Կենդանիների պաշտամունք. Փարուանայ թիթեռները

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Փարուանայ թիթեռ­­նե­­­րը ճրա­­գի շուրջը թռչկո­­տող թի­­թեռ­­նիկներն են։ Եր­­կու իրար նման աւան­­դազրոյց ու­­նենք, որ կը բա­­ցատ­­րեն, թէ ին­­չու այս թի­­թեռ­­նե­­­րը ճրա­­գի շուրջը կը պտը­­տին։

Կ՚ըսեն թէ օրէն մէ­­կը թի­­թեռ մը ճամ­­բայ կ՚ընկնէ դժոխք՝ Սա­­տանա­­յի աղջկայ ձեռ­­քը խնդրե­­լու։ Սա­­տանան պայ­­ման կը դնէ՝ անոր սիր­­տը ճրագ մը կ՚ու­­զէր։ Եւ թի­­թեռը կ՚եր­­թայ ճրա­­գը բե­­րելու։

Շու­­տով նա կը գտնէ իր փնտռած ճրա­­գը, կը պտտէ դրա շուրջը, բայց վերցնել չկա­­րողա­­նալով՝ կ՚ընկնէ ճրա­­գի մէջ եւ կ՚այ­­րո­­­ւի։ Այդ օրէն ի վեր թի­­թեռ­­նե­­­րը կը պտտին ճրա­­գի շուրջը՝ այդպէս ալ չկա­­րողա­­նալով տի­­րանալ դրան։

Ու­­րիշ աւան­­դութեան մէջ սա­­տանա­­յի փո­­խարէն ար­­դէն ար­­քա­­­յի անու­­նը կը տես­­նինք։

Հա­­զար-հա­­զար տա­­րիներ ու օրեր առաջ Փա­­րուա­­նայ լճի վայ­­րում՝ հա­­յոց Ջա­­ւախք աշ­­խարհում՝ Աբուլ ու Մը­­թին սա­­րերի ու­­սե­­­րին՝ Փա­­րուա­­նայ ճեր­­մակ ամ­­րո­­­ցում կ՚ապ­­րէին Փա­­րուա­­նայ թա­­գաւորն ու նրա չքնաղ դուստրը։ Այս աւան­­դազրոյ­­ցը ան­­մա­­­հացած է նաեւ Յովհ. Թու­­մա­­­նեանի ջերմ գրչով։

«Ասում են՝ էն­­տեղ ար­­ծո­­­ւի նման,

Ծիծ­­ղուն, կա­­պու­­տակ երկնքի ծո­­ցում,

Նստում էր էն սէգ սա­­րերի ար­­քան

Իրեն Փա­­րուա­­նայ ճեր­­մակ ամ­­րո­­­ցում»։

Ահա երբ կը հաս­­նի դստերն ամուսնաց­­նե­­­լու ժա­­մանա­­կը, թա­­գաւո­­րը դես­­պաններ կ՚ու­­ղարկէ աշ­­խարհի չորս ծայ­­րե­­­րը.

«Որ­­տե՞ղ է, ասաւ, էն քա­­ջը, թէ կայ,

Իմ չնաշ­­խարհիկ դստերն ար­­ժա­­­նի,

Թող առ­­նի իր ձին, իր զէնքն ու զրահ,

Գա՜յ, ցոյց տայ իրեն, իր բախ­­տը տա­­նի...»

Այս կո­­չին ի պա­­տաս­­խան Փա­­րուա­­նայ ամ­­րո­­­ցի շուրջը կը հա­­ւաքո­­ւին Կով­­կա­­­սի բո­­լոր պա­­տուա­­ւոր քա­­ջերը՝ «հա­­գած, կա­­պած զէնք ու զրահ, ձիանք հե­­ծած ամե­­հի»։

Սա­­կայն երբ թա­­գաւո­­րը նշան կ՚ընէ, որ կտրիճ­­նե­­­րը սկսեն իրենց պայ­­քա­­­րը, առաջ կու գայ դուստրը եւ կը յայտնէ ի լուր նրանց, թէ այս պայ­­քա­­­րի ար­­դիւնքում ով էլ յաղ­­թի, միեւ­­նոյն է՝ չի տի­­րանայ իր սրտին։ Չէր ու­­զեր սիր­­տը ար­­քա­­­յադստեր ոս­­կի ար­­ծաթ եւ նոյն իսկ աստղե­­րը երկնքի։ Ան­­շէջ հու­­րը կը տեն­­չար ան, եւ ան­­շէջ հու­­րը բե­­րողին կը խոս­­տա­­­նար իր սիր­­տը։

Այս որ լսե­­ցին քաջ կտրիճ­­նե­­­րը, իս­­կոյն եւեթ հե­­ծան իրենց ձիան­­քը, «թռան հապ­­ճեպ դէ­­պի չորս կողմն աշ­­խարհի»։

Կեան­­քը կը հո­­սէր, սա­­կայն կտրիճ­­նե­­­րը հետ չէին դառ­­նար

«Կռիւ­­նե­­­րով արիւ­­նը­­­ռուշտ

Լիքն է ճամ­­բեն քա­­ջերի։

Ո՜վ իմա­­նայ, պէտք է անցնեն

Մութ աշ­­խարհքից, սեւ ջրից.

Ո՜վ իմա­­նայ, պէտք է փախցնեն

Եօթ գլխա­­նի դե­­ւերից»։

Այսպէս օրը կը յա­­ջոր­­դէր օրո­­ւան, տա­­րին՝ տա­­րուայն, բայց քաջ աս­­պետնե­­րէն ոչ մէ­­կը ետ չէր գար։ Թա­­գաւո­­րի դուստրը կը նա­­յէր հե­­ռու մօ­­տիկ սա­­րերին, ճամ­­բա­­­ներին, բայց ոչ մի լուր։

Թա­­խիծը կը պա­­տէ նրա սիր­­տը, եւ նա կու լայ, շատ կու լայ։ Այնքան կու լայ, որ ար­­ցունքնե­­րը ծով կը դառ­­նան, իր մէջ կը խոր­­տա­­­կեն իրեն ալ, ար­­քա­­­յին ալ, ճեր­­մակ ամ­­րոցն ալ՝ իւր քա­­ղաքով։

«Այժմ էն­­տեղ տրտմա­­շուք

Խոր Փա­­րուա­­նայ լիճն է ծփում,

Յստա՜կ, ինչպէս ար­­տա­­­սուք»։

Մինչ օրս մար­­դիկ ցոյց կու տան Փա­­րուա­­նայի ջրե­­րի տակ ծեր ար­­քա­­­յի ամ­­րոցն ու փա­­ռաւոր շէն­­քե­­­րը։

Իսկ կտրիճ­­նե­­­րը, կ՚ըսեն, թէ թեւ են առել թի­­թեռ դար­­ձել եւ մինչ օրս գի­­շերուայ խա­­ւարում հէնց ճրագ կամ կրակ կը տես­­նին, կը հա­­ւաքո­­ւին շուրջը եւ կը պտը­­տին իրենց խե­­լագար պա­­րը։

«Ասում են, թէ էն Փա­­րուա­­նայ

Ճա­­հիլ­­ներն են սի­­րավառ։

Շտա­­պելուց թեւ են առել,

Դար­­ձել թե­­թեւ թի­­թեռ­­ներ,

Ու տա­­կաւին հուր տես­­նե­­­լիս՝

Մէջն են ընկնում ան­­համբեր.

Ջանք է անում ամէն մի­­նը,

Շու­­տով տա­­նի, տի­­րանայ…

Ու այրւում են, այ­­րո­­­ւո՜ւմ ան­­վերջ

Կտրիճ­­նե­­­րը Փարուանայ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ