Լուսարձակի տակ են Եգիպտոսը, Սուտանը, Եթովպիան

Մայիս ամ­սու վեր­ջին օրե­րուն 29 եւ 30 Մա­­յիսին Պէյ­­րութի մէջ կը կա­­յանայ «Եգիպ­­տո­­­սի, Սու­­տա­­­նի եւ Եթով­­պիոյ հա­­յերը» վեր­­նագրեալ գի­­տաժո­­ղով մը։ Պէյ­­րութի Հայ­­կա­­­զեան հա­­մալ­­սա­­­րանի նա­­խաձեռ­­նութեամբ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած սոյն գի­­տաժո­­ղովին իրենց զե­­կոյցնե­­րով կը մաս­­նակցին բազ­­մա­­­թիւ ակա­­դեմա­­կան­­ներ։ Այդ զե­­կոյցնե­­րը կը քննար­­կեն տո­ւեալ հա­­մայնքնե­­րու պատ­­մա­­­կան հսկայ ան­­ցեալը մերթ նիւթ ու­­նե­­­նալով տպագ­­րութեան եւ մա­­մու­­լի աշ­­խարհը, մերթ որ­­բա­­­նոց­­նե­­­րու կամ նման մար­­դա­­­սիրա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու պատ­­մութիւ­­նը, մերթ ալ արա­­բախօս հա­­յերու հիւ­­սած գրա­­կանու­­թիւնը։

Պատ­­մա­­­կան ան­­ցեալը ու­­սումնա­­սիրող այդ զե­­կոյցնե­­րու կող­­քին կան նաեւ տո­ւեալ եր­­կիրնե­­րու եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի մեր ժա­­մանակ­­նե­­­րու միջ­­պե­­­տական յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը ու­­սումնա­­սիրող բա­­նախօ­­սու­­թիւններ։ Որ­­պէս օրի­­նակ­­ներ նշենք Հայկ Աւա­­գեանի «Եգիպ­­տո­­­սի սի­­նեմա­­յի եւ թատ­­րո­­­նի հայ դե­­րասան­­նե­­­րը. Ինքնու­­թեան խնդիր­­ներ», Տիգ­­րան Ղա­­նալա­­նեանի «Հա­­յերի ար­­տա­­­գաղ­­թը Եգիպ­­տո­­­սից 1950-70-ական­­նե­­­րին», Վլա­­տիմիր Պօ­­ղոսեանի «Սփիւռքա­­հայու­­թեան հետ մշա­­կու­­թա­­­յին կա­­պի կո­­միտեն եւ եգիպ­­տա­­­հայու­­թիւնը (1964-90)»։

Հայ­­կա­­­զեան հա­­մալ­­սա­­­րանի հայ­­կա­­­կան սփիւռքի ու­­սումնա­­սիրու­­թեան կեդ­­րո­­­նի տնօ­­րէն դոկտ. Անդրա­­նիկ Տա­­գեսեան շատ կա­­րեւոր ներդրում ու­­նե­­­ցած է այս ծա­­ւալուն ծրագ­­րին գոր­­ծադրման մէջ։ Ար­­դա­­­րեւ Հայ­­կա­­­զեան հա­­մալ­­սա­­­րանի նա­­խագահ վե­­րապա­­տուե­­լի Փոլ Հայ­­տոսթեանի եւ Եգիպ­­տո­­­սի հա­­յոց առաջ­­նորդ Աշոտ եպիս­­կո­­­պոս Մնա­­ցակա­­նեանի կող­­քին ինք է, որ կը կա­­տարէ օրո­­ւան հան­­դի­­­սաւոր բա­­ցու­­մը։ Ան­­շուշտ, որ նման բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ գի­­տաժո­­ղովը խիստ շա­­հեկան է բո­­լոր անոնց հա­­մար, որոնք հե­­տաքրքրո­­ւած են հա­­յոց սփիւռքի կազ­­մութեան ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րով։ Այս հանգրո­­ւանին կը մնայ յու­­սալ, թէ այս ար­­դիւնա­­ւէտ նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նը շու­­տա­­­փոյթ կեր­­պով ու­­նե­­­նայ նաեւ իր յու­­շա­­­մատեանը, ուր տե­­ղադ­­րո­­­ւած կը գտնենք բո­­լոր այն զե­­կոյցնե­­րը, որոնք ար­­տա­­­սանո­­ւած պի­­տի ըլ­­լան այդ օրե­­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ