըն­­դա­­­ռաջե­­լով կա­­տարո­­ւած հրա­­ւէրին տեղ գրա­­ւած էին Պեշ­­թե­­­փէի պալատին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ