Ծննդեան թուականս յայտնի չէ։ Զիս կարելի է «տարիքոտ» նկատել, քանզի հայոց գրական ժառանգութենէն ներս ունիմ բարեպատիւ անցեալ մը։ Առաւելաբար, բարեպտուղ բաղադրիչը եղած եմ մայրենիին։ Իմ ոգին մինչեւ Ե. դար, ազատօրէն շրջած է հայկական լեռնաշխարհի վրայ, բարեպաշտ հայ ժողովուրդի մէջ։ Բնաւորութի՞ւնս... Ըստ բառարաններու, հեզ, լաւ, ազնիւ, անվնաս, նպաստաւոր, նաեւ՝ համբերատար, հանդուրժող, համակերպող, կարեկցող, առաքինի, միամիտ ու չափազանց ծառայասէր։ Կը ներէք, մոռցայ ինքզինքս ծանօթացնել։ Անունս «բարի» է, հասարակ անուն մը հայոց լեզուի։ Լեզուաբանական արմատներս յստակ են. բնութիւն եւ բնաւորութիւն։ Բուն անունս «բարք» է։ «Ի» ձայնաւորը ընդունած եմ ածանցաւորումի համար, ինչպէս՝ «աղի», «լեղի», «արի», «երկսայրի» եւ «երկը դիմի»։
Հայու մը օրը ինձմով կը ծագի, կը բարձրանայ, ապա կը մտնէ մայր ու վերջապէս կը հասնի իր հանգիստին։ Ձեր շրթները քանի՞ անգամ կ՚ըսեն «բարի լոյս», «բարի օր», «բարի կէսօր», «բարի երեկոյ», « գիշեր բարի», «Աստուծոյ բարին»։ Ինձմով է, որ կը բարեւէք նաեւ ձեր սեղան նստած ընկերները եւ ժամանող-մեկնող ճամբորդները. «բարի ախորժակ», «բարի գալուստ», «բարի ճանապարհ»։
441։ Ասիկա է թիւը այն բոլոր բառերուն, որոնք ինձմով կը սկսին։ (Երախտապարտ եմ հայոց լեզուին, որ ինծի տուած է աճելու բարենպաստ պայմաններ։) Փոքրիկ բառարան մը պէտք պիտի ըլլար բոլորը տեղադրելու համար։ Սակայն, կարելի է շարահիւսել առաւել պատկերալիցները։ Սկսինք բարեկամներով... Անկասկած ունիք բարութիւն սիրող, բարեբաշխ, բարեդէմ, բարեզարդ, բարեժպիտ, բարեմիտ, մշտաբարի եւ բարէազգի բարեկամներ։ Դուք կ՚աղօթէք բարեբաստիկ եւ բարեկեցիկ օրերու համար։ Անպայման ունեցած էք նաեւ բարեհամբոյր, բարեյորդոր, բարիօրինակ եւ բարիասաց ուսուցիչներ։ Վերջապէս, գեղեցիկ է տեսնել բարօր հայրենիք, ուր տեղի կ՚ունենան բարեփոխութիւններ եւ բարելաւումներ։ Ես ճկուն եմ, համակերպող։ Բնաւորութիւնս է։ Նկատեցի՞ք,թէ վերոյիշեալ բարի բառերը արտադրելու համար դարձած եմ «բարի», «բարե», «բարէ» եւ «բար»։
Աշխարհի վրայ Բարի մարդիկ կա՞ն։ Նկատի ունիմ անոնք, որոնց անունը Բարի է։ Հազուագիւտ։ Մինչեւ միջնադար չէ յիշուած մէկը, որ Բարի է։ Սակայն, ան գործածական է, արձանագրած է լեզուաբան Հ. Աճառեանը, Զանգեզուրի մէջ։ Կան նաեւ Բարիլոյսեր, Բարիխաթուններ, Բարիշահեր, Բարիփաշաներ եւ Բարիլոյսեաններ։ Յիշէնք նաեւ 20-րդ դարու ամենավերջին Բարին։ Կեսարացի Քարա Պօղոս Մանուկեանի որդի, Կիկի գիւղի բնիկ Բարին է ան, որ պսակուելու համար համբերեց, որ մեծ քաղաքէն շրջուն գահանայ գար, եւ ան, որ ունեցաւ երկու զաւակ՝ Ստեփան եւ Թագուհի։
Փառքի օրեր... Շատ ունեցայ։ Ոսկեդարէն սկսեալ։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը Հայր Աստուծոյ դիմելու համար ընտիր բառակապակցութիւն մը շինեց՝ «Նաւապետ բարի» ու զայն տեղադրեց շարականներու մէջ. «... Ծով մեղաց իմոց զիս ալեկոծէ... Նաւապետ բարի, շնորհեա՛ ինձ նաւահանգիստ, Հայր ամենակալ»։ «Նաւապետ բարի»ն, ի՛նչ հրաշք, մինչեւ այսօր կը գործածուի։ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գրիգոր Տղան, Ներսէս Շնորհալիի աւագ եղբօր Վասիլ Պահլաւունիի որդին, 1173 թուականն էր, գրեց օգտաշատ մէկ բանաստեղծութիւն, առաջին երկտողը՝ նուիրուած բարի խօսքին. «Ասացից բան մի յայտնի, որ օգտակար է, դու ի մի՛տ առ, սիրելի, քանզի բարի է»։ Լեւոն թագաւորը մեր, երրորդը, Հեթում առաջինի աւագ որդին, որ քսան տարեկանին տիրացաւ «ձիաւոր ասպետէ կոչումին, 1282 թուականին, այն օրերուն, երբ կը պատրաստուէր Եգիպտոսի սուլթանի հետ ստորագրել հաշտութեան պայմանագիր, գրի առաւ մէկ բանաստեղծութիւն «վասն յիշատակի եւ միաբանութեան» ու ազգին հայկազեան փափաքեցաւ «մնալ ի յերկրի կենօք ընդ երկայն աւուրս բարութեան»։
Ինծի համար ի՛նչ պատուաբեր օր էր, երբ վանահայր մը իր նոր անապատը անուանեց՝ «Բարիձորի վանք»։ Խիզան գաւառակի մէջ էր ասիկա, որ ունէր բարեբեր հողեր եւ բարեխառն կլիմայ։ Եւ հոն է, որ, ըստ յիշատակարաններու, 1421 թուականին, երկու հապէշ քահանաներ, առաջնորդուելով սուրբ հիգիէն, միածին որդիի սիրով եւ նախախնամութեանբ երկնաւոր Հօր, ելլելով իրենց երկրէն եկեր են հայոց երկիր ու հասեր են Խիզան, վանքի շրջակայքը։ Նահատակուեր են։ Այլազգներու ձեռքով։ Անոնց մարմինները ամփոփուեր են վանքի մէջ։ Ինչպէս չյիշատակեմ նաեւ Սեպուհ լերան լանջին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հրաշագործութեամբ բխած այն աղբիւրը, որ անուանուած էր «Բարեհամ աղբիւր»։ Դարանաղի գաւառի բնակիչները շատ անգամներ են հոն ուխտի ելած եւ անոր բարի ջուրը ըմպած, քանզի հոն էր նաեւ սուրբի ճգնարանը։
Բարեբեր տարի էր 1869 թուականը։ Այդ տարին ծնաւ բարի աչքեր ունեցող ամենաբարի բանաստեղծը, Յովհաննէս Թումանեանը։ Ամբողջ աշխարհին բարեւ տալու համար աշխարհ եկած էր կարծես։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ ան զիս առատօրէն օգտագործեց. «Բարի օր քեզ, ա՛յ խանութպան», «Աստուած բարի ճամբայ տայ… Գնաս բարով», «Եղել է ձեզ նման մի թագաւոր, ունեցել է երկու որդի, մինը բարի», «Հարի՛, հարի՛ խնոցի՛, մէջդ բարի խնոցի՛», «Աշխարհ լցուեց լոյսն ու բարին, լոյսն ու բարին անարատ», «Բարի աջողում, ուստա փիսօ, գլուխս մրսեց ի սէր Աստծոյ»։ Հայը ունեցաւ նաեւ մէկ այլ բարեպաշտ բանաստեղծ, բարեջան մշակին եւ հայրենի բարեբեր հողին երգիչը, Դանիէլ Վարուժանը։ Ան տեսաւ, որ բոլոր բարութիւնները կը ծնին արդար քրտինքէն. «Ակօսներուն մէջ անոնք խինդ կը ցանեն, եւ Աստուած իրենց ճակտին ակօսէն բարութիւններ կը հնձէ»։ Ան երգեց նաեւ հացին բարի երգը. «... Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի՝ սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ»։
Հրաժեշտ տալ երբ պէտք է, ականջ տուէք Վահան Տէրեանին եւ անոր «Հրաժեշտ»ին- «կազել» մը, որուն առաջին երկտողի զոյգ եւ մնացած վեց երկտողերու վերջնամասերը, հետեւելով արաբական եւ պարսկական օրինակներուն, կը կրկնուի. «...ասում եմ ես մնաք բարով»։ Առաւել յուզիչ է թոքախտէ տառապող այս զգայուն գրիչէն բխած վերջին տողը. «Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով, մնաք բարով»։ Իսկ, եթէ կ՚ուզէք երախտապարտ ըլլալ կեանքին եւ անոր բոլոր շնորհներուն, բացէք եւ ընթերցեցէք պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի 1971 թուակիր ժողովածուն՝ «Բարի երկինք»։ Բացէք նաեւ ձեր ձայնասփիւռը ու մեծ հաւանականութեանբ պիտի լսէք դասականացած երկու երգ, «Բարի լոյս տիկին Արուս» եւ ան, որ արագիլին նուիրուած է։ Բարի վայելում բոլորիդ...
«Բարով, արագիլ, բարի արագիլ,
Արագիլ գարնան, արագիլ ամրան,
Իմ տան մօտ ապրիր, բախտի արագիլ,
Բոյն հիւսիր ծառին,
Բարդու կատարին»։