Հայաստան-Թուրքիա Շարժանկարի հարթակը սկսած է 2018-ի յայտերի ընդունման

«Ոսկէ ծիրան» կի­­նոյի զար­­գացման ֆոն­­դի եւ «Անա­­տոլու Քիւլթիւր» հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութեան կող­­մէ 2009-ին հիմ­­նադրո­­ւած Հա­­յաս­­տան- Թուրքիա կի­­նօփ­­լաթֆոր­­մը կ՚աջակ­­ցի Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Թուրքիոյ մի­­ջեւ հա­­մատեղ կի­­նօար­­տադրու­­թեան կա­­յաց­­ման։ Հար­­թա­­­կը կը ծա­­ռայէ որ­­պէս աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին միաւո­­րում եր­­կու երկրնե­­րու կի­­նոյի մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րուն հա­­մար: ATCP-ն ուղղո­­ւած է ազ­­գա­­­միջեան բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի մշա­­կու­­թա­­­յին հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան, փո­­խանակ­­ման, մաս­­նա­­­գիտա­­կան դա­­սըն­­թացնե­­րու կազ­­մա­­­կերպման ու գի­­տելի­­քի տա­­րած­­ման: Սկզբնա­­ւոր­­ման օրո­­ւանէն ATCP-ի շրջա­­նակ­­նե­­­րու մէջ 24 կար­­ճա­­­մեթ­­րաժ Ֆիլմ եւ վա­­ւերագ­­րա­­­կան կի­­նօնա­­խագիծ իրա­­կանա­­ցուած է, եղած է աւե­­լի քան 270 միջ­­պե­­­տական այ­­ցե­­­լու­­թիւն, պատ­­րաստո­­ւած եւ ներ­­կա­­­յացո­­ւած է առա­­ջին հայ-թուրքա­­կան կի­­նօալ­­մա­­­նախը: Այ­­սօր ATCP-ն եր­­կու երկրնե­­րէն աւե­­լի քան 270 մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու լիար­­ժէք մաս­­նա­­­գիտա­­կան ցանց է, որու ֆիլ­­մե­­­րը ցու­­ցադրուած են բազ­­մա­­­թիւ կի­­նօփա­­ռատօնե­­­րուն եւ մշա­­կու­­թա­­­յին կեդ­­րոննե­­րուն, ձեռք բե­­րած լայն հան­­դի­­­սատես ողջ աշ­­խարհի մէջ:

2018թ. Հա­­յաս­­տան- Թուրքիա կի­­նօփ­­լաթֆոր­­մը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ Երե­­ւանի մէջ Յու­­լի­­­սի 10-11-ին: Մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու խումբը կ՚ընտրէ 5 նա­­խագիծ Հա­­յաս­­տա­­­նէն եւ Թուրքիայէն (կամ եր­­կու երկրնե­­րու սփիւռքէն): Աշ­­խա­­­տարա­­նի աւար­­տին լա­­ւագոյն նա­­խագի­­ծը կ՚ար­­ժա­­­նանայ 7.000 եւ­­րօ մրցա­­նակի:

Մաս­­նակցու­­թեան չա­­փանիշ­­ներ եւ կա­­նոնա­­կարգ.

Մաս­­նակցու­­թեան են­­թա­­­կայ են կար­­ճա­­­մեթ­­րաժ եւ վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մե­­­րը Նկա­­րահա­­նող խումբը պէտք է ընդգրկէ մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու թէ՛ Հա­­յաս­­տա­­­նէն, թէ՛ Թուրքիայէն, ֆիլ­­մը պէտք է հա­­մատեղ ար­­տադրու­­թիւն ըլ­­լայ եր­­կու երկրնե­­րու մի­­ջեւ: Հա­­մատեղ ար­­տադրու­­թեան չա­­փաբա­­ժին­­նե­­­րու ման­­րա­­­մաս­­նե­­­րուն ծա­­նօթա­­նալու հա­­մար այ­­ցե­­­լեցէք ծրագ­­րի պաշ­­տօ­­­նական կայ­­քի Ֆիլ­­մարտադ­­րութիւն բա­­ժինը:

ATCP-ն հո­­գալու է իւ­­րա­­­քան­­չիւր նա­­խագ­­ծի միայն մէկ ներ­­կա­­­յացուցչի (պրոդ­­յուսեր/հա­­մա-պրոդ­­յուսեր կամ ռե­­ժիսոր) ճա­­նապար­­հա­­­ծախ­­սը եւ կե­­ցու­­թիւնը Երե­­ւանի մէջ։

Ծրագ­­րի աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին լե­­զուն անգլե­­րէնն է: Ծրագ­­րե­­­րու ներ­­կա­­­յաց­­ման ժա­­մանակ անհրա­­ժեշ­­տութեան դէպ­­քին կա­­րող է թարգմա­­նիչ տրա­­մադ­­րել, սա­­կայն ընդհա­­նուր աշ­­խա­­­տարա­­նը թարգմա­­նու­­թեամբ չի ու­­ղեկցիր:

Մրցա­­նակա­­կիր ֆիլ­­մի նկա­­րահա­­նումնե­­րը պէտք է աւար­­տո­­­ւած ըլ­­լան մին­­չեւ 2019-ի Սեպ­­տեմբեր։ ATCP-ի մաս­­նա­­­կից ֆիլ­­մե­­­րը պէտք է մա­­կագ­­րե­­­րու մէջ նշեն փլաթ­­ֆորմի մէջ իրենց մաս­­նակցու­­թեան մա­­սին:

Յայ­­տե­­­րի ըն­­դունման վերջնա­­ժամ­­կէ­­­տը 2018թ. Յու­­նի­­­սի 24-ն է: Ընտրո­­ւած նա­­խագ­­ծե­­­րու հե­­ղինակ­­նե­­­րը կը տե­­ղեկա­­ցուին 2018թ. Յու­­նի­­­սի 30-ին: Այս մի­­ջոցա­­ռու­­մը կ՚իրա­­կանա­­ցուի «Աջակ­­ցություն Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա կար­­գա­­­ւոր­­ման գոր­­ծընթա­­ց» ծրագ­­րի շրջա­­նակ­­նե­­­րուն` Եւ­­րո­­­պական միու­­թեան եւ Շվե­­դիայի ար­­տա­­­քին գոր­­ծե­­­րու Նա­­խարա­­րու­­թեան ֆի­­նան­­սա­­­կան աջակ­­ցութիւնով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ