Կը լսուին վկաները

«Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ հրատարակութեան տնօրէն Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի իրարայաջորդ նիստերով։ 10 եւ 11 Յուլիսի նիստերուն դատարանը դիմեց դէպքի հետ առնչուած անձերու վկայութեան։ Այդ վկայութիւններու մէջ թէեւ կային խիստ ուշագրաւ արտայայտութիւններ, որոնք նախապէս ալ օրակարգի եկած էին։ Այս անգամ դատարանը հարցումներ ուղղեց Տինքի բնակած շէնքի դռնապանին։ Դռնապանը յայտնեց, որ երկու անձեր եկած եւ Տինքը հարցուցած են։ Ինք ըսած է, թէ Հրանդ Տինք այդ պահուն արտասահման կը գտնուի։ Դռնապանը եկողներուն հարցուցած է, որ ո՞վ են եւ անոնք ալ բաճկոնին տակ պահած ատրճանակը ցոյց տալով ըսած են, թէ ոստիկան են։ «Ինծի խորհուրդ տուին, որ զգուշացնեմ Հրանդ Տինքը, որպէսզի աւելի զգոյշ ըլլայ։ Արտասահմանէն վերադարձին իրեն պատմեցի այս դէպքը, բայց Հրանդ ըսաւ, որ ես չխառնուիմ այս խնդիրներուն»։ Վկայութիւններ բերողներէն մէկն էր նաեւ Ճոշկուն Իղճի, որ նախապէս ալ բազում անգամներ հարցաքննուած էր Հրանդ Տինքի ոճիրին կապակցութեամբ։

Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ 12 Յուլիս հինգշաբթի օր։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ