Հրանդ Տինք եւ Կիւլպէնկեան հիմնարկներու համագործակցութեամբ կայացող արեւմտահայերէնի դասընթացքներու ամառնային երկրորդ փուլը կը մեկնարկէ 16 Յուլիսին։ Ծրագրուած է հինգ շաբաթներու տեւողութեամբ շաբաթուայ հինգ օրերուն երեք ժամերով հայերէնի դասաւանդումը։ Սարին Աքպաշի կողմէ ուսուցանելի այս ծրագրի աւարտին մասնակիցներ պիտի տիրապետեն հայերէն այբուբենի տառերուն եւ պիտի կարենան առօրեայ խօսակցութեան նախադասութիւններ կազմել։ Արձանագրութիւններու եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել info@hrantdink.org համացանցի կայքէջին։